Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/01-2020

Աթէնք

Աթէնք (յուն․՝ Αθήνα), Յունաստանի մայրաքաղաքը՝ 1834-էն ի վեր։

Կը գտնուի Կեդրոնական Յունաստանի Ատտիկէ շրջանին մէջ, Սարոնիքոս Ծոցի ափին՝ Փիրէա նաւահանգիստէն շուրջ տասը քիլոմեթր դէպի հիւսիս - արեւելք։ Աշխարհի ամենահին քաղաքներէն է։ Փաստագրուած աղբիւրները կը հասնին մինչեւ Ք․ա․ 3200 թուական։

Հին Աթէնքը, Աքրոփոլի ժայռին վրայ բնակելի վայր մըն էր։ Ք․ա․ 6-րդ դարուն հզօր քաղաք-պետութեան մը կը վերածուի, եւ նաւահանգիստին զուգահեռ կը զարգանայ նախ՝ Ֆալիրոն, ապա Փիրէան։ Դասական շրջանին, արուեստի, ուսման եւ փիլիսոփայութեան կեդրոն կը հանդիսանայ։ Հոն կը հիմնուին Պղատոնի Կաճառը եւ Արիստոտէլի Բարձրագոյն Վարժարանը։ Աթէնքը ժողովրդավարութեան ծննդավայրը կը համարուի, իսկ Յունաստանը՝ արեւմտեան քաղաքակրթութեան բնօրրանը։

Ժամանակակից Աթէնքը, Յունաստանի քաղաքական, տնտեսական, ճարտարարուեստական կեանքի կեդրոն է։ Աթէնքի Քաղաքային Տարածաշրջանին (ինչպէս յաճախ կ'որակուի Ատտիկէի Շրջանը, բնակչութեան թիւը ըստ 2011-ի մարդահամարին՝ 4․100․000-էն աւելի է, եւ կը գրաւէ Եւրոպայի 7-րդ դիրքը։ Մայրաքաղաքը կ'ընդգրկէ Ատտիկէի Մարզէն չորս վարչական միաւորներ՝ Կեդրոնական Աթէնք, Հիւսիսային Աթէնք, Հարաւային Աթէնք եւ Արեւմտեան Աթէնք։ Անոր շուրջը կը գտնուին Փիրէայի Շրջանային Միաւորը, նաեւ մաս մը Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ատտիկէի Շրջանային Միաւորներէն Աւելին