Տիէկօ Ռիվերա
Տիէկօ Ռիվերա (8 Դեկտեմբեր 1886[5][2][3][…], Գուանախուատո, Մեքսիքօ[6] - 24 Նոյեմբեր 1957[1][2][3][…], Coyoacán, Մեքսիքօ Սիթի, Մեքսիքօ[6]) Մեքսիքօ մայրաքաղաքի հարուստ արուարձաններէն։ Մեքսիքացի նկարիչ։ Ան հանրածանօթ դարձաւ որմային նկարչութեան ընդմէջէն։ Իր ընդարձակ որմանկարները օգնեցին պատի նկարչութեան շարժման հաստատման՝ Մեքսիքոյի եւ միջազգային արուեստին մէջ։
Տիէկօ Ռիվերա սպ.՝ Diego Rivera | |
---|---|
Մեքսիքացի նկարիչ, որմանկարիչ, քանդակագործ | |
Ծննդեան անուն | սպ.՝ Diego María de la Concepción Juan Nepomuceno Estanislao de Rivera y Barrientos Acosta y Rodríguez |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Barrientos, Diego María Rivera |
Ծնած է | 8 Դեկտեմբեր 1886 |
Ծննդավայր | Կուանախուաթօ, Մեքսիքօ |
Մահացած է | 24 Նոյեմբեր 1957[1][2][3][…] (70 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Սան Անհել, Մեքսիքօ քաղաք |
Քաղաքացիութիւն | Մեքսիքօ |
Կրօնք | Անաստուած |
Ուսումնավայր |
Սան Քարլոսի Գեղարուեստի ազգային Դպրոց Ֆրանսայի Գիտութիւններու Ակադեմիա Լոս Անճելըս |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | Մեքսիքոյի ժողովուրդին դիւցազնավէպը, Կիրակնօրեայ հետ միջօրէին երազ մը, Ալամետա կեդրոնին մէջ, Ռիօ Խուչիտան, Ռամոն Կոմեզ տէ լա Սերնային կենդանագիրը, Տիթրոյթի գործարաններուն որմանկարներ, The Banana Leaf Loader?, Allegory of California? եւ The Making of a Fresco Showing the Building of a City? |
Տեսակ | social-artistic project?[4] |
Մասնագիտութիւն | գեղանկարիչ, որմանկարիչ, քանդակագործ |
Անդամութիւն | Մեքսիքոյի համայնավար կուսակցութեան |
Կուսակցութիւն | Մեքսիկական կոմունիստական կուսակցություն? |
Ամուսին | Ֆրիտա Քալօ, Անճելինա Պելոֆ |
Երեխաներ | Մարիքա Ռիվերա եւ Ռութ Ռիվերա Մարին |
Համոզումով համայնավար եւ նաեւ անդամ՝ Մեքսիքոյի Համայնավար կուսակցութեան։
1922-էն մինչեւ 1953 թուականներուն, Ռիվերա որմանկարներ կը նկարէ գլխաւորաբար Մեքսիքօ Սիթի, Չափինկօ, Կուերնաւաքա, Սան Ֆրանսիսքօ, Տիթրոյթ եւ Նիու Եորք քաղաքներուն մէջ։ Ան ամուսնացած է չորս անգամ, որոնցմէ երկուքը՝ նկարիչ Ֆրիտա Քալոյին հետ։
1931 թուականին անոր գործերը կը ցուցադրուին Նիու Եորքի Արդի Արուեստի թանգարանին մէջ։[7], [8]
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելՄանկութիւն
Խմբագրել1886 թուականին Կուանախուաթօ քաղաքին մէջ, երկուորեակներ Տիէկօ Մարիա եւ Քարլոս Մարիա Ռիվերա կը ծնին։ 1888 թուականին Քարլոս Մարիան կը մեռնի։
1893 թուականին Ռիվերա ընտանիքը Մեքսիքօ կը տեղափոխուի։
Կազմաւորում
Խմբագրել1896 թուականին Տիէկօ կ՛ուսանի Սան Քարլոս քաղաքի Գեղարուեստի ազգային Դպրոցին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ կ՛ելլէ 1905-ին։
1907-ին Վերաքրուզ պետութեան կառավարիչէն (Մեքսիքօն փոքր պետութիւններուն դաշնակցութիւն մըն է) կրթաթոշակ մը կ՛ընդունի։ Այսպէս հնարաւորութիւնը կ՛ունենայ Եւրոպա ուսանելու։
Եւրոպայի Տարիները
ԽմբագրելԵւրոպա կը հասնի եւ Մատրիտ կը հաստատուի։ Երբ հոն ուսումը կ՛աւարտէ, Փարիզ կ՛անցնի։ Քանի մը շաբաթ ետք, կը ճամբորդէ դէպի հիւսիսային Եւրոպա, յատկապէս Պելճիքա եւ Հոլանտա, ապա՝ Լոնտոն։
1909 թուականին, Պրիւքսէլ, կը հանդիպի Անճելինա Պելոֆ ռուս նկարչուհիին։ Փարիզ՝ կ՛ամուսնանան։ Տասներկու տարիներ կը տեւէ անոնց ամուսնութիւնը։ 1910-ին Ռիվերան կը սկսի աշակերտել տպաւորչական հոսանքի նկարիչ Օքթաւ Կիյոնէին մօտ։ Նոյն տարին, Մեքսիքօ կը վերադառնայ, որպէսզի ներկայ գտնուի երկրին անկախութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն։ Նոյեմբեր 20, 1910-ին Ռիվերա իր գործերը կը ցուցադրէ Սան Քարլոս, իր յաճախած դպրոցին մէջ։ Ցուցահանդէսին բացումը կը կատարէ Տիազ նախագահին տիկինը՝ Քարմելիթա Տիազ։ Վերջինս կը գնէ Ռիվերայի 6 գործեր իր անձնական հաւաքածոյին համար, իսկ Մեքսիքոյին պետութիւնը՝ 5 գործեր։ Սակայն, այդ օրը կը ծագի Մեքսիքոյի Ապաստամբութիւնը եւ արագ կը տարածուի ամբողջ երկրին մէջ։ Նախագահ Տիազ, երկիրը կը լքէ 1911 թուականի Մայիսին, յոյսով Մեքսիքօն չմխրճուի եղբայրասպան կռիւներու։
Ռիվերան, իր գործերուն վաճառէն բաւական դրամ շահած, Փարիզ կը մեկնի 1911-ին։
1912-ի ամառուան եւ ձմեռուան եղանակները Մատրիտ՝ Սպանիա, կ՛անցընէ։ Կողակիցին հետ Մատրիտը կը պտտին, Քաթալունիա Catalunya -Catalogne եւ Թոլետօ կ՛այցելեն։ Թոլետօ, կը հետաքրքրուի Էլ Կրէքոյին գործերով։
1914 թուականին Փարիզի Մոնփառնաս շրջանը կը հաստատուի։ Շրջանակը նկարիչներ են։ Կ՛ազդուի խորանարդաձեւութեան հոսանքէն։ Բարեկամները կ՛ըլլան՝ Մոտիլիանի Amedeo Modiglian ․ ան կը նկարէ Ռիվերային դիմանկարը, Աղեքսանտր Զինովիու, որուն խորանարդաձեւ դիմանակարը Ռիվերան կը նկարէ[9]։
Մեքսիքօն եղբայրասպան պատերազմի մէջ ըլլալով, Ռիվերան պետութենէն չի կրնար պարտքերը գանձել․ կը գտնուի աղքատ եւ առանց նիւթական աղբիւրի վիճակի մը մէջ։
1916 թուականի Օգոստոսին, կինը Պելոֆ մանչ զաւակ մը կը ծնի, որ սակայն հազիւ 14 ամսուան, կը մահանայ։
Ռիվերան, կը սկսի կապ մը Մարի Վորոպիէֆ ռուս նկարչուհիին հետ։ Այս ապօրինի կապը տասը տարի պիտի տեւէ։ Միաժամանակ, բազմաթիւ զաւակներ կ՛ունենայ ուրիշ սիրածներու հետ ալ, սակայն անոնց հայրութիւնը երբեք պիտի չստանձնէ:
Գործերը, կը ցուցադրուին Նիու Եորքի Արդի Ճեմելիքին մէջ, Փիքասօ, Վան Կոկ եւ Սեզան նկարիչներուն գործերուն կողքին։
1919 թուականին, Մեքսիքոյի սահմանադրական կառավարութիւնը Ռիվերան կը հրաւիրէ վերադառնալ երկիր։ Իրեն դրամանպաստ մը կը շնորհէ, որով ան Իտալիա կը ճամբորդէ, որմանկարչութիւն ուսանելու համար։
Մեքսիքօ վերադարձը
Խմբագրել1921-ին, Ռիվերա Մեքսիքօ կը վերադառնայ, Ապստամբութիւնը վերջացած ըլալով։ Կ՛ըլլայ հիմնադիրներէն մէկը «Ապստամբ Աշխատաւորներու, Արհեստագէտներու, Նկարիչներու եւ Քանդակագործներու Արհեստակցական Ընկերութեան» Sindicato Revolucionario de Trabajadores Técnicos, Pintores y Escultores․ զայն կը հետաքրքրէ համայնավարութեան գաղափարախօսութիւնը։ Կ՛իրականացնէ իր առաջին որմանկարչութիւնը․ ձախ-ազգայնական քաղաքական եզրի մէջ կը պատկերուին մեքսիքեան ազգագրական նիւթեր։
1922-ին, կ՛ամուսնանայ Կուատելուփ Մարինին հետ․ կ՛ունենան երկու աղջիկներ՝ Կուատելուփ եւ Ռութ։ Նոյն տարին, կ՛անդամակցի Մեքսիքոյի Համայնավար Կուսակցութեան։
Կ՛ընդառաջէ յեղափոխական կառավարութիւններուն պատուէրներուն եւ կը դառնայ պաշտօնական նկարիչներէն մին։
Խօսէ Քլեմենթէ Օրօզօ, Դաւիթ Ալֆարօ Սիքիերոս եւ Ռուֆինօ Թամայօ նկարիչներուն հետ կը փորձեն նկարել հսկայ որմանկարներ։ Նիւթերը՝ 1910 թուականի յեղափոխութենէն եւ 1911-1920 թուականի եղբայրասպան պատերազմէն առնուած են, ունին պարզ ոճ եւ վառ գոյներով կը ներկայացուին։
1927 – 1930 թուականներուն, զայն նիւթապէս կ՛օժանդակէ Մեքսիքոյի մօտ ԱՄՆ դեսպան՝ Տիուայթ Մորոու։ Ռիվերա կը նկարէ Քուերնաւաքայի «Քորթես» հին պալատին մէջ որմնանկար մը բազմաթիւ պատկերներով․ Historia de Morelos, Conquista y Revolucíon. կը պարզէ բանուորներուն աշխատանքի վատ պայմանները եւ անոնց շահագործումը գործարարներուն կողմէ։
1929-ին Ամերիկացի լրագրող Էրնըսթին Իվանս, Նիու Եորք քաղաքին մէջ Տիէկօ Ռիվերային որմանկարներու գիրքը կը հրատարակէ․ նկարիչին մասին անգլերէն լեզուով առաջին հրատարակուող գիրքն է։
Այս ժամանակին, կը ծանօթանայ համայնավար համոզումներով Ֆրիտա Քալօ նկարչուհիին։ 1927 թուականի աշնան, Մոսկուա կը ճամբորդէ, ներկայ գտնուելու համար Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեան տօնակատարութիւններուն։ Յաջորդ տարին, կը վտարուի հակասովիէթական գործունէութեան ամբաստանութեամբ։ 1929 թուականին՝ Մեքսիքօ վերադարձին, համայնավար կուսակցութենէն կը վտարուի։
1930 – 1940 տասնամեակին, յաճախ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կ՛այցելէ եւ կը նկարէ ընդհանրապէս ճարտարարուեստի բնագաւառէն նիւթերով գործեր։ Ամենագլխաւոր որմանկարը կը զարդարէ Տիթրոյթ քաղաքին Արուեստի Հիմնարկին պատը։
1929 թուականին, 43 տարեկանին, կ՛ամուսնանայ 21 տարեկան Ֆրիտա Քալօին հետ։ Կ՛ամուսնալուծուին 1939 թուականին եւ տարի մը ետք, կրկին կ՛ամուսնանան։
1929-1935, կ՛իրականացնէ Մեքսիքոյի Ազգային Պալատին գլխաւոր մուտքին աստիճաններուն պատերուն վրայ, իր գլուխ գործոցներէն՝ «Մեքսիքացի ժողովուրդին դիւցազնավէպը» որմանկարը։
Վերջին տարիները
ԽմբագրելԱ․Մ․Ն․ուն մէջ
Խմբագրել1930 թուականի Նոյեմբերին, կնոջ հետ Սան Ֆրանսիսքօ կը մեկնին։ 1930-1931 թուականներուն Սակարանը կը զարդարէ իրականացնելով «Քալիֆորնիոյ այլաբանութիւն» գործը։ Կը յաջորդէ Քալիֆորնիոյ Գեղարուեստի Դպրոցին «Որմանկարի իրականացում» որմանկարը, ուր կ՛ինքնաներկայանայ լաստակի մը վրայ, կռնակը հանդիսատեսներուն տուած։
1932-ին Ռիվերային կը վստահուի Տիթրոյթի Գեղարուեստի հիմնարկի շէնքին Պարտէզին Գաւիթի որմնանկարումը․ 27 պաստառներու վրայ կ՛իրականացնէ «Տիթրոյթին ճարտարարուեստը» հսկայ գործը։ Որմանկարներու շարքը ներշնչուած է Ֆորտ գործարաններէն, յատկապէս Ֆորտ V-8 մակնիշէն։ Այս գործին իրականացումը պատճառ կ՛ըլլայ որ Ռիվերա մօտէն ճանչնայ ճարտարարուեստի աշխարհը։
Ռիվերա, կ՛ընդառաջէ Ռոքֆելըր գործարարներուն առաջարկին եւ 1933-ին կ՛իրականացնէ Նիու Երոքի Ռոքֆելըր Կեդրոնի համալիրի Radio Corporation of America շէնքին մուտքին որմանկարը, որուն խորագիրն է՝ «Մարդը, ուղիներուն խաչմերուկին, նայուածքը կ՛ուղղէ դէպի լաւագոյն ապագան»․ սակայն գործը բանավէճերու առարկայ կը դառնայ։ Պատճառը հետեւեալն է․ ուրուանկարը պէտք էր ընդգրկել արհեստակցական ղեկավարի մը պատկերացումը, սակայն Ռիվերան կը նկարէ Լենինին դիմանկարը։ Ռիվերան գործէն կ՛արձակուի եւ 1934 Փետրուարին որմանկարը կը քանդուի։
Ետ՝ Մեքսիքօ
ԽմբագրելՄեքսիքօ վերադարձին, Ռիվերա կնոջ հետ կը հաստատուին Պոհաուզ Bauhaus ոճով կառուցուած բնակարանի մը մէջ, Մեքսիքոյի Սան Անխել արուարձանը։ Աշխատանոց բնակարանը բաղկացած է երկու խորանարդաձեւ շէնքերէ, որոնք կամրջակով մը կը միանան։ Փոքր կապոյտ շէնքը կը յատկացուի Ֆրիտա Քալօին, իսկ միւսը, բաց վարդագոյնը՝ կը դառնայ Ռիվերային ծաւալուն աշխատանոցը։
1934-ին սէրային կապ կը հաստատէ կնոջ քրոջը հետ՝ Քրսիտինա․ Ֆրիտան վիրաւորուած, տունէն կը մեկնի։ Բայց 1935 թուականին, քրոջը կը ներէ եւ Ռիվերային հաշտութեան նամակ կը գրէ։
1936-ին Ռիվերան կը վերամիանայ 4րդ Միջազգայնականի Quatrième Internationale Մեքսիկեան թեւին։ Բարեկամական կապ կը հաստատէ աքսորուած Լէոն Թրոցքիի հետ Leon Trotsky - Лев Давидович Троцки․ վերջինս 1937 Յունուարէն կը բնակի Ֆրիտային պապենական տան մէջ։ Ֆրիտա ջերմ կապ կը հաստատէ Թրոցքիին հետ ու Ռիվերային տունէն կը մեկնի։ Ռիվերան եւ Թրոցքին հակառակութեան մէջ են եւ այս պատճառով Ռիվերան կասկածի տակ կը գտնուի Թրոցքիին դէմ անյաջող մահափորձէն ետք։
Ռիվերան երկիրը կը լքէ ու Քալիֆորնիա կ՛ապաստանի։ Ոսկեայ Դարպասի Միջազգային Ցուցահանդէսին համար Golden Gate International Exposition կ՛իրականացնէ տասը պաստառներով որմանկար մը, «Փանամերիկեան Միութիւն» խորագրով։
21 Օգոստոս 1940-ին, Թրոցքին կը սպաննուի։ Ռիվերային բնակարանը կը խուզարկեն եւ կինը Ֆրիտան կը հարցաքննեն։ Ռիվերան, կինը Ա․Մ․Ն․ բերել կու տայ, ուր կը պսակուին Դեկտեմբեր 8, 1940-ին։
1942-ին Քոյոաքան, Մեքսիքոյին հարաւը, կը կառուցէ շէնք մը որ «Անահուաքալի» Anahuacalli կ՛անուանէ․ մտադիր է հոն տեղադրել իր նախասպանական շրջանի հաւաքածոյին հազարաւոր իրերը։ Շէնքը, Ռիվերային վկայումով, Ազթեքեան, Մայեան եւ Ռիվերայի աւանդական ոճերու խառնուրդ մըն է։ 1964-ին, Ռիվերային մահէն ետք, շէնքը թանգարանի կը վերածուի։
1943-ին Ազգային Ճեմարանին հիմնադիրներէն մէկը կ՛ըլլայ։
1947-ին պատի նկարչութեան գլխաւոր գործերէն մէկը կ՛իրականացնէ՝ «Կիրակնօրեայ հետ միջօրէին երազ մը, Ալամետա կեդրոնին մէջ» Sueño de una tarde dominical en la Alameda Central։
1950-ին Փապլօ Ներուտայի Pablo Neruda «Քանթօ Ղենեռալը» Canto general կը պատկերազարդէ եւ կ՛արժանանայ Գիտութեանց եւ Արուեստի Ազգային Մրցանակին։
1952-ին Կաճարի Ողիմպիական Մարզադաշտին համար, կ՛իրականացնէ «Համալսարանը, Մեքսիկեան ընտանիքը, խազաղութիւնը եւ մարզիկ երիտասարդութիւնը» La Universidad, la familia mexicana, la paz y la juventud deportista որմանկարը։
1953-ին Մեքսիքոյի հիւանդանոցի մը համար, վերջին որմանկարը կ՛իրականացնէ «Առողջ մնալու ժողովուրդին փափաքը» խորագրով։ Նաեւ նոյն տարին, կ՛իրականացնէ ամենամեծ գործերէն մէկը․ Մեքսիքօ քաղաքին Սան Խօսէի Ապստամբները San José Insurgentes արուարձանին մէջ, Ապստամբներու պողոտային վրայ գտնուող «Ապստամբներու թատրոն»ին հսկայ որմանկարը։ Հսկայ որմանկարը կիտուած է ապակեայ քարիկներով պնակաձեւ Վենետիկեան խճանկարներու վրայ։ Կը ներկայացնէ Մեքսիքոյի պատմութեան տարբեր հանգրուանները։
1954, Յուլիս 13-ին Ֆրիտա Քալօն կը մահանայ։ Նոյն տարին, Ռիվերան «Անահուաքալի»ն Anahuacalli եւ Ֆրիտային պապենական տունը, «Կապոյտ Տունը» Casa Azul (յետագային կը դառնայ «Ֆրիtա Քալոյի թանգարան» Museo Frida Kahlo) Մեքսիքոյի ժողովուրդին կը նուիրէ:
1955 թուականին կ՛ամուսնանայ Ֆրիտայի ընկերուհիներէն՝ Էմմա Հութատոյին հետ եւ միասին Սովիէթական Միութիւն կւ ճամբորդեն, որպէսզի հոն Ռիվերան գործողութեան մը ենթարկուի։
24 Նոյեմբեր, 1957 թուականին, Ռիվերա կը մահանայ։ Կը թաղուի Rotonda de las Personas Ilustres վայրը՝ «Տոլորես Փանթէոն»ին մէջ։
Զանազան
Խմբագրել2002-ին, կը հրապարակուի «Ֆրիտա» ժապաւէնը․ ի միջի այլոց, կը պատմէ նկարիչին եւ Ֆրիտային աղմկալի սէրը։
Օգոստոս 30, 2010 թուականին, շրջագայութեան կը դրուի մեքսիկեան 500 փեսոս արժող թղթադրամը․ մէկ կողմը կը պատկերացուի Տիէկօ Ռիվերային 1941 թուականին ինքնադիմանկարը եւ նկարը՝ «Մերկ՝ ակօսախոտ շուշաններով», (1944)։ Թղթադրամին ետեւի մասը, կը պատկերացուի Ֆրիտա Քալոյին 1940 թուականին ինքնադիմանկարը եւ վերջինիս նկարը՝ «Սէրը կը գրկէ Աշխարհը, Երկիրը (Մեքսիքա), զիս, Դիէկօն եւ Տէր Xolotl» The Love Embrace of the Universe, the Earth (Mexico), Diego, I and Señor Xolotl։
[10][11] [12] [13] [14] [15] [16] [17] [18] [19] [20] [21] [22] [23] [24]
Գլխաւոր գործերէն
ԽմբագրելՆկարներ
Խմբագրել1907-ին «Ինքնակենդանագիր՝ եզրաւոր գլխարկի հետ» Autorretrato con chambergo, [25]
1908-ին «Ավիլա․ առտուն» La mañana de Avila,[26]
1908-ին «Ավիլայի փողոց» La calle de ‘Avila,[27]
1909-ին «Հեծեալ ցլասպանը» El Picador,[28]
1909-ին «Տունը կամուրջին վրայ» La casa sobre el Puente,[29]
1910-ին «Փոթորիկէն ետք» Después de la tormenta,[30]
191-ին «Բնավայր» Paisaje,[31]
1913-ին «Ատոլֆօ Պեսթ Մօկարի կենդանագիրը» Retrato de Adolfo Best Maugard,[32]
1912-13 թուականներուն «Երկրպագութիւն Աստուածամօր եւ մանուկին» Adoración de la virgen y el niño,[33]
1913-ն «Արեւը մշուշը կը ճեղքէ» El sol rompiendo la bruma,[34]
1913-ին «Կինը ջրհորին» La mujer en el pozo,[35]
1914-ին «Զարթնոցը» El despertador,[36]
1914-ին «Երկու կիներ» Dos Mujeres ․ կենդանագիր՝ Անճելինա Պելոֆ եւ Մարիա Տոլորես Պաստեան,[37]
1914-ին «Կենդանագրեր Kawashima եւ Foujita պարոններուն»,[38]
1914-ին «Երիտասարդը փետրամատիտով» Hombre joven con una pluma estilográ,[39]
1915-ին«Շաւիղը» El Rastro,[40]
1915-ին «Ռամոն Կոմեզ տէ լա Սերնային կենդանագիրը» Retrato de Ramón Gómez de la Serna,[41]
1915-ին «Զափաթիստեան բնավայր» Paisaje Zapatista,[42]
1915-ին «Մարեւնայի կենդանագիրը» Retrato de Marevna,[43]
1915-ին «Նստած կինը (Կիթառի մարմինով կինը)» Mujer sentada ( Mujer con cuerpo de guitarra),[44]
1916-ին, «Քաղաքային բնավայր» Urban landscape,[45]
1916-ին «Կակաչներով անշարժ կեանք» Naturaleza Muerta con Tulipanes,[46]
1917-ն «Դանակ եւ պտուղ պատուհանին առջեւ» Cuchillo y fruta frente a la ventana,[47]
1917-ին «Անօթներով անշարժ կեանք» Naturaleza muerta con utensilios,[48]
1919-ին «Թուաբանագէտը» El matemático․[49]
Պատի նկարչութիւն
Խմբագրել-
Պատի նկարչութիւն․ կը պատկերացնէ Մեքսիքացիներուն կեանքը Թլաթելօլքօ Tlatelolco քաղաքին շուկային մէջ, Ազգային Պալատ, Մեքսիքօ
-
Կը պատկերացուին ագուգայի 39 կառուցողները, գլխաւորութեամբ ճարտարագէտ եւ տնօրէն «Մեքսիքօ քաղաքին Ջուրեր»ու Էտուարդօ Մօլինայի․
-
«Թօթօնաքա Մշակոյթի տօնակատարոթիւններ եւ ծեսեր» Ceremonias y celebraciones de la cultura totonaca, Ազգային Պալատ
-
1929-1945 թուականներ Ազգային Պալատ․ «Մեքսիքացի ժողովուրդին դիւցազնավէպը» Epopeya del pueblo mexicano եւ կամ՝ Historia de México a través de los siglos
-
Բաժին մը՝ «Մարդը եւ խաչմերուկները» Մեքսիքոյի Գեղարուեստի Պալատի որմանկարէն
-
Մանրամասնութիւն մը «Մեքսիքացի ժողովուրդին դիւցազնավէպ»էն․ Ազգային Պալատ, Մեքսիքօ
-
Պատի նկարչութիւն, Ազգային Պալատ, Մեքսիքօ քաղաք․ կը պատկերացնէ Թենոչթիթլան քաղաքին կեանքը Ազթեքներու շրջանին
-
Պատի նկարչութիւն, Ազգային Պալատ, Մեքսիքօ քաղաք․ կը պատկերացնէ ոսկիի արտադրումը Ազթեքներու շրջանին
Քանդակներ
Խմբագրել-
«Մարտիկը» Guerrero - 1956-1957․ Աքափուլքօ․ Մեքսիքա
-
«Ջուրը, կեանքին աղբիւրը» El agua origen de la vida Թլալօք․ 1951
-
«Ջուրը, կեանքին աղբիւրը» El agua origen de la vida Թլալօք․ Յուշարձանին ներքին մասը, 1951
Տե՛ս նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 Library of Congress Authorities — Library of Congress.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 Diego Rivera
- ↑ 3,0 3,1 3,2 3,3 Benezit Dictionary of Artists — OUP, 2006. — ISBN 978-0-19-977378-7
- ↑ Ժամանակակից արվեստի թանգարանի առցանց հավաքածու
- ↑ Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ 6,0 6,1 6,2 6,3 RKDartists
- ↑ Ռիվերային որմանկարչութիւնը, PBS Diego Rivera’s Murals (անգլերէն)
- ↑ [ https://www.biografiasyvidas.com/biografia/r/rivera.htm Տիէկօ Ռիվերային կենսագրութիւնը – Կենսագրականներու առցանց հանրագիտարան(սպան․)]
- ↑ Աղեքսանտր Զինովիուին դիմանկարը, Ռիվերա (սպան․)
- ↑ «Մայրութիւն, Անճելինա եւ մանուկ Տիէկօն» Maternidad, Angelina y el niño Diego․ Օգոստոս 1916(անգլերէն)
- ↑ marie Claire պարբերաթերթ․ Ֆրիտա Քահլօ եւ Տիէկօ Ռեվերա՝ սիրային պատմութիւնը - Lola Talik, Megan Bourdon, 11-7-2019(ֆր.)
- ↑ le figaro․ Տիէկօ Ռիվերա, Evene(ֆր.)
- ↑ Ֆրիտա Քալօ եւ Տիէկօ Ռեվերա, Marianne Havsteen, (սպան․)
- ↑ Ֆրիտա Քալօ․ Մեքսիքան դիտուած այժմէական գրագէտներուն աչքով - Frida Kahlo, le Mexique et la peinture au regard des écrivains contemporains Jean-Marie Gustave Le Clézio et Gérard de Cortanze, Erica Tacchino(անգլերէն)
- ↑ Էրնըսթին Իվանս(անգլերէն)
- ↑ Մեքսիքոյին Ազգային Ճեմարանը - El Colegio Nacional (COLNAL), Մեքսիկեան գրականութեան հանրագիտարան(սպան․)
- ↑ Տիէկօ ՌԻվերային կենսագրականը, 29-10-2007 (սպան․)
- ↑ Մշակոյթի եւ Արուեստի Ազգային Խորհուրդ – Արուեստի եւ Գիտութեանց Ազգային մրցանակներու ցանկ, 22 Յունիս 2011 -Consejo Nacional para la Cultura y las Artes. «Premio Nacional de Ciencias y Artes». Secretaría de Educación Pública. (սպան․)
- ↑ «20րդ դարու Արուեստին պատմութիւնը – Տիէկօ Ռիվերա, որմանկարի նկարիչը, 29-1-2019, coralie sanchez(ֆր.)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-08-12-ին։ արտագրուած է՝ 2020-05-27
- ↑ Մեքսիքոյի կառավարութիւն – Մեքսիքօ քաղաք - Մշակոյթ – թանգարաններ․ Տիէկօ Ռիվերա(սպան․)
- ↑ «Տիէկօ Ռիվերա Հիմնարկ - Տիէկօ Ռիվերային ինքնադիմանկարը, 1941թ․(սպան․)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-08-14-ին։ արտագրուած է՝ 2020-05-27
- ↑ flickr – «Մերկ՝ ակօսախոտ շուշաններով» Diego Rivera. DESNUDO CON ALCATRACES. 1944(անգլերէն)
- ↑ Ֆրիտա Քալօն եւ Տիէկօ Ռիվերան Մեքսիկեան թսթադրամի վրայ(ֆր.)
- ↑ Rotonda de las Personas Ilustres Փառաւորուած անձերու հանգստատուն - Տիէկօ Ռիվերա, 4-12-2011(սպան․)
- ↑ Ինքնակենդանագիր՝ եզրաւոր գլխարկի հետ
- ↑ Ավիլա․ առտուն
- ↑ Ավիլայի փողոց
- ↑ ցլասպանը
- ↑ Տունը կամուրջին վրայ
- ↑ ետք
- ↑ Բնավայր
- ↑ Ատոլֆօ Պեսթ Մօկարի կենդանագիրը
- ↑ Երկրպագութիւն Աստուածամօր եւ մանուկին
- ↑ Արեւը մշուշը կը ճեղքէ
- ↑ Կինը ջրհորին
- ↑ Զարթնոցը
- ↑ Երկու կիներ
- ↑ Կենդանագրեր
- ↑ Երիտասարդը փետրամատիտով
- ↑ Շաւիղը
- ↑ Ռամոն Կոմեզ տէ լա Սերնային կենդանագիրը
- ↑ Զափաթիստեան բնավայր
- ↑ Մարեւնայի կենդանագիր
- ↑ Կիթառի մարմինով կինը
- ↑ Քաղաքային բնավայր
- ↑ Կակաչներով անշարժ կեանք
- ↑ Դանակ եւ պտուղ պատուհանին առջեւ
- ↑ Անօթներով անշարժ կեանք
- ↑ Թուաբանագէտը
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Ռիվերա Rivera, Andrea Kettenmann, հրատ․՝TASCHEN 2005, Գերմանիա, (անգլերէն)
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Անճելինա Պելոֆ
- Օքթաւ Կիյոնէ
- Մեքսիքայի Ապաստամբութիւնը
- Քաթալունիա
- Թոլետօ
- Էլ Կրեքօ
- Մոտիլիանի
- Աղեքսանտր Զինովիու
- Մարի Վորոպիեֆ
- Որմանկարչութիւն
- Պատի նկարչութիւն
- Մեքսիկեան պատի նկարչութիւն
- Նիու Եորքի Արդի Ճեմելիք
- Չափինկօ
- Ֆորտ գործարան
- Ռոքֆելըր Կեդրոն
- Պահաուզ
- 4րդ Միջազգայնական
- Լէոն Թրոցքի
- Ոկեայ Դարպասի Միջազգային Ցուցահանդէս
- Անահուաքալի Թանգարան - Museo Diego Rivera Anahuacalli
- Մեքսիքոյի Ազգային Ճեմարան
- Քանթօ Ղենեռալ
- Փապլօ Ներուտա
- Արուեստի եւ Գիտութեանց Ազգային մրցանակ
- Կաճարի Ողիմպիական Մարզադաշտ, Մեքսիքօ
- Ֆրիտա Քալօ թանգարան
- Սան Խօսէի ապստամբները San José Insurgentes
- Ապստամբներու թատրոն
- Ֆրիտա ժապաւէնը
- «Սէրը կը գրկէ Աշխարհը, Երկիրը (Մեքսիքա), զիս, Դիէկօն եւ Տէր Xolotl» The Love Embrace of the Universe, the Earth (Mexico), Diego, I and Señor Xolotl
- «Մեքսիքացի ժողովուրդին դիւցազնավէպը»
- Ազթեքները