Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/09-2024


Արհեստական սիրտ, իսկական սիրտը փոխարինող գործիք մը՝ նախատեսուած սիրտի բաւարար կենսագործունէութիւնը պահպանելու համար։

Արհեստական սիրտը կ'օգտագործուի իբրեւ ժամանակաւոր միջոց, որ մարդուն հնարաւորութիւն կու տայ ապրելու մինչեւ իսկական սիրտի փոխպատուաստումը: Իսկական սիրտի փոխպատուաստման նման, արհեստական ​​սիրտի պատուաստման վիրահատութիւնը բարդ է:

Արհեստական ​​սիրտով ապրելու համար, հիւանդը կ'ենթարկուի զանազան փորձաքննութիւններու 1937-ին, Արհեստական սիրտին ստեղծման գործին մէջ յառաջամարտիկ կը համարուի խորհրդային միութեան գիտնական Վլատիմիր Տեմիխովը։ Ան կը փաստէ շան մարմնակազմին մէջ կերպընկալէ մղիչ մը ելեկտրական շարժիչի միջոցով ի գործ դնելու պարագային արեան շրջանառութիւնը սկզբունքօրէն պահպանելու հնարաւոր ըլլալը։ Շունը կ'ապրի երկուքուկէս ժամ՝ փոխպատուաստման միջոցով հեռացած սիրտին փոխարէն տեղադրուած սարքին շնորհիւ, որ բժշկութեան մէջ կը դառնայ նոր դարաշրջանի մը մեկնարկը։․․․ Աւելին