Որսորդները Ձիւնին Վրայ

Որսորդները ձիւնին վրայ (հոլ.՝ Jagers in de Sneeuw, Անգլ.՝The Hunters in the Snow ), ֆլամանտացի նկարիչ Փիթըր Պրէյկըլ Մեծի (Pieter Bruegel the Elder) 1565-ին գծուած գեղանկարն է։ Նկարուած է իւղաներկով փայտի վրայ։ Նկարիչին «Տասներկու ամիսներ» շարքէն պահպանուած վեց ստեղծագործութիւններէն մէկն է։ Այժմ կը գտնուի Վիեննայի արուեստի պատմութեան թանգարանին մէջ[1]։

Որսորդները ձիւնին վրայ

Ստեղծագործութեան բնոյթը

Խմբագրել

Նկարին վերի աջ անկիւնը գծուած են ծառերու մերկ ճիւղեր։ Այդ ճիւղերը կարծես սեւ սարդոստայններ են եւ շատ գեղեցիկ համադրուած երկինքին հետ։ Ձիւնը, որ իջած է ճիւղերուն վրայ, նկարիչին առիթ կու տայ նկարին հաղորդել հետաքրքրական փայլք մը, իսկ ճիւղերուն վրա նստած ճնճղուկները ոչ միայն կը կենդանացնեն ձիւնը, այլեւ ներդաշնակութիւն մը կը ստեղծեն։ Վարի մասը՝ սառոյցին վրայ, կ'երեւին մարդոց փոքր պատկերներ, որոնք զբաղած են դահոյկով, միւսները՝ խաղերով։ Պանդոկին ելքին վերը թուղթ մը կախուած է, ուր նկարուած է ծնկաչոք մարդ մը։ Թերեւս անիկա Ս. Հուպերթսն (Hubertus) է՝ որսորդներու հովանաւորը։ Այս մանրամասնութիւնը կը յիշեցնէ, որ ամէնօրեայ գործերէն բացի պէտք չէ մոռնալ քրիստոնէական պարտականութիւնները։ Հեռուն` սարերուն ձիւնածածկ բարձունքներուն վրայ, նկարիչը կ'առաջարկէ դիտել լանջերը, ուր բարձրացած են որսորդները։ Տան մօտակայքը կրակ վառած է, որու վրայ խոզ կը խորովեն։ Նկարուած է տաք կրակը թռչող, կարմրաւուն եւ ոսկեգոյն կայծերով։ Նկարին ամբողջութիւնը կը կազմեն կեդրոնը ծառերու մէջէն երեւցող որսորդներն ու իրենց շուները։ Շուները նոյնիսկ հոս՝ անտառէն դուրս, ագահաբար կը հոտոտան։ Վարը գծուած են ձիւնածածկ տուներ։[2]։

Որսորդներ

Խմբագրել

Նիզակներով եւ շուներու օգնութեամբ կ'որսային ոչ միայն վայրի թռչուններ եւ փոքր անասուններ, այլեւ վարազ, եղջերու եւ արջ, բայց նկարին մէջ օրուան որսը աղուէս է։ Միջնադարուն որսի եղանակը յաճախ Դեկտեմբեր եւ Յունուար ամիսներուն կը զուգադիպի:

Խարոյկ

Խմբագրել

Գիւղացիները խարոյկ վառած են եւ խոզի միս կը խորովեն։ Այս բանով սովորաբար կը զբաղէին Դեկտեմբերին։ Նոյեմբերին խոզերը լաւ կերակրելէ ետք, Դեկտեմբերին կը մորթէին եւ կը խորովէին[3]։

«Տասներկու ամիսներ» շարքը

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Որսորդները ձիւնին վրայ ստեղծագործութիւնը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-09-22-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-27 
  2. Kemp Martin (December 2008)։ «Looking at the face of the Earth»։ Nature 456 (18): 876։ doi:10.1038/456876a  (անգլերէն)
  3. Որսորդները ձիւնին վրայ