Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/02-2023

Պալզաք՝ իր նախասիրած տարազով

Օնորէ Տը Պալզաք (ֆրանսերէն՝ Honoré de Balzac, ծննդեան անունը՝ Օնորէ Պալզաք, տը մասնիկը սկսած է օգտագործել 1830-էն, ֆրանսացի գրող։

Ծնած է 1799-ին, Ֆրանսայի Թուր քաղաքին մէջ, հարուստ գիւղացի ընտանիքի մը յարկին տակ։ Հայրը կը պատրաստէր որդին փաստաբան ընելու։

1807-1813 թուականներուն Պալզաք կ'ուսանի Վանտոմի դպրոցին մէջ:

1816-1819 թուականներուն՝ ուսումը կը շարունակէ Փարիզի իրաւագիտական դպրոցին մէջ, միաժամանակ նոտարի մը քով գրագիր աշխատելով։ Սակայն հետագային կը ձգէ այդ ասպարէզը՝ ինքզինք նուիրելով գրականութեան։

Պալզաք մանուկ հասակին ընկերներ չունէր. հարազատներէն կտրուած էր, իսկ 14 տարեկանին հոգեկան եւ ջիղերու խանգարում ունեցած էր, որուն պատճառով ալ սակաւախօս ու ինքնամփոփ անձ մը դարձած էր։

Օր մը, Օնորէ ինքնիրեն կը խոստանայ, որ իր գրութեանց շնորհիւ հանճարեղ ու հանրաճանաչ մարդ մը պիտի դառնայ․․․ Աւելին