Դեկտեմբեր 11-ին Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանը ընտրուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց նոր Պատրիարք ստանալով 119 կարելի քուէներէ 102-ը: Յուլիս 2019-ին, Սահակ եպիսկոպոսը, որպէս Պատրիարքական տեղապահ ընտրուած էր Պատրիարք Տէր Մեսրոպ Բ. Մութաֆեանի մահուամբ Նուիրապետական Աթոռի թափուր մնալու պատճառով։
Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային վիճակագրական ծառայութեան, Հայաստանի բնակչութեան թուաքանակը 1990 թուականէն մինչեւ 2019 թուականի տարեսկիզբը աստիճանաբար նուազած է կազմելով մտահոգիչ երեւոյթ: Եթէ 1992 թուականի տարեսկիզբին Հայաստանի մշտական բնակչութեան թիւը կազմած էր 3,633,300, ապա արդէն 2016 թուականէն սկսեալ թիւը 3 միլիոնի շեմէն վար իջած է արդէն հասնելով 2,998,600 մարդու:
Այս տարի կը սկսին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի տակ գտնուող պատմական շերտի բացման եւ այն թանգարանային հատուածի վերածելու աշխատանքները հրապարակը դառցնելու շատ աւելի տեսարժան վայր: Հին Երեւան քաղաքը վերականգնելու այլ նոր հնարաւորութիւններ եւս կը քննարկուին մասնագէտներու կողմէ:
Հայաստանի «Հիւսիս-Հարաւ» շինարարական ծրագրի մեկնարկէն 6 տարի անց ճանապարհի միայն մէկ հատուածը պատրաստ է՝ բաժին թիւ մէկը: Անոր երկարութիւնը 31 քիլոմեթր է: Վերջին 6 տարին աւելի քան 550 քիլոմեթր ճանապարհէն միայն այդ հատուածը շահագործման յանձնուած է: Այս ժամանակահատուածին պէտք է աւարտած ըլլար ամբողջ ճանապարհի շինարարութիւնը:
Իրանահայ երգիչ Էնտի Մատատեանը իր աստղը պիտի ունենայ Հոլիվուտի «Համբաւի Ճեմուղի»ին վրայ՝ դառնալով առաջին իրանցի արուեստագէտը, որ կ՛արժանանայ այդ պատիւին:
21 Յունուար 2020-ին Լիբանանի նոր նշանակուած վարչապետ Հասսան Տիապ կազմեց իր կառավարութիւնը: Նոր կառավարութեան կազմը կ՜ընդգրկէ հայազգի Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը որ պիտի ծառայէ որպէս Լիբանանի Երիտասարդութեան ու Մարմնակրթութեան Նախարար: