Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/06-2023

  • Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին վախճանման 850-ամեակին ձօնուած սրբազան համերգը տեղի ունեցաւ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին կատարողութեամբ։
  • Ֆրանսայի մէջ մեկնարկը տրուեցաւ Ֆրանսայի թենիսի բաց ախոյեանութեան` «Ռոլան-Կարոս»-ին: Աշխարհի դասաւորման 11-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռուսահայ Կարէն Խաչանով ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը։
  • Երեւանի թատրոնի եւ շարժանկարի պետական հիմնարկի Երիտասարդական թատրոնի սրահին մէջ՝ նոյն համալսարանի Ուսանողական գիտական, ստեղծագործական ընկերութեան նախաձեռնութեամբ կայացաւ արցախաբնակ լուսանկարիչներու «Շրջափակման ձայնը» խորագրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը: