Փիեռ Օկիւսթ Ռենուար
Փիեռ Օկիւսթ Ռենուար (25 Փետրուար 1841[1][2][3][…], Լիմոժ, Օտ-Վյեն[4][5] - 3 Դեկտեմբեր 1919[6][1][7][…] կամ 17 Դեկտեմբեր 1919[8], Քանյը Սիւռ Մեր[12][5]), Ֆրանսացի աշխարհահռչակ գեղանկարիչներէն մէկը: Տպաւորապաշտութեան impressionnisme շարժման հիմնադիրներէն, նկարչութեան ապստամբ գաղափարներով (այդ տարիներուն համար)։ Եղած է նաեւ քանդակագործ, վիմագրիչ, ներկամատիտի նկարիչ, փորագրիչ եւ գծագրիչ։
Կերպարանական նկարիչ, հետաքրքրուած ընդհանրապէս կենդանագրերու եւ մերկ կանացի նկարչութեամբ։ Կը կերպաւորէ ներկելու այնպիսի ինքնատիպ ձեւ մը, որ կը գերազանցէ իր սկզբնական շրջանի ունեցած ազդեցութիւններուն՝ Ֆրակոնար, Քուրպէ Gustave Courbet, Մոնէ Claude Monet եւ իտալական որմանկար։ Նաեւ կը հետեւի Վերածնունդի մեծ աւանդութեան, մասնաւորաբար Թիցիանօ Tiziano դպրոցինը, երբ 1881 թուականին Իտալիա կ՛այցելէ։
Իր գործը կը յատկանշեն գոյներուն ջերմութիւնը, գորովը եւ պատկերներէն բխող՝ ուրախ կենցաղ մը։
Կեանքին 60 տարուան ընթացքին, ստեղծած է մօտաւորապէս 4․000 պատկերներ։[13][14]
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելՄանկութիւն
ԽմբագրելՓիեռ Օկուստ Ռենուար, ծնած է 25 Փետրուար, 1841, Ֆրանսայի Լիմոժ քաղաքը, բազմազաւակ (թիւով՝ եօթը) ընտանիքի վեցերորդ զաւակն է։ Հայրը՝ Լէոնառ Ռենուար դերձակ էր իսկ մայրը՝ Մարգրիտ Մեռլէ՝ դերձակուհի։
1844, ընտանիքին տնտեսական վիճակին բարելաւման նպատակով, Փարիզ կը փախադրուին։ Կը հաստատուին rue de la Bibliothèque թիւ՝ 16։ 1855 , ընտանիքը կը տեղափոխուի Argenteuil փողոց, թիւ 23։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ թաղի դպրոցին մէջ։
Փարիզ, Օկուստ 13 տարեկան հասակին «Lévy Frères & Compagnie» ընկերութեան յախճապակի զարդարող աշխատանոցին մէջ կ՛աշակերտէ։ Իսկ երեկոները կը յաճախէ Գծագրութեան եւ զարդային արուեստի Դպրոցը․ մինչեւ 1862։ Միաժամանակ, երաժշտութեան դասերու կը հետեւի, ունենալով ուսուցիչ՝ Շառլ Կունօ․ վերջինս կը նշմարէ ուսեալ եւ օժտեալ Ռենուար աշակերտը։
Տպաւորապաշտութեան սկզբնական քայլեր
Խմբագրել1858, 17 տարեկանին, որպէսզի ապրուստը ապահովէ հովահարներ կը ներկէ եւ կնքանշաններ կը գունաւորէ իր փորագրիչ եւ զինանշանագէտ եղբօր Հենրիին համար։
1862, կը յաջողի Փարիզի Գեղարուեստի Դպրոցի École des Beaux-Arts de Paris մուտքի քննութիւններուն։ Կը մտնէ Շառլ Կլէյրի Charles Gleyre աշխատանոցը, ուր Քլոտ Մոնէի Claude Monet, Ֆրետերիք Պազիլին Frédéric Bazille եւ Ալֆրետ Սիսլէյին Alfred Sisley կը հանդիպի։ Ամուր բարեկամութիւն մը կ՛առաջանայ այս չորս երիտասարդներուն միջեւ․ անոնք յաճախ նկարելու համար Ֆոնթէնպլոյի անտառը forêt de Fontainebleau կ՛երթան (հետագային անոնք պիտի կոչուին՝ տպաւորապաշտներ): Իրենց գործերը սկիզբին հեգնութեան պատճառ կ՛ըլլան եւ անոնց մուտքը Փարիզի հռչակաւոր «Սալոն»ը Salon ընդհանրապէս կ՛արգիլուի։ Օրապահիկի համար, Ռենուար, պարբերաբար կը նկարէ եւ գործերը կը ցուցադրէ «Արտաքսուածներու Սալոն»ը կոչուած սրահի մը մէջ։ Ուսուցիչին՝ Շառլ Կլէյր, հետ կապերը հետզհետէ կը խանգարուին եւ երբ ան թոշակի կ՛ելլէ 1864, Ռենուար դպրոցը կը ձգէ։ Նոյն թուականին, իր առաջին գործը՝ Էսմերալտա l’Esméralda մեծ յաջողութեանբ կը ցուցադրուի, սակայն ան, ցուցադրութենէն ետք, զայն կ՛ աւրէ։
1865, Ռենուարին երկու գործեր կ՛ընդունուին եւ կը ցուցադրուին Փարիզի «Սալոն»ին մէջ․ «Ուիլիամ Սիսլէյի կենդանագիր»ը Portrait de William Sisley եւ «Ամառուան իրիկուն»ը:
Այդ տարիներուն, Ռենուարին ընկերուհին եւ բնորդը Լիզ Թրէ(հ)օն է Lise Tréhot։ Ան, 1867 , կը կենայ իբրեւ բնորդ «Լիզ հովանոցին տակ» նկարին համար, ու երբ պատկերը կը ցուցադրուի 1868, Էմիլ Զոլա Émile Zola երիտասարդ լրագրողին գովական քննադատութիւններուն կ՛արժանանայ։ Սակայն, ընդհանուրին մէջ քննադատութիւնները գէշ են եւ լրագրութեան էջերէն ծաղրանկարներ կը հրատարակուին, օրինակ՝ Պերթալինը Bertall։
Այս շրջանին, Ռենուար կը բնակի Քռուազի սիւռ Սէն Croissy-sur-Seine շրջանը։ Բացօթիայ ժողովրդային վայր եւ բախտորոշ՝ անոր կեանքին համար․ ան կը փոխէ երանգապնակ ու ոճ։ Կը սորվի լոյսով խաղալ, սեւ գոյնը չգործածել շուքի համար։ Այսուհետեւ կը սկսի Ռենուարի նկարչութեան տպաւորապաշտ շրջանը։ Մոնէ կը նախընտրէ տեսարաններ նկարել եւ Ռենուարը՝ տիպարներ։ 1870 - 1871 Ֆրանսագերմանական կամ՝ Ֆրանսափրուսական guerre franco-allemande de 1870 - guerre franco-prussienne պատերազմի ընթացքին, Ռենուար կը կանչուի ծառայել հեծելազօրքին․ յաջորդաբար Պորտօ Bordeaux եւ Թառպ Tarbe քաղաքները կը ներկայանայ։ Ծանրօրէն կը հիւանդանայ եւ կը մտնէ Պորտոյի հիւանդանոցը։ 1871 Մարտ ամսուան ընթացքին կ՛ապազինուի եւ Փարիզ կը վերադառնայ։ Հոն կ՛իմանայ իր բարեկամներէն՝ Ֆրետերիք Պազիլին մահուան լուրը։
1873 իր Նոթր Տամ տէ Շամփ փողոցին rue Notre-Dame-des-Champs վրայ գտնուող աշխատանոցը կը ձգէ եւ կը տեղափոխուի աւելի ընդարձակի մը, փողոց Սէն Ժոռժ rue Saint-Georges։ Իսկ, 1876 համեստ աշխատանոց մը կը վարձէ թիւ 12 Քոռթօ փողոցին վրայ rue Cortot (1960 Մոնմարթի musée de Montmartre - Jardins Renoir թանգարան կը դառնայ)։
1874 , տպաւորապաշտ նկարիչներու առաջին ցուցադրութեան Ռենուար կը ցուցադրէ եօթը գործեր։ Յաջողութիւն չեն ունենար եւ ծաղրանքի առարկայ կը դառնան։
- տպաւորապաշտ անունը կ՛ որակուի 1872 Մոնէի «Տպաւորիչ՝ արեւածագը» Impression, soleil levant նկարէն։
1876 տպաւորապաշտ նկարիչներու երկրորդ ցուցադրութեան Ռենուար կը ցուցադրէ 15 գործեր․ հանրութեան անդրադարձը՝ դրական է։
1878 տպաւորապաշտ նկարիչներու երրորդ ցուցադրութեան համար, Ռենուար կը ցուցադրէ իր գլուխ-գործոցը՝ «Կարկանդակի ջաղացքին Պարը» Bal du Moulin de la Galette (կը վերջացնէ 1877 Մոնմարթ)։ Նկարը կը գնէ տպաւորապաշներու մեկենաս՝ Կուստաւ Քայպոթ Gustave Caillebotte։ Իսկ «Տիկին Ժոռժ Շառփանթիէ եւ զաւակները» Madame Charpentier et ses enfants նկարը, մեծ գնահատանքի կ՛արժանանայ։
Պատկերասրահ
ԽմբագրելԱյս ժամանակաշրջանի գլխաւոր գործերը
-
Ռենուար․ ինքնանկար, 1876
-
Ռենուար․ 1873 - «Հեծեալներ Պուլոյնը անտառին մէջ»
-
Ռենուար, 1876 «Ցնցուղով աղջնակը»
-
Ռենուար, 1872 «Pont-Neuf»
-
Ռենուար - «Օրիօրդը կը կռասեղէ» Jeune femme au crochet 1875
-
Ռենուար - «Լիզը կը կարէ» Lise (Tréhot) cousant 1866
-
Ռենուար - 1876, «Վիքթոր Շոքէ» Victor Chocquet․ Ռենուարի մեկենասներէն
-
Ռենուար - «Ֆրետերիք Պազիլը աշխատանքի պահուն» Frédéric Bazille peignant à son chevalet 1867
-
Ռենուար, 1868 « Նշանածները» Les Fiancés (կամ՝ Le Ménage Sisley)
-
Ռենուար, 1871, «Կինը եւ թութակը» Femme à la perruche
-
Ռենուար, 1876, «Կարկանդակի ջքղացքին պարտէզին հովանոցին տակ» Au jardin - Sous la tonnelle au moulin de la Galette
-
Ռենուար «Չմշկողները» Les Patineurs, 1868
-
Ռենուար «Գորտնոցը» La Grenouillère 1869
-
Ռենուար «Պտոյտը» La Promenade 1870
-
Ռենուար «Պատշգամը »La Loge 1874
-
Ռենուար «Կախօրրանը» La Balançoire, 1876թ․
-
Ռենուար․ 1878, «Տիկին Ժոռժ Շառփանթիէ եւ զաւակները » Madame Charpentier et ses enfants
-
Ռենուար, 1879 «Նախաճաշը վերջացաւ» La Fin du déjeuner
Դասական նկարչութիւն
Խմբագրել1880 ական թուականներուն Ռենուար կ՛ապրի թշուառութեան մէջ․ նկարած գործերը չի կրնար ծախել։ Այդ պատճառաւ, կ՛որոշէ այլեւս տպաւորապաշտ բարեկամներուն հետ որեւէ գործ չցուցադրել եւ վերադառնալ Փարիզի «Սալոն»ը․ միակ ճամբան դէպի ճանաչում։
1878 «Սալոն»ին մէջ կը ցուցադրէ «Սուրճը» Le Café եւ շնորհիւ «Տիկին Ժոռժ Շառփանթիէ եւ զաւակները» նկարին, կը սկսի ճանցուիլ եւ նկարներու ապսպրանքներ ունենալ։ Ռենուարին աչքին, իր արուեստը դրական բնոյթ կ՛առնէ․ ա'լ աւելի կը փնտռէ լոյսին ազդեցութիւնը, դրոշմուած հակադրութիւնները, ընդգծուած շրջագիծերը․ օրինակ՝ «Մակոյկով պտտողներուն նախաճաշը» Le Déjeuner des canotiers գործին մէջ 1880-1881 թ․ (հակառակ անոր թէ դեռ գործը շատ մօտ է 1870-ական թուականներու նկարածներուն)։ Այս նկարին մէջ կը նկատուի Ռենուարին նոր սիրուհին եւ բնորդը՝ Ալին Շառիկօ Aline Charigot։ Կ՛ամուսնանան 1890։
1881 - 1883 թուականներուն կը կատարէ հետաքրքրական ճամբորդութիւններ․-
- Հարաւային Ֆրանսա, ուր Փօլ Սեզանին կը հանդիպի,
- Հիւսիսային Ափրիկէ (Մարոք եւ Ալճերիա)․ կը ներշնչուի տեսարաններ եւ բազմաթիւ գործեր կը ստեղծէ,
- Սպանիա, Մատրիտ, ուր Տիեկօ ՎԵլասկեսին Diego Velázquez կը հանդիպի,
- Իտալիա։ 1880 թուականէն արդէն, տարբերելու խայծը Ռենուարին պատած է։ Ու երբ Ֆլորանսի եւ Վատիկան մէջ յաջորդաբար մօտէն կը տեսնէ Թիցիանոյի գործերը եւ Վատիկանի «Ռափայէլին Սրահներ»ուն մէջ հսկայ որմանկարները, կը զգայ թէ տպաւորապաշտութեան հետ վերջացած է, ոչինչ ունի տալիք․ անելի մը մէջ բանտարկուած կը զգայ։ Կ՛որոշէ ստեղծել յաւիտենական արուեստ մը եւ աւելի «լուրջ»․ նոյնիսկ կը հաւատայ, թէ չի գիտեր նկարել։ 1982, կը ճանչնայ Ռ․ Վակներ աշխարհահռչակ յօրինողին վերջինին Փալերմօ տան մէջ։ Վակներին դիմանկարը եռեսունհինգ վայրկեանի մէջ կը նկարէ։
1885 կը բախտաւորուի մանչ զաւակով մը․ կը ձգէ ընթացքի մէջ եղող նկարները եւ մայրութեան նկարներու ստեղծման կը նուիրուի։
Ռենուար ստեղծագործական «կեանքին» կը վերադառնայ «Լոգանք առնող կիներ» Les Grandes Baigneuses գործով, 1887։ Սակայն ժխտական քննադատութիւններու կ՛ենթարկուի։ Նոյնիսկ զայն մոլորուած, խենթացած կ՛որակեն։
Այս շրջանին, Ռենուարի նկարելու ոճը խիստ, պաղ ու կծող գոյներով կը յատկանշուի։
1888, սիրուհին եւ բնորդը՝ Ալին Շառիկօ, զայն կը համոզէ մեկնիլ եւ ճանչնալ իր ծննդավայրը՝ Էսուա Essoyes։ Ռենուար, հետեւեալ գիրը կը գրէ Պերթ Մոռիսօ բարեկամին․- «Champagne -ի մէջ գիւղական կեանք կ՛ապրիմ, որպէսզի հեռու մնամ սուղի նստող Փարիզի բնորդներէն։ Գետեզերքին՝ լուացքով կը զբաղիմ։»։
Պատկերասրահ
ԽմբագրելԱյս ժամանակաշրջանի գլխաւոր գործերը
-
Ռենուար «Ձուլականջներու ձկնորսներ, Պեռնվալ» Les pecheuses de moules a Berneval 1879
-
Ռենուար «Աղջնակն ու բազէն» Fillette au faucon 1880
-
Ռենուար «Պար՝ Պուկիվալի վայրը» Dance at Bougival, 1883
-
Ռենուար «Պար՝ գաւառին մէջ» - Danse à la campagne, 1883
-
Ռենուար «Երկու քոյրերը» Les Deux Sœurs 1881
-
Ռենուար «Ամվերսի Քաէն օրիորդները» Mlles Cahen d Anvers, 1881
-
Ռենուար «Սեւազգեստ երիտասարդուհիներ» Jeunes Filles en noir, 1881
-
Ռենուար, «Ռ․ Վակներին կենդանագիրը», 1882
-
Ռենուար «Հովանոցները» Les Parapluies 1881-1886 թ․
-
Ռենուար «Լոգցող կին, նստած» Baigneuse assise 1882 -1885
-
Ռենուար «Աղջնակը կ՛ընթերցէ» Jeune Fille lisant 1886
-
Ռենուար «Լոգցող կիներ » Les Grandes Baigneuses, 1887
Սատափայլի եւ ճանաչման տարիներ
Խմբագրել1890-էն մինչեւ 1900 երկարող տասնամեակին ընթացքին, Ռենուար նկարելու ոճը կրկին կը փոխէ։ Տպաւորապաշտ եւ խիստ ոճի խառնուրդ մըն է նորը, օրինակ՝ «Երկու աղջիկ դաշնակի վրայ» Jeunes filles au piano գործը․ այս նկարը ֆրանսական պետութիւնը կը գնէ 1892 եւ զայն կը ցուցադրէ Փարիզի Լիւքսենպուրկի թանգարանին մէջ musée du Luxembourg, 1892թ․։
1884 կը ծնի Ժանը։ Ռենուար կրկին մայրութեան մասին կը նկարէ։ Փոքրիկ Ժանին եւ հետագային եկող մնացեալ զաւակներուն հոգ տանող եւ ստնտու Կապրիէլ Ռենար Gabrielle Renard կը դառնայ Ռենուարին մուսան եւ նոր բնորդը։
1896 թուականին, առաջին անգամ ըլլալով բնակարանի տէր կը դառնայ։ Էսուա ծննդավայրին մէջ տուն մը կը գնէ եւ ընտանիքը բոլոր ամառները, մինչեւ Ռենուարին մահը, հոն կը հաւաքուի։ Նաեւ զբօսանքի՝ խաղերու, փիք-նիքի, ձկնորսութեան, լողի զբօսավայր մըն է։
Այս տասնամեակին նաեւ Ռենուարին գործը կը ճանցուի․ քննադատութիւնը դրական է։ Իր նկարները կը ծախուին, յատկապէս Ամպռուազ Վոլար Ambroise Vollard եւ Փօլ Տիւրան-Ռիւէլ Paul Durand-Ruel վաճառականներէն։ Պետութիւնը զայն կ՛առաջարկէ պատուել Պատուոյ Լեգէոն Շքանշանով Légion d'honneur․ կը մերժէ, սակայն աւելի ուշ կ՛ընդունի։
1897 հեծիկ ընելու ատեն կ՛իյնայ եւ աջ ձեռքը կը կտրէ։ Առողջութիւնը կը վատթարանայ։ Յօդացաւերը կը սաստկանան եւ կամաց-կամաց քալելէ կը հրաժարի, 1905 (մարմնին մէջ աճած յօդացաւերը արդէն 1892 թուականէն սկսած էին լրջօրէն խանգարել Ռենուարին առողջութիւնը)։
1899 բարեկամներէն՝ Ալֆրետ Սիսլէյ կը մահանայ։ Մոնէ, նիւթապէս նեցուկ կանգնելու համար իրենց մահացած ընկերոջ ընտանիքին, նկարներու վաճառք մը կը կազմակերպէ։ Ռենուար վաճառքին կը նուիրէ «Աւլողը» գործը։
Ռենուար, բազմաթիւ ֆրանսացի մտաւորականներու, արուեստագէտներու նման, օրինակ՝ Էտկար Տեկա Edgar Degas, Ժոզէ Մարիա Տը Հերեդիա José-Maria de Heredia, Ժիւլ Վերն Jules Verne, Վինսան Տ՛ Ենտի Vincent d'Indy, Ժիւլ Լիոմեդր Jules Lemaître մաս կը կազմէ «Ֆրանսական հայրենիքի Դաշնակցութիւն» Ligue de la patrie française քաղաքական կազմակերպութեան (կ՛առաջանան Տրէյֆուս հարցէն Affaire Dreyfus ետք, եւ տասնամեակներ ետք փաստուեցաւ թէ քարոզչութեան, լրտեսութեան եւ դատական խաղ մըն էր)։
1903 ընտանեօք Քանյը սիւռ Մեռ Cagnes-sur-Mer կը փոխադրուին (Միջերկրական ծովուն մօտերը)․ շրջանին կլիման աւելի նպաստաւոր է Ռենուարի առողջութեան համար։ Ռենուար, արեւմտեան կողմը գտնուող բլուրի մը վրայ տարածուող դարաւոր ձիթենիներով լեցուն հսկայ հողատարածք մը կը գնէ, որպէսզի հողամասը չիյնայ ոեւէ պատահական գնողի մը ձեռքը․ կը հիանար ձիթենիներուն շուքի մթութեան (1907 ընտանիքին բնակարանն ալ կը կառուցուի)։
Հոն կ՛ապրի ընտանիքին հետ։ Ռենուարին բարեկամներն ալ յաճախ կ՛այցելեն․ կ՛օգնեն առօրիային, կտաւներուն եւ նկարելու կերպերու պատրաստութեան։ Այս շրջանին գործերը յատկապէս դիմանկարներ, մեռեալ բնութիւն, առասպելական տեսարաններ եւ մերկ կերպարանքներ են։
Ռենուար ճանցուած արուեստագէտ մըն է այլեւս։ Աշխարհի ամէն կողմ գործերը կը ցուցադրուին՝ Եւրոպա, Ա․Մ․Ն․, «Փարիզի աշնանային Սալոն»ներուն Salons d'automne։ Նկարչութեան նոր մեթոտներ (ձեւեր) կը փորձէ։ Նաեւ կը սկսի քանդակագործել, հետեւելով իր նկարներուն վաճառական՝ Ամպռուազ Վոլարի քաջալերանքին, հակառակ անոր թէ ձեռքերը ձեւազեղծուած են polyarthrite rhumatoïde-ի պատճառաւ։ Անոր մատներուն եղունգները խրուած են ձեռքի ափերուն միսին մէջ եւ հանածոյէ նուրբ վիրակապիկներ ձեռքերը կը պաշտպանեն․ կ՛ըսուի թէ ասկէ յառաջ եկած է «ներկելու վրձինին» առասպելը։
Պատկերասրահ
ԽմբագրելԱյս ժամանակաշրջանի գլխաւոր գործերը
-
«Ձկնավաճառը» La Marchande de poissons 1889
-
«Լուացք ընողը» La Laveuse 1891
-
«Երկու աղջիկ դաշնակի վրայ» Jeunes filles au piano 1892
-
Պոլիոյէն տեսարան մը Paysage à Beaulieu 1893
-
«Աղջիկներ Մոնմարթի պարտէզի մը մէջ» Jeunes Filles dans un jardin à Montmartre 1893-1895
-
«Աղջիկներ՝ ծովեզերքը» Jeunes Filles au bord de la mer 1894
-
«Կապրիէլ եւ Ժան» Gabrielle et Jean 1895 ․ Ժանը Ռենուարին զաւակն է իսկ Կապրիէլը՝ ստնտուն
-
«Արուեստագետին ընտանիքը» La Famille de l'artiste 1896
-
«Էսուա՝ գարուն» Printemps à Essoyes, 1900
-
«Ժան Ռենուար կը գծագրէ» Jean Renoir dessinant 1901
-
«Քանյը՝ տանիքներ» Terrasses à Cagnes 1905
-
«Դասը» La Leçon 1906
-
«Պառկած մերկ կին» Femme nue couchée (Gabrielle) 1907
-
«Թմբուկով պարուհինԹմբուկով պարուհին» Danseuse au tambourin 1909
-
Ռենուար՝ ինքնադիմանկար, 1910
-
«Թէյի ժամը» Tea Time (Amélie Diéterle) 1911
-
«Հաւաք՝ պարտէզին մէջ» Réunion dans le jardin 1911-1915
-
«Շոքոլային գաւաթը» La Tasse de chocolat 1912
-
«Հացագործը (կամ՝ կաթնագործը)» La Boulangère (La Laitière) 1913-1914
-
Tilla Durieux, 1914
-
«Նուագահանդէսը» Le Concert 1918-1919
-
«Մանտոլինով կինը» Femme à la mandoline 1919
-
«Կապրիէլ՝ պարտէզին մէջ» Gabrielle au jardin 20-րդ դարու առաջին քառորդ
-
«Ծաղկեփունջը» Bouquet 20-րդ դարու առաջին քառորդ
Քանդակագործը
Խմբագրել20-րդ դարու առաջին տարիներէն իսկ, Ռենուար կը հետաքրքրուի քանդակագործութեամբ։ 1913 - 1918 թուականներուն կը գործակցի Ռիշառ Կինօ Richard Guino երիտասարդ քանդագործին հետ եւ միասնաբար կը ստեղծեն գլուխ-գործոցներ․ Vénus Victrix, le Jugement de Pâris, la Grande Laveuse, le Forgeron։
Սակայն վերոնշեալ գործակցութեան արդիւնք քանդակագործութիւնները, դատական ատեան կը հասնին 1965 ստեղծողին իրաւունքին համար․ Ռիշառ Կինոյի զաւակին՝ Միշել Կինօ, կողմէն։ Վերջապէս 1971 տարիներ մանրամասն քննութիւններէ, ուսումնասիրութիւններէ, բազմաթիւ արուեստագէտներ լսելէ ետք, դատարանը կը հանգի եզրակացութեան եւ վերոնշեալ գործերը Ռիշառ Կինօին կը վերագրէ։ Դատարանին այս որոշումը 1973 կը հաստատուի նաեւ Փարիզի Բեկանումի Ատեանին Cour de cassation կողմէն։
Ռենուար կը դադրեցնէ Կինօին հետ գործակցութիւնը եւ այս անգամ կը գործակցի Լուի Մոռել Louis Morel (1887-1975) քանդակագործին հետ։ Միասնաբար կը ստեղծեն «Թրծուած հողերը» les terres cuites, երկու գործեր «Պարուհին» տիտղոսով Danseuses եւ «Սրինգ նուագողը» Joueur de flûteau։
Ռենուար՝ հայրը
ԽմբագրելԼիզ Թրէ(հ)ոյին հետ կապէն, կը ծնին երկու զաւակներ․ Փիեռ, 14 Սեպտեմբեր 1868, որ հազիւ երեք շաբթուան կեանք կ՛ունենայ եւ Ժան-Մարգրիտ, ծնած 21 Յուլիս 1870 (կը մահանայ 8-6-1934)։
Ալին Շառիկոյին հետ կ՛ունենայ երեք զաւակներ։ Փիեռ Ռենուար Pierre Renoir, դերասան (1885-1952), Ժան Ռենուար Jean Renoir ժապաւէններ իրագործող եւ արտադրիչ (1894-1979), Քլոտ Ռենուար Claude Renoir կամ՝ Քոքօ Coco բրուտագործ (1901-1969)։
Կեանքին վերջին տարիները
Խմբագրել1915 թուականին, կողակիցը՝ Ալին կը մահանայ։ Զաւակներէն Փիեռ եւ Ժան ծանրօրէն կը վիրաւորուին Ա․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին, սակայն կը բուժուին։
Ռենուար կը շարունակաէ աշխատիլ ու ստեղծել մինչեւ իր մահը՝ 3 Դեկտեմբեր, 1919 թ․։ Նախապէս այցելած է Լուվրի թանգարանը։ Բնակարանին պատուհանին գտնուող ծաղկեփունջը կ՛ըլլայ անոր վերջին նկարը։[15][16][17][18][19][20][21][22][23][24][25][26][27][28]
Ժառանգութիւնը
ԽմբագրելՌենուար կոչուեցաւ երջանկութեան նկարիչը, որովհետեւ իր նկարներուն ընդմէջէն հանրութեան (պարզ ժողովուրդէն մինչեւ բարձր խաւերը) ընծայեց կենդանութիւն, կեանքի, երջանկութեան յոյս։
Սկիզբնական շրջանին խստօրէն քննադատուեցաւ, սակայն վերջ ի վերջոյ անոր արուեստը ճանցուեցաւ եւ Ֆրանսայի սահմաններէն դուրս ելաւ։
Դպրոցներ
ԽմբագրելՖրանսայի կարգ մը դպրոցներ անոր անունը կը կրեն։ Ծննդավայրին մէջ, Լիմոժ, դպրոցական համալիր մը կոչուած է իր անունով, նաեւ՝ մահացած շրջանին մէջ՝ Քանյը Սիւռ Մեր։ Նոյնպէս՝ Լա Ռոշ սիւռ Իոն, Ֆեռիեռ ան Կատինէ, Անսիեռ սիւռ Սէն, Շաթու - Իվլեն, Անճեռ, Փարիզ՝ արուստի դպրոց մը։
Թանգարաններ
ԽմբագրելՌենուարին էսուայի բնակարանն ու աշխատանոցը եւ Քանյը Սիւռ Մեր բնակարանն ու աշխատանոցը թանգարաններու վերածուեցան։[28][29][30][31][32][33][34][35][36][37][38]
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Ռենուար․ «Կեանքն ու արուեստը» - Ճանիս Անտերսըն Janice Anderson, ա․ հրատարակութիւն՝ Մեծն Փրիտանիա, 1994 թ․, իսկ յունարէնի հրատարակութիւն ΜΙΝΩΑΣ ՏՊ․, 1994
- Ռենուար․ «Նկարիչը, կեանքը եւ գործը» Renoir Un peintre, une vie, une œuvre - Ed Belfond, 1987
Տե՛ս նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ 2,0 2,1 Auguste Renoir
- ↑ 3,0 3,1 Pierre Auguste Renoir — ministère de la Culture.
- ↑ 4,00 4,01 4,02 4,03 4,04 4,05 4,06 4,07 4,08 4,09 4,10 4,11 4,12 4,13 RKDartists
- ↑ 5,0 5,1 5,2 5,3 5,4 Կերպարվեստի արխիվ
- ↑ 6,0 6,1 6,2 Renoir, Auguste // The Enciclopædia Britannica — 12 — London, NYC: 1922. — Vol. XXXII Pacific Ocean Islands to Zuloaga. — P. 268.
- ↑ 7,0 7,1 7,2 Benezit Dictionary of Artists — OUP, 2006. — ISBN 978-0-19-977378-7
- ↑ Ժամանակակից արվեստի թանգարանի առցանց հավաքածու
- ↑ Union List of Artist Names — 2021.
- ↑ 12,0 12,1 Union List of Artist Names
- ↑ Ռենուարին արուեստին շուրջ (ֆր.)[permanent dead link]
- ↑ Ռենուար, երջանկութեան նկարիչը(ֆր.)
- ↑ Օկուստ Ռենուարին կենսագրութիւնն ու գործը․ Rivage de Boheme(ֆր.)
- ↑ Ռենուար, Bonafoux Pascal,տպ․՝Perrin 2009(ֆր.)[permanent dead link]
- ↑ Ռենուարի բնակութիւնը Croissy-sur-Seine, 29-6-2019,GUILLAUME RICHARD (ֆր.)
- ↑ Ռենուար, Nathalia Brodskaya (ֆր.)
- ↑ Ռենուարի 30 գործերու ցուցակ, LIFOTEAM 12-1-2014 (յունարէն)
- ↑ Ռենուար հայրս, հեղ․՝ Ժան Ռենուա, տպ․՝ Gallimard, 9-6-1981 հրատարակութիւն(ֆր.)[permanent dead link]
- ↑ Ազգայնականութիւն եւ Պահպանողականութիւն, "Nationalisme et Conservatisme" Jean Pierre Rioux, ed. Beauchesne, 1977(ֆր.)
