Եորղոս Եաքովիտիս

գեղանկարիչ

Եորղոս Եաքովիտիս (յուն․՝ Γεώργιος Ιακωβίδης‎, 11 Յունուար 1853(1853-01-11)[3], Chidira, Commune of Chidira - 13 Դեկտեմբեր 1932(1932-12-13)[2], Աթէնք, Յունաստան), յոյն գեղանկարիչ։ Եղած է Միւնիխի գեղանկարիչներու կաճառի ակադեմիայի լաւագոյն սաներէն մէկը եւ Յունաստանի Ազգային Պատկերասրահի առաջին տնօրէնը։

Եորղոս Եաքովիտիս
յուն․՝ Γεώργιος Ιακωβίδης
Եորղոս Եաքովիտիս, 1927
Ծնած է 11 Յունուար, 1853
Ծննդավայր Հիտիրա, Լեզվոս, Յունաստան
Մահացած է 13 Դեկտեմբեր 1932
Մահուան վայր Աթէնք, Յունաստան
Քաղաքացիութիւն  Յունաստան[1]
 Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Յոյն
Ուսումնավայր Իզմիրի Աւետարանական դպրոց
Աթէնքի Գեղարուեստի Դպրոց
Միւնիխի Գեղարուեստի Ակադեմիա
Ազդուած է Միւնիխի արուեստի հոսանքներէն
Երկեր/Գլխաւոր գործ Առաջին քայլերը
Մասնագիտութիւն յոյն գեղանկարիչ
Աշխատավայր Աթէնքի Գեղարուեստի Դպրոց
Վարած պաշտօններ Աթէնքի Ակադեմիոյ անդամ
Անդամութիւն Աթէնքի Ակատեմիա
Երեխաներ Միհայիլ Եաքովիտիս

Հակիրճ կենսագրական տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Եորղոս Եաքովիտիս ծնած է 1853-ին, Էգէական ծովու հիւսիս արեւմտեան մասին գտնուող Լեզվոս կղզիին Հիտիրա գիւղը։ 13 տարեկան հասակին, Զմիւռնիա կ՛ երթայ քեռիին մօտ ապրելու։ Հոն կը յաճախէ Աւետարանական դպրոցը։ Փոքր տարիքէն փայտաքանդակագրութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն կը ցուցնէ։ 1870-ին կ՛ արձանագրուի Աթէնքի Արուեստի դպրոցը (հետագային՝ Աթէնքի Գեղարուեստի Բարձրագոյն Դպրոցը) եւ իբրեւ բացառիկ գնահատանքի արժանացած շրջանաւարտ (1877), կրթաթոշակ կ՛ ապահովէ եւ ուսումը կը շարունակէ «Միւնիխի Գեղարուեստի Ակադեմիա»ն։ Կ՛աւարտէ 1883-ին եւ 17 տարի Միւնիխ կը մնայ եւ կ՛ աշխատի։

Կեանքը Միւնիխ

Խմբագրել
 
Եաքովիտիս նկարուած Միւնիխի իր աշխատանոցին մէջ 1893

1878-ին կը հիմնէ իր աշխատանոցը, ինչպէս նաեւ օրիորդներու գեղանկարչութեան դպրոց, որ բաց կը մնայ մինչեւ 1898։ Կը ճանչցուի եւ կը սիրուի շնորհիւ իր տաղանդին եւ աշխատասիրութեան։ Պարգեւատրումները մէկը միւսին կը յաջորդեն․-

  • «Ոսկի մետալ», 1888՝ Աթէնք
  • «Յատուկ մրցանակ», 1889՝ Փարիզ
  • «Պատուոյ մրցանակ», 1890՝ Պռիմըն (Bremen)
  • «Պերլինի Ոսկի Մետալ», 1891
  • «Միւնիխի Ոսկի Մետալ», 1893
  • «Իքոնոմիոն մրցանակ», 1895 Թրիեսթէ
  • «Պարցելոնայի մրցանակ», 1898
  • «Ոսկի մետալ», 1900՝ Փարիզ

1889-ին կը մահանայ կինը՝ Աղլա։ Վիշտը մեծ է եւ կը դադրի նկարելէ մանկական ուրախ նիւթեր։

1900-ին Աթէնքի մէջ կը հիմնուի «Ազգային Պատկերասրահ»ը։ Եաքովիտիս կը հրաւիրուի Յունաստան։ Կը ստանձնէ Պատկերասրահի խնամակալութիւնը։ 1904-ին, երբ իր ուսուցիչը՝ Նիքիֆորոս Լիթրաս կը մահանայ, կը նշանակուի «Աթէնքի Գեղարուեստի Բարձրագոյն Դպրոց»ին իւղաներկի ուսուցիչ՝ անվճար։ Իր այս ծառայութեան համար, կը պարգեւատրուի «Ասպետներու Ոսկեայ Խաչ»ով։ Ըլլալով սերտ բարեկամ Յունաստանի արուեստասէր Նիքոլա իշխանին, կը դառնայ թագաւորական ընտանիքին դիմանկարողը, ինչպէս նաեւ Աթէնքի վերի խաւի դասակարգին։

1910-ին, թագաւորական հրամանգրով, կը նշանակուի ՏՆօրէն Աթէնքի Գեղարուեստի Դպրոցին։

1918-ին կը պարգեւատրուի «Գիրերու եւ Արուեստի Գերազանց» պարգեւով։ Ութը տարի ետք, 1926-ին նոր հաստատուած «Աթէնքի Կաճառ»ի 38 անդամներէն մին կը նշանակուի։

1932-ին կը մահանայ Աթէնք, 79 տարեկանին։

Տե՛ս բուն արձանագրութիւն՝ Եորղոս Եաքովիտիս, գործերը

Եորղոս Եաքովիտիս ձգած է մեծ հաւաքածոյ մը։ Գործերէն նմոյշներ․-

Պատկերասրահ

Խմբագրել

[4] [5] [6] [7]

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել