Վինսընթ  Ուիլիըմ  վան Կոկ (30 Մարտ 1853(1853-03-30)[2][3][4][…], Զունտըրթ, Հյուսիսային Բրաբանդ, Հոլանտա, Հոլանտայի թագաւորութիւն[5][6] - 29 Յուլիս 1890(1890-07-29)[2][3][4][…], Օվեր Սիւր Ուազ[7][5]), հոլանտացի նկարիչ: Արեւմտեան արուեստի պատմութեան ամէնէն նշանաւոր եւ ամէնէն ազդեցիկ դէմքերէն  մէկը: Տասը տարուան  ընթացքին ստեղծած է արուեստի շուրջ  2,100 գործ, որոնցմէ` 860-ը իւղաներկ. անոնց մեծ մասը նկարիչը ստեղծած  է իր կեանքին վերջին երկու տարիներուն: Նկարները դիմանկարներ են, բնանկարներ, ինքնադիմանկարներ, որոնք կը բնորոշուին համարձակ գոյներով, արտայայտչականութեամբ, ինչ որ նպաստած է ժամանակակից արուեստի սկզբունքներու հաստատման: վան Կոկի անձնասպանութիւնը 37 տարեկան հասակին  հետեւանք է հոգեկան հիւանդութեան ու աղքատութեան:

Վինսընթ Վան Կոկ
Ծննդեան անուն հոլ.՝ Vincent Willem Van Gogh[1]
Ծնած է 30 Մարտ 1853(1853-03-30)[2][3][4][…]
Ծննդավայր Զունտըրթ, Հյուսիսային Բրաբանդ, Հոլանտա, Հոլանտայի թագաւորութիւն[5][6]
Մահացած է 29 Յուլիս 1890(1890-07-29)[2][3][4][…] (37 տարեկանին)
Մահուան վայր Օվեր Սիւր Ուազ[7][5]
Ազգութիւն Հոլանտացի[5]
Քաղաքացիութիւն  Հոլանտայի թագաւորութիւն[8]
Կրթութիւն Գեղարուեստի Արքայական Ակադեմիա (Անվեր)
Մասնագիտութնիւն գեղանկարիչ, գծագրիչ, նկարիչ-փորագրող
Ոճ Պոստիմպրեսիոնիզմ?[9] եւ էքսպրեսիոնիզմ?
Ժանր Բնանկար[10][5], լուռ բնութիւն[10][5], դիմապատկեր[10][5], Քաղաքային բնանկար[5], interior view?[5], ինքնանկար[5] եւ քրիստոնէական արուեստ[5]
Թեմաներ Գեղանկարչութիւն
Ուշագրաւ գործեր «Գետնախնձոր ուտողները», Սրճարանին գիշերային պատշգամը, Աստղալից գիշեր?[11], «Ննջարան՝ Առլի մէջ», «Արեւածաղիկներ», Ինքնադիմանկար` վիրակապած ականջով?, «Օվերի բնանկար՝ անձրեւէն ետք», Ագռավներ ցորենի դաշտի վրա?, Head of an Old Peasant Woman with White Cap?, Բժիշկ Գաշեի դիմանկարը? եւ The siesta (after Millet)?
Մեկենասներ Թէօ վան Կոկ
Ուսուցիչ Անտոն Մէօվ (Anton Mauve) եւ Կոստանդին Կոռնելիս Հույսմանս?
Աշակերտներ Antoon Hermans?
Ներշնչուած է Անտոն Մէօվ (Anton Mauve), Փոլ Կօկէն, Ուիլիըմ Ռուլոֆս, Փոլ Սեզան, Փիթըր Փոլ Ռուպընս, Ժան Ֆրանսուա Միլէ եւ Կացուշիքա Հոքուսայ?[12]
Աշխատավայր Goupil & Cie?[13]
Անդամակցութիւն Société française de gravure?
Հայր Թէոդորոս վան Կոկ
Մայր Աննա Քոռնելիա Քարբենտըս
ստորագրութիւն
Վինսընթ Վան Կոկ Ուիքիքաղվածքում
Vincent van Gogh Ուիքիպահեստում
Ինքնադիմանկար, Փարիզ, 1887

վան Կոկ սկսած է նկարել մանկութենէն, եղած է լուրջ, հանգիստ ու խոհուն երեխայ մը: Երիտասարդ տարիքին  աշխատած է արուեստի գործեր վաճառող, հաստատութեան մը մէջ:Յաճախ ճամբորդած է, սակայն վհատութիւն ապրած է, երբ զինք տեղափոխած են Լոնտոն: Ան  իբրեւ բողոքական հոգեւորական հանդէս եկած է Պելճիքայի հարաւը: Նկարիչը եղած է մինակ ու հիւանդ: 1881-ին, երբ տուն  վերադարձած է ծնողքին քով, իր կրտսեր եղբայրը` Թէօ վան Կոկ (Theo), նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած է իրեն: Հետագային եղբայրները նամակագրական երկարատեւ  կապ պահպանած են իրարու հետ: վան Կոկի վաղ շրջանի նկարները, հիմնականին մէջ բնանկարներ եղած են եւ գիւղացիներու  պատկերներ: 1886-ին նկարիչը տեղափոխուած  է Փարիզ, ուր հանդիպած է աւանգարդի ներկայացուցիչներու հետ, այդ թիւին մէջ` Էմիլ Պեռնարի (Émile Henri Bernard) եւ Փոլ Կոկենի (Eugène Henri Paul Gauguin), որոնք անտարբեր չէին արտայայտչականութեան ու զգացմունքայնութեան հանդէպ: Իր աշխատանքին  ընթացքին վան Կոկ նոր մօտեցում  ցուցաբերած է բնապատկերներու նկատմամբ. ան իր նկարները գծած  է  վառ գոյներով. նկարած է  ձիթենիներ, ցորենի դաշտեր ու արեւածաղիկներ:

վան Կոկ տառապած  է հոգեկան հարցերով եւ հարկ եղած սնունդը ստանալու փոխարէն, յաճախ հարբած է: Կոկենի հետ անոր բարեկամութիւնը խզուած է զայրոյթի մը պահուն, երբ իր ձախ ականջը ածելիով կտրած է: Նկարիչը որոշ ժամանակ բուժուած  է հոգեբուժական հիւանդանոցի մը մէջ` Սէն Ռեմի տը Փրովանսի (Saint-Rémy-de-Provence) մէջ եղած ժամանակաշրջանին: Երբ հիւանդանոցէն տեղափոխուած է Փարիզի մերձակայքը գտնուող Օպերժ Ռավու (Auberge Ravoux)` Օվեր սիւր Ուազ (Auvers-sur-Oise), բժիշկ Փոլ Կաշէի (Dr. Gachet) հսկողութեան տակ եղած է: 27 Յուլիս 1890-ին անձնասպան եղած է:

ԲԺիշկ Կաշէի նկարին առաջին տարբերակը՝ Յունիս, 1890

վան Կոկ իր կեանքին ընթացքին   համարուած է  խելագար ու անյաջող: Կ'ըսուի, թէ ան միայն մէկ գեղանկար վաճառած էր իր կեանքին ընթացքին, եւ թէ` երբեք աստղ մը չէր արուեստի աշխարհին մէջ:[14] Ան կը տառապէր ինքնավստահութեան պակասէ եւ վարուելակերպի բազմատեսակ հարցերէ: Ան մեծ համբաւ  ստացած է իր անձնասպանութենէն  ետք: Անոր հռչակը տարածուած  է Ի. դարու  սկիզբը: Նկարիչին ստեղծագործութիւնները հասած  են առեւտրական յաջողութեան հետագայ տասնամեակներուն, իսկ ինք ընկալուած  է որպէս շատ հռչակաւոր, բայց ողբերգական նկարիչ մը:

վան Կոկի ստեղծագործութիւնները կը պահպանուին աշխարհի ամէնէն մեծ  թանգարաններուն մէջ (Նիու Եորքի Մեթրոփոլիթըն թանգարան (Metropolitan museum of art), Օկիւստ Ռոտենի (Auguste Rodin) տուն-թանգարան, Փարիզի Ժամանակակից արուեստի թանգարան (Musée d'Art Moderne de Paris), եւ այլն)։

Նամակներ

Խմբագրել

վան Կոկի կեանքին լիարժէք սկզբնաղբիւրը իր եւ կրտսեր եղբօր` Թէօ վան Կոկի նամակագրութիւնն է: Անոնց մտերմութիւնն ու Վինսընթի` արուեստի մասին ունեցած պատկերացումներն ու տեսակէտերը գրուած են հարիւրաւոր նամակներու մէջ, որոնք եղբայրները փոխանակած են 1872-1890 թուականներուն: Թէօ վան Կոկ արուեստի գործերու վաճառքով կը զբաղէր եւ կը սատարէր իր եղբօրը թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս, ինչպէս նաեւ կը հաստատէր անոր կապը ժամանակակից արուեստի ազդեցիկ մարդոց հետ: Թէօ պահած է Վինսընթի բոլոր նամակները, իսկ Վինսընթ պահած է եղբօր ուղարկած նամակներէն մէկ քանին: Երկուքին մահէն ետք Թէոյի այրին` Եոհաննա վան Կոկ-Պոնկըր (Johanna van Gogh-Bonger) , տպագրութեան ներկայացուցած է անոնց նամակներէն մէկ քանին. անոնք հրապարակուած են 1906-1913 թուականներուն: Նամակներուն հիմնական մասը տպագրուած է 1914-ին: Վինսընթի նամակները պերճախօս են եւ արտայայտիչ, մօտ են օրագրային ոճին եւ կը կարդացուին ինքնակենսագրութեան պէս: Թարգմանիչ Առնըլտ Փոմերանս (Arnold Pomerans) գրած է, որ անոնց նամակագրութիւնը «վան Կոկի արուեստը ըմբռնելու նոր հնարաւորութիւն մը կ'ընձեռնէ, որ կը ներկայացնէ ինքը նկարիչը»: Պահպանուած են վան Կոկի` եղբօրը ուղարկած շուրջ 600 նամակ, մինչդեռ Թէոյի նամակներէն միայն 40-ը հասած են: 22 նամակ հասցէագրուած են իրենց քրոջ` Ուիլ վան Կոկի (Wilhelmina Jacoba "Wil" van Gogh), 58-ը` նկարիչ Անտոն վան Ռափարի (Anthon van Rappard) եւ 22-ը` Էմիլ Պեռնարի: Առանձին նամակներ հասցէագրուած են Սինեաքի, Փոլ Կոկենի եւ քննադատ Ալպըրթ Օրիէի (Albert Aurier): Նամակներէն մէկ քանին նկարազարդուած են: Բազմաթիւ նամակներ թուագրուած չեն, սակայն արուեստագէտները կրցած են անոնք դասաւորել ժամանակագրական սկզբունքով: Թուագրման եւ ընթեռնելիութեան հարցեր կան այն նամակներուն մէջ, որոնք ուղարկուած են Առլէն (Arles) . այդ նամակները թիւով շուրջ 200 են եւ գրուած են հոլանտերէն, ֆրանսերէն ու անգլերէն: Նամակագրութեան մէջ բաց մնացած է այն շրջանը, երբ եղբայրները միասին Փարիզ կ'ապրէին եւ նամակագրութեան անհրաժեշտութիւն չեն ունեցած:

1973-ին Ամսթերտամի մէջ կը բացուի թանգարան մը, որուն գլխաւոր նպատակն էր մէկտեղել վան Կոկի գործերը:

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Վաղ տարիներ

Խմբագրել
 
վան Կոկի բնակարանը, ուր ան որոշած է նկարիչ դառնալ

Վինսընթ Ուիլիըմ վան Կոկ ծնած է 30 Մարտ 1853-ին հոլանտական Զունտըրթ (Zundert) գիւղը բնակող հոգեւոր հովիւի մը ընտանիքէն ներս: Ան Թէոտոր վան Կոկի (Theodorus van Gogh) եւ Աննա Քոռնելիա Քարբենտըսի (Anna Cornelia Carbentus) չմահացած զաւակներուն անդրանիկն էր: վան Կոկի մայրը եղած է խստապահանջ, աստուածավախ կին մը եւ մեծ կարեւորութիւն տուած է ընտանիքի դերին: Նկարիչին հօր` Թէոտորին աշխատավարձքը համեստ էր, սակայն եկեղեցին անոր տրամադրած էր տուն, աղախին, երկու խոհարար, այգեպան, կառք ու ձի, իսկ Աննան պարտականութիւն ստանձնած էր պահել ընտանիքին ընկերային բարձր դիրքը: վան Կոկի ուսմամբ զբաղած են մայրը եւ տնային մանկավարժը, իսկ 1860-ին զինք ուղարկած են գիւղին դպրոցը:

1864-ին ան տեղափոխուած է Զեւենպերկընի (Zevenbergen) գիշերօթիկ դպրոցը, ուր ինքզինք մինակ ու լքուած զգացած է, եւ տուն վերադառնալու ցանկութիւն յայտնած:

1866-ին անոր ծնողները զինք ուղարկած են Թիլպըրկի (Tilburg) միջնակարգ դպրոցը, որմէ ան շատ դժգոհ մնացած է:

Ապագայ նկարիչին արուեստի հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնը ի յայտ եկած է կանուխ տարիքէն: Ան նկարած է մայրը. այդ նկարները աչքի ինկած են արտայայտչականութեամբ: վան Կոկի դժբախտութիւնը արգելք հանդիսացած է իր դասերուն:

Մարտ 1868- ին ան տուն վերադարձած է: Հետագային ան գրած է, որ իր մանկութիւնը «խիստ էր, սառ եւ անպտուղ»:

Յուլիս 1869-ին վան Կոկի հօրեղբայրը պաշտօն մը ստանձնած է արուեստի վաճառքով զբաղող Goupil & Cie ընկերութեան մէջ Հախ (Haag): Ուսումը աւարտելէ ետք ան 1873-ին տեղափոխուած է ընկերութեան լոնտոնեան մասնաճիւղը, որ կը գտնուէր Սաութհեմփթըն փողոցին (Southampton road) մէջ, եւ բնակարան մը վարձած՝ Հէքֆըրտ Ռոտ (Hackford road) փողոցին մէջ: Այս շրջանը երջանիկ եղած է վան Կոկի համար. ան յաջողակ եղած է աշխատանքին մէջ եւ քսան տարեկան հասակին հօրմէն աւելի շահած է: Հետագային Թէոյին կինը ըսած է, որ այս շրջանը եղած է վան Կոկի կեանքին ամենաերջանիկ ժամանակահատուածը: Ան սիրահարած էր տիրուհիին դստեր` Էօժէնի Լոյըրի (Eugénie Loyer), սակայն զգացումները բացայայտելէ ետք շուտով մերժուած է: վան Կոկ դարձած է աւելի մեկուսացած: Անոր հայրն ու հօրեղբայրը դասաւորած են անոր փոխադրումը՝ Փարիզ 1875-ին:

Ապրիլ 1876-ին վան Կոկ վերադարձած է Անգլիա եւ Ռամսկէթի (Ramsgate) գիշերօթիկ դպրոցին մէջ ուսուցիչի պաշտօն վարած: Երբ դպրոցին սեփականատէրը տեղափոխուած է Այզըլուորթ (Isleworth) փոքրիկ քաղաքը, վան Կոկ հետեւած է անոր, բայց այնտեղ չէ շարունակած ուսուցիչի իր աշխատանքը եւ դարձած՝ քարոզիչի օգնական: Այս ընթացքին Վինսընթի ծնողները տեղափոխուած էին Էթըն-Լոր (Etten-Leur) :

1876-ին Վինսընթ վան Կոկ Ս.Ծննդեան տօնին վերադարձած է տուն եւ շուրջ վեց ամիս աշխատած է Տորտրեխտի (Dordrecht) գրախանութին մէջ: Հոն իր աշխատանքով չէ զբաղած եւ իր ժամանակը տրամադրած է նկարչութեան կամ Աստուածաշունչէն հատուածներ թարգմանած՝ անգլերէնի, ֆրանսերէնի եւ գերմաներէնի:

Իր կրօնական հաւատամքը պահելու եւ քահանայ դառնալու նպատակով 1877-ին ընտանիքը քեռիին` Եոհան Սթրիքըրի (Johannes Stricker) հետ ուղեւորուած է Ամսթերտամ, սակայն այնտեղ չէ յանձնած քննութիւնները եւ Յուլիս 1878-ին հեռացած է քեռիին տունէն: Ան եռամսեայ դասընթացքներու հետեւած է Պրիւքսէլէն ոչ հեռու գտնուող Լաքընի (Laeken) բողոքական քարոզչական դպրոցին մէջ:

Յունուար 1879-ին ան քարոզիչի պաշտօն վարած է Փըթի Ուասմես (Petit Wasmes) գիւղին մէջ` Պորինաժ, (Borinage) (Պելճիքա), որ հանքահորային աղքատ տարածաշրջան մըն էր: Կրօնական համայնքին աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով ան հրաժարած է իր յարմարաւէտ բնակարանէն եւ տեղափոխուած՝ փոքրիկ խրճիթ մը, ուր քնացած է ծղօտի վրայ, սակայն անոր ջանքերը աջակցութիւն չեն գտած եկեղեցական իշխանութիւններու շրջանակին մէջ, որոնք զինք հեռացուցած են «քահանայի արժանապատուութիւնը նուաստացնելուն պատճառով»: Անկէ ետք ան գացած է Պրիւքսելէն 75 քմ. հեռու` Պորինաժ, սակայն ծնողքին խորհուրդով վերադարձած է Էթըն-Լոր: Ան այնտեղ մնացած է մինչեւ Մարտ 1880, ինչ որ անհանգստութիւն ու հիասթափութիւն յառաջացուցած է ծնողքին: Հայրը որոշած է զինք ուղարկել Ժիլի (Geel) հոգեբուժարանը:

վան Կոկ Գիւէսմես (Cuesmes) վերադարձած է 1880-ին, ուր հանքափոր աշխատած է մինչեւ Հոկտեմբեր: Ան հետաքրքրուած է մարդոցմով, անոնց հետ կատարուող իրադարձութիւններով եւ զանոնք նկարած: Տարեվերջին, Թէոյին խորհուրդին հետեւելով, գացած է Պրիւքսէլ եւ նկարչութեան դասեր առած՝ նկարիչ Ուիլիըմ Ռուլոֆսէն (Willem Roelofs), որ հակառակ արուեստի կանոնաւոր դպրոցներու նկատմամբ անբարեացակամ վերաբերմունքին, իրեն խորհուրդ տուած է յաճախել Académie Royale des Beaux-Arts հիմնարկը, Հոկտեմբեր 1880-ին: Գեղանկարչութեան ձեռնարկելէ առաջ վան Կոկ փորձած է դառնալ հոգեւոր հովիւ, ուսուցիչ եւ արուեստի գործերու վաճառական: Ան փորձած է նաեւ այլ ասպարէզներ: Ապա, ինչպէս վան Կոկի թանգարանը կը նշէ, Դեկտեմբեր 1881-ին ան իր եղբօր` Թէոյին գրած է.

  Թէօ՛, չես կրնար երեւակայել, թէ որքա՛ն ուրախ եմ ներկերու տուփովս: Այժմ, առնուազն մէկ տարիէ ի վեր ժամանակս միայն գծելու տրամադրելէ ետք կը մտածեմ, թէ երանի սկիզբէն գծէի… որովհետեւ, Թէօ՛, իրականութեան մէջ գեղանկարչութեամբ կը սկսի իմ բուն գործս: Չե՞ս կարծեր, թէ իրաւունք ունիմ այսպէս մտածելու:  


վան Կոկ իր ստեղծագործական կեանքին ընթացքին գծած է շուրջ 900 գեղանկարներ եւ աւելի քան 1100 գծանկարներ: Այսինքն ան մինչեւ իր մահը գեղանկար մը արտադրած է 2 շաբաթը անգամ մը դրութեամբ: Ճիշդ է, որ ան բեղուն գեղանկարիչ մըն էր, սակայն նաեւ կը տառապէր լուսնոտութենէ (ինչպէս ախտաճանաչուած էր), ինչպէս նաեւ` վարուելակերպի հետ առնչուած խանգարումէ մը, որ կը կոչուի հայփըրկրաֆիա (hypergraphia), որմէ տառապող անձերը կը զգան գրելու բուռն մարմաջ մը կամ ինչպէս վան Կոկի պարագային` գծելու:

Էթըն-Լոր (Etten-Leur), Տրենթէ (Drenthe) եւ Տեն Հախ (Haag)

Խմբագրել

վան Կոկ Էթըն (Հոլանտայի հիւսիսը) վերադարձած է Ապրիլ 1881-ին`ծնողքին քով ապրելու: Ան շարունակած է նկարել` իր դրացիները օգտագործելով որպէս բնորդ: Ապրիլ 1881-ին իրենց տունը հիւրընկալուած է նկարիչին մօր մեծ քրոջ` Ուիլհելմինայի (Willemina) եւ Եոհաննէս Սթրիքըրի (Johannes Stricker) դուստրը` Քոռնելիան (Քի) (Cornelia "Kee" Vos-Stricker), որ նոր այրիացած էր, եւ անոր ութամեայ տղան: Քի եօթը տարի մեծ էր վան Կոկէն: Նկարիչը զարմացուցած է բոլորը իր այն յայտարարութեամբ, թէ սիրահարած է Քիին եւ անոր ամուսնութեան առաջարկ ըրած, սակայն վերջինս հրաժարած է` բացագանչելով. «Ո'չ, երբեք ո'չ» ( "No, nay, never" ("nooit, neen, nimmer"): Երբ Քի վերադարձած է Ամսթերտամ, վան Կոկ գացած է Տեն Հախ` ծախելու իր նկարները եւ հանդիպելու իր միւս զարմիկին` նկարիչ Անտոն Մէօվին (Anton Mauve) : Մէօվ այդ օրերուն յաջողակ նկարիչ էր եւ հրաւիրած է վան Կոկը քանի մը ամիսէն վերադառնալու, առաջարկելով, որ որոշ ժամանակ անցընէ քարածուխով նկարելով: Նկարիչը, այս խորհուրդին հետեւելով, վերադարձած է Էթըն-Լոր: Աւելի ուշ` Նոյեմբեր 1881-ին, մեկնած է Ամսթերտամ: Քի չէ ընդունած զինք, իսկ իր ծնողքը գրած են, որ վան Կոկի «մտադրութիւնը նողկալի է»: Յուսահատութեան մէջ ան իր ձախ ձեռքը պահած է լամփի մը լոյսին վրայ` ըսելով. «Թո'յլ տուէք ինծի զինք տեսնել այնքան ատեն, որքան ես կրնամ ձեռքս պահել կրակին վրայ»: Հետագային ան լաւ չէ յիշած այդ իրադարձութիւնը, բայց ենթադրած է, որ քեռին փչած ու հանգեցուցած է կրակը: : Մէօվ վան Կոկը ընդունած է իբրեւ աշակերտ եւ անոր ծանօթացուցած ջրաներկով աշխատելու հնարքներուն: Յաջորդ ամիս նկարիչը սկսած է աշխատիլ` մինչեւ Ս. Ծննդեան տօնին տուն վերադարձը: Ան վիճած է հօր հետ` հրաժարելով եկեղեցի այցելելէ, եւ գացած է Հախ: Մարտ 1882-ին, ան կապ ունեցած է Քլազինա Մարիա Հուրնիքի հետ (Սիեն, 1850-1904) (Clasina Maria "Sien" Hoornik), որ թեթեւաբարոյ կին մըն էր եւ ունէր փոքր դուստր մը: վան Կոկ անոր հանդիպած էր 1882-ին, երբ կինը յղի էր եւ ունէր հնգամեայ դուստր մը: Երբ վան Կոկի հայրը իմացած է որդւոյն մտերմութեան մասին այդ կնոջ հետ, ճնշում բանեցուցած է եւ ստիպած, որ լքէ Սիենը եւ անոր երկու երեխաները: Սկիզբը Վինսընթ մերժած է կատարել հօր խնդրանքը, սակայն 1883-ին լքած է Սիենը ու անոր երեխաները: Սիեն խեղդուած է Շելտ գետին (River Scheldt) մէջ, 1904-ին: Սեպտեմբեր 1883-ին վան Կոկ տեղափոխուած է Հոլանտայի հիւսիսը՝ Տրենթէ: Դեկտեմբերին վերադարձած է ապրելու ծնողքին քով, որմէ ետք գացած է Հիւսիսային Պրապանթ`(North Brabant) Նիւնըն:

Տարագրութեան մէջ

Խմբագրել

Նիւնըն (Nuenen) եւ Անվեր (Anvers) (1883-1886)

Խմբագրել
 
Գետանխնձոր ուտողները, 1885, վան Կոկի թանգարան, Ամսթերտամ

Նիւնընի մէջ վան Կոկ կեդրոնացած է նկարչութեան վրայ: Արագ աշխատելով` ան նկարած է կտաւագործներն ու անոնց խրճիթները: Օգոստոս 1884-ին դրացիին աղջիկը` Մարկօ Պեկման (Margot Begemann), որ նկարիչէն տասը տարի մեծ էր, միացած է իրեն: Մարկօ սիրահարած էր նկարիչին, վերջինս ալ փոխադարձաբար, սակայն նուազ ոգեւորութեամբ: Անոնք փափաքած են ամուսնանալ, սակայն երկու կողմերէն ոչ մէկուն ընտանիքը խրախուսած է այդ որոշումը: Մարկօ յուսահատութեան մէջ անձնասպանութիւն փորձած է, սակայն չէ մահացած, որովհետեւ վան Կոկ զինք արագ մօտակայ հիւանդանոց մը փոխադրած է: 26 Մարտ 1885-ին նկարիչին հայրը մահացած է սիրտի կաթուածի հետեւանքով:

վան Կոկ Նիւնընի մէջ երկու տարի մնալու ընթացքին նկարած է շուրջ 200 նկար` ջրաներկով ու իւղաներկով: Անոր երանգապնակը հիմնականին մէջ բաղկացած է մռայլ գոյներէ` յատկապէս մուգ շագանակագոյնէ, եւ վառ գունաւորման ոչ մէկ նշան դրսեւորած է:

1885-ի սկիզբը անոր նկարները հետաքրքրութիւն յառաջացուցած են փարիզցի վաճառականի մը քով: Թէօ հարցուցած է վան Կոկի, եթէ ցուցադրութեան պատրաստ նկարներ ունի: Մայիսին նկարիչին պատասխանը եղած է իր առաջին մեծածաւալ գործը` «Գետնախնձոր ուտողները» նկարը, որ «գիւղացիներու բանուորութիւնները ուսումնասիրելու» շարքէն էր: Նկարը քանի մը տարուան աշխատանքի հանգուցալուծումն էր: Երբ ան դժգոհած է, որ Թէօ բաւարար ջանք չէ թափած իր նկարները Փարիզի մէջ վաճառելու համար, եղբայրը պատասխանած է, որ անոնք չափազանց մռայլ են եւ չեն համապատասխաներ տպաւորապաշտութեան վառ ոճին: Օգոստոսին վան Կոկի աշխատանքը ներկայացուած է Հախի նկարավաճառի մը ցուցասրահին մէջ:

Նոյեմբերին վան Կոկ տեղափոխուած է Անվեր (Antwerp, Պելճիքայի քաղաքներէն) եւ վարձած ներկեր վաճառող առեւտրականի մը խանութին վերի յարկը գտնուող սենեակը: Հոն ապրած է աղքատութեան մէջ եղբօր ուղարկած գումարը ծախսելով նկարչական նիւթերու եւ բնորդներու վրայ: Անոր սննդամթերքին հիմնական բաղադրիչները կազմած են հացը, սուրճը եւ ծխախոտը: Փետրուար 1886-ին ան գրած է Թէոյին, որ Մայիսէն մինչեւ այդ ժամանակ ընդամէնը 5-6 անգամ տաք ճաշ կերած է: Անվերի մէջ վան Կոկ սկսած է ուսումնասիրել գոյնի տեսութիւնը, յատկապէս հետաքրքրուած է Ռուպենսի (Peter Paul Rubens) աշխատանքներով եւ հարստացուցած է իր երանգապնակին գոյները` ներառելով կարմիրը, զմրուխտը, վառ կապոյտը: Այս ընթացքին ան դարձեալ սկսած է հարբենալ եւ Փետրուար - Մարտ 1886 ամիսներուն բուժուած է:

Ապաքինելէ ետք, Յունուարին, վան Կոկ Գեղարուեստի թագաւորական հիմնարկին գեղանկարչութեան բաժինը ընդունուած է: Հիւանդացած է չափազանց շատ աշխատելէ, վատորակ սնունդէ ու շատ ծխելէ: Ան բախում ունեցած է հիմնարկին տնօրէնին` գեղանկարչութեան ուսուցիչին Չառլզ Վեռլային հետ (Charles Verlat): Բախում ունեցած է նաեւ նկարչական դասարանի ղեկավար Ֆրանզ Վինքի (Franz Vinck) հետ:

Փարիզ (1886-1888)

Խմբագրել
 
Անրի տը Թուլուզ-Լոթրեք, վան Կոկի դիմանկարը, 1887, վան Կոկի թանգարան, Ամսթերտամ

Մարտ 1886-ին վան Կոկ տեղափոխուած է Փարիզ, ուր եղբօր` Թէոյի հետ ապրած է Մոնմարթրի Լաւալ փողոցին մէջ եւ ուսանածՖերնան Քորմոնի (Fernand Cormon) արուեստանոցին մէջ: Յունիսին եղբայրները մեծ բնակարան վարձած են Լեփիք (rue Lepic) փողոցին մէջ: Փարիզի մէջ վան Կոկ նկարած է ընկերներու եւ ծանօթներու դիմանկարներ, բնանկարներ, Մոնմարթրի, Անիերի, Սէնի մերձափնեայ տեսարաններ:1885-ին սկսած է հետաքրքրուիլ ճափոնական փորագրութիւններով` որոնցմով զարդարած է իր արուեստանոցին պատերը: Փարիզի մէջ ան հաւաքած է հարիւրաւոր այդ տիպի փորագրութիւններ: Ստեղծած է ճափոնական թեմայով նկարներ, արտանկարած՝ Paris Illustre ամսագիրին կողքին ճափոնական նկարը:

Պատկերասրահին մէջ Ատոլֆ Մոնտիչելլիի (Adolphe Monticelli) նկարները տեսնելով` վան Կոկ որոշած է աւելի վառ երանգապնակ մը օգտագործել, որ դրսեւորուած է Սենթ Մարիի ծովային բնանկարներու շարքին մէջ (Seascape at Saintes-Maries) (1888): Երկու տարի ետք Վինսընթն ու Թէօն վճարուած են Մոնտիչելլիի նկարներուն մասին գիրք հրատարակելով, իսկ Վինսընթ գնած է Մոնտիչելլիի աշխատանքներէն մաս մը՝ իր հաւաքածոյին համար:

վան Կոկ Թէոյէն իմացած է Ֆերնան Քորմոնի (Fernand Cormon) արուեստանոցին մասին եւ Ապրիլ- Մայիս 1886-ին հոն աշխատած՝ յաճախ այցելելով աւստրալացի նկարիչ Ճոն Փիթըր Ռասըլի (John Peter Russell): 1886-ին Ռասըլ նկարած է անոր դիմանկարը: վան Կոկ կապ հաստատած է նաեւ Էմիլ Պեռնարի (Émile Bernard), Լուի Անքեթենի (Louis Anquetin) եւ Անրի տը Թուլուզ-Լոթրեքի (Henri de Toulouse-Lautrec) աշակերտներուն հետ, իսկ վերջինս նկարած է Վինսընթի դիմանկարը: Անոնք հանդիպած են Ժիւլիեն Թանգիի (Julien "Père" Tanguy)` նկարչական խանութին մէջ (խանութը այդ օրերուն միակ տեղն էր, ուր կը ցուցադրուէին Փոլ Սեզանի (Paul Cézanne) աշխատանքները): 1886-ին նոյն վայրին մէջ կազմակերպուած են երկու մեծ ցուցահանդէսներ:

Եղբայրներուն միջեւ վէճ մը ծագած է: 1886-ին Թէօ Վինսընթի հետ ապրիլը համարած է «գրեթէ անտանելի: 1887-ի սկիզբը անոնք բաժնուած են, եւ Վինսընթ տեղափոխուած է Փարիզի հիւսիսային արուարձան` Անիեր, ուր ծանօթացած է Փոլ Սինեաքին (Paul Signac):

Անիերի մէջ վան Կոկի նկարներուն մէջ կը տեսնենք զբօսայգիներ, ճաշարաններ, Սենի տեսարաններ, Սենի կամուրջներ: Նոյեմբեր 1887-ին Թէօ եւ վան Կոկ ընկերութիւն ըրած են Փոլ Կոկենի (Paul Gauguin) հետ, որ նոր ժամանած էր Փարիզ: Տարեվերջին Վինսընթ Էմիլ Պեռնարի, Լուի Անքեթենի եւ Անրի տը Թուլուզ-Լոթրեքի հետ նկարներու ցուցադրութիւն մը կազմակերպած է Մոնմարթրի Կրան Պույոն Տիւ Շալէ ճաշարանին մէջ (Grand-Bouillon Restaurant du Chalet, Montmartre): Իր տարեգրութեան մէջ Պեռնար նշած է, որ ցուցահանդէսը ներկայացուցած է այն, ինչ որ այդ օրերուն կար Փարիզի մէջ: Հոս Պեռնարն ու Անքեթեն վաճառած են իրենց առաջին նկարները, իսկ վան Կոկ նկարներ փոխանակած է Փոլ Կոկենի հետ: Արուեստի, նկարիչներու, իրենց ընկերային վիճակին մասին բանավէճերը սկսած են ցուցահանդէսի ատեն եւ ընդարձակուած` ներառելով այցելուները, ինչպիսիք են, Քամիյյ Փիսսարօն (Camille Pissarro) եւ անոր որդին` Լիւսիենը (Lucien) , Փոլ Սինեաք եւ Սյորէն: Փետրուար 1888-ին, յոգնելով Փարիզի կեանքէն, վան Կոկ հեռացած է քաղաքէն` երկու տարուան ընթացքին նկարելով շուրջ 200 նկար: Մեկնումէն քանի մը ժամ առաջ Թէոյին ուղեկցութեամբ այցելած է Սյորէին՝ անոր աշխատանոցին մէջ:

Ստեղծագործական վերելք

Խմբագրել

Առլ (Arles)(1888-1889)

Խմբագրել

Հարբեցողութեան եւ ծխելու պատճառով յառաջացած հազէն բուժուելու նպատակով, Փետրուար1888-ին վան Կոկ ապաստանած է Առլի մէջ: Երկու ամսուան համար իրեն ընկերակցած է դանիացի նկարիչ Քրիսթիան Մուրիէ Փիթըրսընը (Christian Mourier-Petersen), որու համար սկզբնական շրջանին Առլը հիասքանչ վայր մը թուացած է:

Առլի մէջ անցուցած ժամանակահատուածը վան Կոկի ամէնէն բեղմնաւոր շրջաններէն մէկը կը համարուի. հոն ան նկարած է 200 նկար եւ շուրջ 100 ջրաներկով աշխատանք: Նկարիչը հիացած էր տեղի բնանկարով ու լոյսով. անոր այս շրջանի գործերը հարուստ են դեղինի, լազուարթի, մանուշակագոյնի երանգներով: Նկարներուն մէջ պատկերուած են ցորենի դաշտեր, բերք, այս շրջանի գիւղական տեսարժան վայրեր եւ հողմաղացներ: Այդ նկարներէն են «Հին ջրաղացը» (1888), որ Հոկտեմբեր 1888-ին Փոն Ավեն (Pont-Aven) ուղարկուած եօթ նկարներէն մէկն է, որոնք փոխանակուած են Փոլ Կոկենի, Էմիլ Պեռնարի, Չարլզ Լաւալի (Charles Laval) եւ ուրիշներու գործերուն հետ:

վան Կոկի առլեան բնապատկերները կը թուին հարթ, առանց հեռանկարի, սակայն կը գերիշխէ գոյնի կիրարկումը: Նկարիչին նոր դրսեւորումները կ'արտայայտուին նկարներու չափաւորութեամբ: Աշխատանքներէն երեքը ցուցադրուած են Անկախներու սալոնին մէջ (Société des Artistes Indépendants): Ապրիլին իրեն այցելած է ամերիկացի նկարիչ Տոտճ Մէք Նայթ (Dodge MacKnight), որ Ֆոնվիէն շատ հեռու չէր ապրեր (Fontvieille):

7 Մայիսին վան Կոկ տեղափոխուած է Café de la Gare, որու տնօրէններն էին Ժոզէֆ եւ Մարի Ժինուները (Joseph and Marie Ginoux): «Դեղին տունը» պէտք էր ձեւափոխուէր, նախքան իր հոն հաստատուիլը: Նկարիչը կ'ուզէր, որ անիկա արհեստանոց մը ըլլար, ուր ցուցադրուէին իր նկարները` «վան Կոկի աթոռը» (1888), «Ննջասենեակ Առլի մէջ» (1888), «Գիշերային սրճարանը» (1888), «Սրճարանի գիշերային պատշգամը» (1888), «Աստղալից գիշեր Ռոնի վրայ» (1888), «Ծաղկաման` 12 արեւածաղիկներով » (1888), որոնք բոլորն ալ նախատեսուած էին իբրեւ զարդ ծառայելու «Դեղին տան» համար:

Փոլ Կոկենի այցելութիւնը (1888)

Խմբագրել
 
Փոլ Կոկեն, «Արեւածաղիկներ նկարողը», 1888, վան Կոկի թանգարան, Ամսթերտամ

1888-ին Երբ Փոլ Կոկեն համաձայնած է այցելել Առլ, վան Կոկ յոյսեր փայփայած է իր վաղեմի երազը իրականացնելու, որն էր՝ նկարիչներու հաւաքական աշխատանքներ կազմակերպել: Սպասման մէջ, Օգոստոս ամսուան ընթացքին, ան նկարած է «Արեւածաղիկներ»: Երբ Պոշ (Boch) կրկին այցելած է վան Կոկի, վերջինս նկարած է անոր դիմանկարը, ինչպէս նաեւ «Բանաստեղծն ընդդէմ աստղալից երկինքի» գործը:

Փոլ Կոկենի այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրին մէջ վան Կոկ փոստային բաժանմունքի ղեկավար Ժոզեֆ Ռուլանի (Joseph Roulin) խորհուրդով գնած է երկու մահճակալ (վան Կոկ նկարած է Ռուլանի դիմանկարը): 17 Սեպտեմբերին ան առաջին անգամ գիշերած է Դեղին տան մէջ: Երբ Կոկեն համաձայնած է մնալ Առլ եւ աշխատիլ իրեն հետ, վան Կոկ սկսած է աշխատիլ իր «Դեղին տան զարդարանքներ» շարքին վրայ: Աւարտած է երկու գործ` «վան Կոկի աթոռը» եւ «Կոկենի բազկաթոռը»:

վան Կոկի բազմաթիւ յորդորներէն ետք Կոկեն Առլ ժամանած է 23 Հոկտեմբերին, իսկ Նոյեմբերին անոնք սկսած են միասին նկարել: Կոկեն վան Կոկը գծած է արեւածաղիկները նկարելու ատեն: վան Կոկ Կոկենի առաջարկած է յիշողութեան վրայ հիմնուելով նկարել: Անոնց առաջին համատեղ աշխատանքը «Ալիսքեմփ» (ֆրանսերէն՝ Les Alyscamps) նկարը եղած է: Այս այցելութեան ընթացքին Կոկենի միակ նկարը եղած է «վան Կոկը արեւածաղիկներ նկարելու ատեն» :

վան Կոկ եւ Կոկեն Դեկտեմբեր 1888-ին այցելած են Մոնփելիէ (Montpellier), ուր Ֆապր թանգարանին մէջ (Musée Fabre) տեսած են Քուրպէի (Courbet) եւ Տելաքրուայի (Delacroix) գործերը: Սակայն շուտով երկու նկարիչներու յարաբերութիւնները վատացած են. վան Կոկ հիացած էր Կոկենով, սակայն Կոկեն գոռոզ էր եւ իշխող բնաւորութիւն մը ունէր, ինչ որ կը վրդովեցնէր վան Կոկը: Անոնք յաճախ կը վիճէին եւ վան Կոկ կը մտահոգուէր, որ Փոլ Կոկեն կրնար օր մը լքել զինք:

Առլի Հիւանդանոցին Մէջ (Դեկտեմբեր, 1888)

Խմբագրել
 
Տեղական թերթին`30 Դեկտեմբեր 1888-ին հրատարակուած հատուած մը, ուր կը ներկայացուի վան Կոկի ինքնայարձակումը:

Յայտնի չէ, թէ ճիշդ ի՛նչ էին այն դրդապատճառները, զորս յանգեցուցած էին իր ականջը կտրելուն: Դէպքէն 15 տարի ետք Կոկեն նշած է, թէ նախորդող գիշերը իրենց յարաբերութիւնները վատացած են: Թէօ Կոկենէն պարտքի գումար վերցուցած էր, եւ Կոկեն կասկած էր, թէ եղբայրները նիւթապէս զինք կը չարաշահէին: Հաւանական է, թէ վան Կոկ զգացած էր, որ Կոկեն մեկնելու կը պատրաստուէր:

Յաջորդող օրերուն յորդառատ անձրեւ տեղացած է եւ երկու նկարիչները ստիպուած են Դեղին տան մէջ մնալ: Հետագային Կոկեն յայտնած է, թէ վան Կոկ հետեւած է իրեն, երբ ինք դուրս ելած է տունէն զբօսնելու համար, եւ «յարձակած իր վրայ` բաց ածելին ձեռքին»: Սակայն այս տեղեկութիւնը չէ հաստատուած: Կոկեն, ամենայն հաւանականութեամբ, այդ գիշեր բացակայած է Դեղին տունէն եւ հաստատուած՝ հիւրանոցի մը մէջ:

Կոկենի հետ ունեցած վէճէն ետք վան Կոկ վերադարձած է իր սենեակը, ուր հոգեկան տագնապներ ապրած է եւ իր ձախ ականջը կտրած է ածելիով: Յաջորդ առտու վան Կոկ անգիտակից վիճակի մէջ յայտնաբերած են ոստիկանները եւ հիւանդանոց տարած, ուր զինք զննած է բժիշկ Ֆելիքս Ռէյը (Félix Rey), որ երիտասարդ եւ անփորձ բժիշկ մըն էր: Հիւանդանոց հասցուցած են նաեւ ականջը, սակայն բժիշկ Ռէյ չէ փորձած զայն վերականգնել, քանի որ բաւական ժամանակ անցած էր:

Դէպքին մասին Կոկեն անմիջապէս տեղեկացուցած է Թէոյին, որ ամուսնացած էր իր վաղեմի ընկերոջ` Անտրիես Պոնկըրի (Andries Bonger) քրոջ` Եոհաննային (Johanna) հետ: Թէօ նոյն երեկոյեան, Ծննդեան տօնին, Վինսընթի քով հասած է եւ փորձած՝ հանգստացնել զինք: Նոյն գիշեր ան ձգած է Առլը եւ ուղղուած՝ Փարիզ:

Կոկեն փախած է Առլէն եւ այնուհետեւ երբեք չէ հանդիպած վան Կոկի: Բայց անոնք պահած են իրենց նամակագրական կապը:

7 Յունուար 1889-ին վան Կոկ վերադարձած է Դեղին տուն: Յաջորդ ամիսը ան անցուցած է տան եւ հիւանդանոցին մէջ` հոգեկան տագնապներ ապրելով: Մարտին ոստիկանութիւնը 30 քաղաքացիի, որոնցմէ՝ Ժինու (Ginoux) ընտանիքին բողոքներուն վրայ հիմնուելով տունը փակած են: վան Կոկ վերադարձած է հիւանդանոց: Ապրիլին հիւանդանոցէն տեղափոխուած է բժիշկ Ռէյի վարձած սենեակը, քանի որ անձրեւներն ու հեղեղները վնասած էին իր տան մէջ գտնուող նկարները: Երկու ամիս անց ան ձգած է Առլը եւ իր կամքով տեղափոխուած Սեն Ռեմի տը Փրովանս (Saint-Rémy-de-Provence):

1899-ին վան Կոկ բժիշկ Ռէյի նուիրած է «Բժիշկ Ֆելիքս Ռէյի դիմանկարը», սակայն բժիշկը, նկարչութեան սիրահար չըլլալով, զայն օգտագործած է հաւնոցին մէջ: 2016-ին նկարը տեղափոխուած է Փուշքինի անուան կերպարուեստի թանգարանը եւ գնահատուած՝ 50 միլիոն տոլարով[15][16]:

Սեն Ռեմի (Saint-Rémy) (Մայիս, 1889 - Մայիս, 1890)

Խմբագրել
 
Աստղալից գիշեր, Յունիս 1889, Ժամանակակից արուեստի թանգարան, Նիու Եորք

վան Կոկ Սեն Փոլ տը Մաուսոլի (Saint-Paul-de-Mausole asylum) հոգեբուժարան մտած է 8 Մայիս 1889-ին իր խնամակալին` բողոքական հոգեւորական Ֆրետերիք Սալեսի (Frédéric Salles) ուղեկցութեամբ: Սեն Փոլ մենաստան մըն էր Սեն Ռեմիի մէջ, որ կը գտնուէր Առլէն 30 քմ. հեռաւորութեան վրայ: Հիւանդանոցը կը ղեկավարէր ռազմածովային բժիշկ Թէօֆիլ Փեյրըն (Théophile Peyron): վան Կոկ ունէր երկու խուց` փակ պատուհաններով, որոնցմէ մէկը կ'օգտագործէր իբրեւ արուեստանոց: Հիւանդանոցն ու իր այգին կը դառնան Վինսընթի նկարչական հիմնական առարկաները: Այս շրջանին գծած է «Աստղալից գիշերը», ինչպէս նաեւ նոճիներ եւ ձիթենիներ: Սեպտեմբեր 1889-ին նկարած է նաեւ Առլի ննջասենեակին երկու տարբերակները:

Հիւանդանոցին տարածքէն դուրս ելլելու հնարաւորութիւն չունենալով` վան Կոկ սկսած է աշխատիլ այլ նկարիչներու, օրինակ` Ժան Ֆրանսուա Միլլէի աշխատանքներուն եւ իր` աւելի վաղ շրջանի գործերուն վերարտադրութեան վրայ:

Իր «Բանտարկեալներու զբօսանք» նկարը (1890) ստեղծած է Կիւսթաւ Տորէի (Gustave Doré) փորագրութիւններէն ետք:

Փետրուար-Ապրիլ1890-ի ամիսներուն վան Կոկ ծանր շրջան ապրած է: Աւելի ուշ ան եղբօրը գրած է, որ քանի մը ոչ մեծ նկարներ ստեղծած է «հիւսիսի մասին յիշողութիւններէն»: Այդ աշխատանքներէն է «Երկու գիւղացի կիներ մայրամուտին ձիւնածածկ դաշտին մէջ կը փորեն » կտաւը:

Ֆրանսացի բանաստեղծ, նկարիչ Ալպեր Օրիէ (Albert Aurier) Mercure de France պարբերականին` 1890-ի Յունուարի թիւին մէջ վան Կոկը «հանճար» անուանած է: Փետրուարին վան Կոկ նկարած է տիկին Ժինուի (Madame Ginoux) հինգ տարբերակ` օգտուելով ածուխով գծանկարներէն, զորս ստեղծած էր Կոկեն, երբ Նոյեմբեր 1888-ին կինը իբրեւ բնորդ ծառայած էր երկու նկարիչներուն:

Օվեր Սիւր Ուազ (Auvers-sur-Oise) (Մայիս-Յուլիս, 1890)

Խմբագրել
 
Սպիտակ տունը գիշերով, 1890, նկարած է իր մահէն վեց շաբաթ առաջ:

Մայիս 1890-ին վան Կոկ ձգած է Սեն Ռեմիի հիւանդանոցը եւ բժիշկ Փոլ Կաշէին (Dr. Paul Gachet) աւելի մօտ ըլլալու նպատակով հաստատուած է Օվեր սիւր Ուազ: Կաշէ սիրողական մակարդակով նկարիչ էր եւ կապեր հաստատած էր քանի մը տարբեր նկարիչներու հետ:

 
Ծառերու արմատներ, Յուլիս 1890, վան Կոկի թանգարան, Ամսթերտամ:


 
Եկեղեցի Օվերի մէջ, 1890, Օրսէյ թանգարան (Musée d'Orsay), Փարիզ:

Սեն Ռեմիի մէջ եղած վերջին շաբաթներուն անոր միտքերը վերադարձած էին հիւսիսային յիշողութիւններուն. Օվերի մէջ ստեղծուած շուրջ 70 իւղանկարներէն շատերը կը յիշեցնեն հիւսիսային տեսարաններ: Յունիս 1890-ին ան նկարած է բժիշկի քանի մը նկարներ, անոնցմէ` «Բժիշկ Կաշէի դիմանկարը»:

վան Կոկ թէոյի գրած է, որ ցորենի դաշտերը կը ներկայացնեն իր «թախիծը եւ ծայրահեղ մինակութիւնը», եւ որ նկարները կրնան պատմել այն, ինչ որ ինքը չի կրնար արտայայտել բառերով:

 
L'Écho Pontoisien թերթին համարը, ուր կը տեղեկացուի վան Կոկի մահուան մասին, 7 Օգոստոս 1890:

27 Յուլիս 1890 -ին, 37 տարեկան հասակին վան Կոկ անձնասպան եղած է սնտուկին մէջ պահուող revolver ատրճանակով [17]: Վկաներ չեն եղած. ան մահացած է դէպքէն 30 ժամ ետք: Կ'ըսուի, թէ ինք այդ արարքը գործած է ցորենի դաշտին մէջ, նկարելու ընթացքին, կամ տեղի մարագներէն մէկուն մէջ: Գնդակը անցած էր անոր կողոսկրներէն դէպի կուրծքը` առանց վնասելու ներքին օրկանները, հաւանաբար կանգ առնելով ողնայարին մէջ: Ան կրցած է վերադառնալ Օպերկ Ռավու, ուր իրեն այցելած են երկու բժիշկներ, սակայն առանց վիրաբոյժի ներկայության` գնդակը չէին յաջողած հեռացնել: Բժիշկները իրենց գործը աւարտելէ ետք զինք ձգած են իր սենեակին մէջ, իսկ իրենք` ծխամորճ ծխած: Յաջորդ առտու Թէօ շտապած է եղբօր քով` զինք գտնելով լաւ տրամադրութեան մէջ, սակայն քանի մը ժամ ետք Վինսընթի վիճակը վատացած է վէրքէն յառաջացած վարակին պատճառով:Ան մահացած է 29 Յուլիսի առաւօտեան: Թէոյի խօսքերով Վինսընթի վերջին բառերը եղած են. «Թախիծը կ'երկարի յաւիտեան»[18][19][20]:

 
Վինսընթի եւ Թէոյի գերեզմանները Օվեր սիւր Ուազի քաղաքային գերեզմանատան մէջ

վան Կոկ թաղուած է 30 Յուլիսին Օվեր սիւր Ուազի քաղաքային գերեզմանոցին մէջ: Թէօ հիւանդ էր, եւ անոր առողջութիւնը աւելի վատացած էր եղբօր մահէն ետք. չդիմանալով եղբօր կորուստին, առողջութիւնը կորսնցնելով մահացած է 25 Յունուար 1891-ին եւ թաղուած Իւթրեխթի մէջ (Utrecht) : 1914-ին անոր կինը` Եոհաննա վան Կոկ-Պոնկեր (Johanna van Gogh-Bonger), կազմակերպած է Թէոյի աճիւններուն տեղափոխումը Իւթրեխթէն Վինսընթի քով` Օվեր Սիւր Ուազ:

Տպաւորապաշտ Գեղանկարիչին Գոյներու Բախումը Բացատրող Յայտնութիւն մը

Խմբագրել

վան Կոկ ունէր գոյներու սուր զգացողութիւն եւ վառ ու զիրար հակասող երանգներու նախընտրութիւն մը, որ երկար ժամանակ արուեստի ֆովիսթ շարժումին բնորոշ յատկանիշն էր: Ճափոնցի բժիշկ, գիտնական եւ բանաստեղծ Քազունորի Ասատայի համաձայն, վան Կոկի գեղանկարները շատ աւելի կը գեղեցկանան եւ շատ աւելի բնական կը թուին անուղղակի լոյսի տակ. «Գոյներու բախումը եւ գիծերու կոպտութիւնը աննկատ կ՛անհետանան, իւրաքանչիւր գեղանկար կը վերածուի փայլուն գործի մը` շատ նուրբ գիծերով եւ երանգներով»: Այնուհետեւ Ասատա իր փորձարկութիւնը շարունակած է համակարգչային սարքով մը, որ կը ստեղծէ գոյները ճանչնալու կարողութեան տարբեր մակարդակներ: Ապա ան կեդրոնացած է գոյները ճանչնալու միջին թերութեան մը վրայ, որ իր կարծիքով, լաւագոյն ձեւով կը բնորոշէր վան Կոկի գոյներու ճանաչողութիւնը: Ան եզրակացուցած է, թէ վան Կոկի աչքը միջին չափով զուրկ էր կարմիր գոյնի երանգները ընկալելու կարողութենէն: Ասատայի փորձարկութեամբ` «Ցորենի դաշտեր` Ս. Փօլ հիւանդանոցին ետին» վերնագիրով պաստառին կարմիր եւ նարնջագոյն վրձնահարուածները կը ստանան աշնանային ոսկեգոյնի երանգներ: «Աստեղազարդ երկինք» գեղանկարին զգայացունց կանաչը կը ստանայ դեղինի երանգներ: «Սերմնացանը» գեղանկարին դաշտէն կ՛անհետանան կարմիրն ու նարնջագոյնը, իսկ «Արեւածաղիկները» կը դառնայ մռայլ: Ապա կայ նաեւ փիլիսոփայական վէճը. ինչպէ՞ս կարելի է վիճիլ, թէ վան Կոկի գեղանկարները աւելի գեղեցիկ կ'երեւին` լոյսը զտող յատուկ գործընթացէ մը անցնելով: Մտածել, թէ գեղանկարիչին արուեստի գրգռիչ նախընտրութիւնները պարզապէս արդիւնք են առողջական վիճակի մը, կը նշանակէ ամբողջութեամբ անտեսել անոր ստեղծագործական աշխատանքը: վան Կոկի գոյները դիտումնաւոր կերպով կը բախին իրարու: Գոյներու ոչ աւանդական զուգորդումները մաս կը կազմէին յետտպաւորապաշտ եւ ֆովիսթ շարժումներու գեղագիտական ոճին: Արդեօք Փօլ Կոկեն եւ Անտրէ Տըրան ե՞ւս գոյները չէին ճանչնար:[21]:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Եորղոս Եաքովիտիս

Ռենուար

Փոլ Կօկէն

Ռամպրանտ վան Ռէյն

Տիէկօ Ռիվերա

Ռամպրանտ վան Ռէյն

Տիէկօ Ռիվերա

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. https://westbrabantsarchief.nl/collectie/voorouders/deeds/8759da72-f8d9-11df-a690-cd95c1e286e2?person=c5de19da-f8dd-11df-a690-cd95c1e286e2
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 Person Profile // Internet Movie Database — 1990.
  4. 4,0 4,1 4,2 4,3 4,4 Vincent van Gogh
  5. 5,00 5,01 5,02 5,03 5,04 5,05 5,06 5,07 5,08 5,09 5,10 5,11 5,12 5,13 RKDartists
  6. 6,0 6,1 6,2 https://westbrabantsarchief.nl/collectie/voorouders/deeds/8759da72-f8d9-11df-a690-cd95c1e286e2?person=c5de19da-f8dd-11df-a690-cd95c1e286e2
  7. 7,0 7,1 7,2 Կերպարվեստի արխիվ
  8. Ժամանակակից արվեստի թանգարանի առցանց հավաքածու
  9. https://www.oxfordartonline.com/page/impressionism-and-post-impressionism/impressionism-and-postimpressionism
  10. 10,0 10,1 10,2 https://www.metmuseum.org/toah/hd/gogh/hd_gogh.htm
  11. (unspecified title) — 1889.
  12. https://www.theartstory.org/artist/hokusai-katsushika/
  13. https://www.vangoghroute.nl/nederland/den-haag/goupil-cie/
  14. վան Կոկի Մասին Թաքուն Բաներ
  15. Cluskey Peter (12 July 2016)։ «Gun used by Vincent van Gogh to kill himself goes on display»։ The Irish Times։ արտագրուած է՝ 22 October 2016 
  16. «Portrait of Doctor Felix Rey Oil Painting Reproduction, 1889»։ van gogh studio (nl-NL)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 23 October 2016-ին։ արտագրուած է՝ 22 October 2016 
  17. Jones Jonathan (12 July 2016)։ «The whole truth about Van Gogh's ear, and why his 'mad genius' is a myth»։ The Guardian։ ISSN 0261-3077։ արտագրուած է՝ 22 October 2016 
  18. "La misère ne finira jamais", Études, 1947, p. 9, Bibliothèque nationale de France, département Philosophie, histoire, sciences de l'homme, D-33939
  19. "La tristesse durera toujours", François-Bernard Michel, La face humaine de Vincent Van Gogh, Grasset, 3 November 1999, 2-246-58959-2
  20. van Gogh Theodorus։ «Letter from Theo van Gogh to Elisabeth van Gogh Paris, 5 August 1890»։ Webexhibits.org։ արտագրուած է՝ 28 April 2015։ «he said, "La tristesse durera toujours" [The sadness will last forever]» 
  21. Գոյներու Բախումը Բացատրող Յայտնութիւն մը

Աղբիւրներ

Խմբագրել