- ↑ Ռենուարի հետքերով - LES TRACES DE PIERRE-AUGUSTE RENOIR DANS LES ARCHIVES(ֆր.)[permanent dead link]
- ↑ [rchive.org/details/larenaissancedus00reyruoft/page/n12/mode/2up Ֆրանսական նկարչութիւն՝ Դասական զգայնութեան վերածնունդը 19րդ դարավերջերուն Ռոպերթ Ռէյ(ֆր.)]
- ↑ Թղթակցութիւն՝ Annelies Boonen, rheumatologist (aboo@sint.AZMON)a, Jan van de Rest, president, 13th European congress of rheumatologyb, Jan Dequeker, rheumatologistc, Sjef van der Linden, rheumatologista, համադրող՝ Dr Boonen- Դեկտ․ 1997
- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-06-23-ին։ արտագրուած է՝ 2020-05-05
- ↑ Քօղով պարուհին, Ռենուար՝ քանդակագործութիւն 1908թ․(ֆր.)[permanent dead link]
- ↑ Սրինգով նուագողը-Joueur de flûteau 1918-1919թ.(ֆր.)
- ↑ 28,0 28,1 Օկիւստ Ռենուար, երջանկութեան նկարիչը(ֆր.)
- ↑ Օկիւստ Ռենուար - Երկրորդական վարժարան, (ֆր.)
- ↑ Օկիւստ Ռենուար Ճեմարան, Լիմոժ, (ֆր.)
- ↑ Օկիւստ եւ Ժան Ռենուար Ճեմարան, Լա Ռոշ սիւռ Իոն (ֆր.)
- ↑ Փիեռ Օկիւստ Ռենուար, Ֆիլիփ Քրոս Philippe Cros, Pierre-Auguste Renoir, Terrail, 2003, էջ՝ 52-54(անգլերէն)
- ↑ Օկիւստ Ռենուար Ճեմարան - Ֆեռիեռ ան Կատինէ, (ֆր.)
- ↑ Շաթու - Իվլենի դպրոցներու ցուցակ (ֆր.)
- ↑ Օկիւստ Ռենուար Երկրորդական վարժ․ Անճեռ (ֆր.)
- ↑ Օկիւստ Ռենուար Արուեստի Երկրորդական վարժ․ (ֆր.)
- ↑ Ռենուարին էսուայի բնակարանն ու աշխատանոցը - այժմ թանգարան(ֆր.)
- ↑ Ռենուարի Քանյը Սիւռ Մեր բնակարանն ու աշխատանոցը՝ թանգարան
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Ցուցակ՝ Ռենուարի նկարներուն (ֆր.)
- Լիմոժ(ֆր.)
- Քանյը Սիւռ Մեր(ֆր.)
- Ռաֆայէլ, նկարիչը(ֆր.)
- Ֆրակոնառ(ֆր.)
- Կուստաւ Քուռպէ(ֆր.)
- Քլոտ Մոնէ(ֆր.)
- Ֆ․ Պազիլ(ֆր.)
- Ալֆրետ Սիսլէյ(ֆր.)
- Փարիզի գեղարուեստի դպրոցը(ֆր.)
- Ֆոնթենպլոյի անտառը(ֆր.)
- Շառլ Կլէյռ(ֆր.)
- Պեռթալ(ֆր.)
- Քռուասի Սիւռ Մեր, համայնք(ֆր.)
- Լիզ Թրեհօ(ֆր.)
- Մոնմարթի թանգարանը(ֆր.)
- Տպաւորապաշտ նկարիչներու ցուցահանդէսը(ֆր.)
- 1878թ․ Փարիզի Սալոնը(ֆր.)
- Ֆիլիփս հաւաքածոն(ֆր.)
- Frédérique Augustine Louise Heyne Frédérique Vallet-Bisson(ֆր.)
- Վիքթոր Շոքէ(ֆր.)
- Տիեկօ Վելասքես(սպան․)
- Ռափայէլին Սրահները, Վատիկան(ֆր.)
- la chapelle Sixtine-ի առաստաղը, Վատիկան(ֆր.)
- Թիցիանօ(ֆր.)
- Էսուա(ֆր.)
- Քանյը Սիւռ Մեր, Ռենուարի Թանգարան(ֆր.)
- Լիւքսենպուրկի թանգարանը, Փարիզ(ֆր.)
- Ժան Ռենուար(ֆր.)
- Հայրենիք Ֆրանսայի Դաշնակցութիւն Ligue de la patrie française(ֆր.)
- Փարիզի Աշնանային Սալոնը(ֆր.)
- Ռենուարին էսուայի բնակարանն ու աշխատանոցը - այժմ թանգարան