Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/07-2020
Վինսընթ Ուիլիըմ վան Կոկ, հոլանտացի նկարիչ: Արեւմտեան արուեստի պատմութեան ամէնէն նշանաւոր եւ ամէնէն ազդեցիկ դէմքերէն մէկը: Տասը տարուան ընթացքին ստեղծած է արուեստի շուրջ 2,100 գործ, որոնցմէ` 860-ը իւղաներկ. անոնց մեծ մասը նկարիչը ստեղծած է իր կեանքին վերջին երկու տարիներուն: Նկարները դիմանկարներ են, բնանկարներ, ինքնադիմանկարներ, որոնք կը բնորոշուին համարձակ գոյներով, արտայայտչականութեամբ, ինչ որ նպաստած է ժամանակակից արուեստի սկզբունքներու հաստատման: Վան Կոկի անձնասպանութիւնը 37 տարեկան հասակին հետեւանք է հոգեկան հիւանդութեան ու աղքատութեան:
Վան Կոկ սկսած է նկարել մանկութենէն, եղած է լուրջ, հանգիստ ու խոհուն երեխայ մը: Երիտասարդ տարիքին աշխատած է արուեստի գործեր վաճառող, յաճախ ճամբորդած է, սակայն վհատութիւն ապրած է, երբ զինք տեղափոխած են Լոնտոն: Ան իբրեւ բողոքական հոգեւորական հանդէս եկած է Պելճիքայի հարաւը: Նկարիչը եղած է մինակ ու հիւանդ: 1881-ին, երբ տուն վերադարձած է ծնողքին քով, իր կրտսեր եղբայրը` Թէօ վան Կոկ (Theo), նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած է իրեն: Հետագային եղբայրները նամակագրական երկարատեւ կապ պահպանած են իրարու հետ: Վան Կոկի վաղ շրջանի նկարները, հիմնականին մէջ բնանկարներ եղած են եւ գիւղացիներու պատկերներ․․․ Աւելին⇒