Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/01-2022

  • Իրանի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Պուշեհր նաւահանգստային քաղաքին մէջ հայկական եկեղեցի մը վերանորոգուած է: Տեղւոյն իշխանութիւնը կը նախատեսէ մօտիկ ապագային այցելուներու համար բանալ պատմական յուշարձանը:
  • Ֆրանչիսկոս պապը Լեհաստանի եւ Պիելոռուսիոյ սահմաններուն վրայ մնացած գաղթականներուն 100 հազար եւրօ (113 հազար տոլար) նուիրատուութիւն կատարած է:
  • Թուրքիոյ մէջ պայթած է Քերքուք-Ճէյհան քարիւղատար Խողովակաշարը։ 970 քիլոմեթրնոց խողովակաշարը կ'օգտագործուի Իրաքի Քերքուք շրջանէն թրքական Ճէյհան նաւահանգիստ քարիւղի փոխադրման համար: