Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր հայազգի Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հանդէս եկաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ յայտարարութեամբ Թուրքիոյ 2020 պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկումներու ժամանակ: «Նախքան 1915 թուականը այս հողերու վրայ հայեր կը բնակէին եւ այս երկրի իւրաքանչիւր հինգէն մէկը հայ էր, իսկ եթէ հիմա հաւաքուինք մէկ մարզադաշտ իսկ կարող չենք լեցնել: Տեղի ունեցաւ մեծ աղէտ, որը, դժբախտաբար, 104 տարիէ ի վեր կը ժխտենք ուրացման քաղաքականութեամբ, կը մերժենք խօսիլ այդ մասին: Եթէ այս աշխարհի մէջ կայ խորհրդարան մը, ուրտեղ այս մասին պէտք է խօսուի, Թուրքիոյի Ազգային Մեծ Ժողովն է, որովհետեւ մենք ալ այս հողերու զաւակներն ենք», յայտարարեց Փայլանը:
11 նոյեմբեր 2019-ի Սուրիոյ մէջ սպաննուեցաւ Գամիշլիի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ Յովսէփ քահանայ Պետոյեանն ու անոր հայրը` Աբրահամ Պետոյեանը: Սպանութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Իսլամական Պետութիւն (Տահեշ) ահաբեկչական խմբաւորումը: Երկուքը ինքնաշարժով կ՜ուղուէին քննելու Տէր Զօրի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վիճակը երբ ահաբեկիչներ կրակ բացած են անոնց ինքնաշարժին ուղղութեամբ:
2 նոյեմբեր 2019-ին ԱՄՆ-ի մէջ 102 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց հայ բանաստեղծ, քարոզիչ, դաստիարակ եւ մտաւորական Ժագ Ս․ Յակոբեան։ Հեղինակն էր 50-է աւելի գիրքերու եւ գրքոյկներու՝ բանաստեղծութիւն եւ արձակ։ Ծնած էր Երուսաղէմ 1917-ին եւ մասնագիտացած դեղագործութեամբ։ Ապրած էր Եգիպտոս, Լիբանան եւ 1967-էն սկսեալ ԱՄՆ-ի Փասատինա քաղաքին մէջ։
Նիքոլա Ազնաւուրը՝ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ արուեստատագէտ Շարլ Ազնաւուրի զաւակը յայտարարեց որ Ազնաւուր Հիմնարկը Երեւանի մեջ պիտի հիմնէ Ազնաւուր Կեդրոնը նուիրուած Ազնաւուրի կեանքին ու գործունէութեան։
Ուրուկուէյի զբօսաշրջիկութեան նախարար հայազգի Լիլիան ՔԷշիշեանը ընտրուած է Ուրուկուէյի Սենաթի անդամ։ «Ձախակողմեան Լայն Ճակատ» կուսակցութեան անդամ 67-ամեայ ՔԷշիշեանը առաջին Ուրուկուահայն է որ Ծերակուտական ընտրուած է երկրին օրէնսդիր իշխանութեան վերին պալատին մէջ։