Արհեստական Սիրտ
Արհեստական սիրտ, իսկական սիրտը փոխարինող գործիք մը՝ նախատեսուած սիրտի բաւարար կենսագործունէութիւնը պահպանելու համար։
Արհեստական սիրտը կ'օգտագործուի իբրեւ ժամանակաւոր միջոց, որ մարդուն հնարաւորութիւն կու տայ ապրելու մինչեւ իսկական սիրտի փոխպատուաստումը[1]:
Իսկական սիրտի փոխպատուաստման նման, արհեստական սիրտի պատուաստման վիրահատութիւնը բարդ է:
Արհեստական սիրտով ապրելու համար, հիւանդը կ'ենթարկուի զանազան փորձաքննութիւններու:
Տեսակներ
ԽմբագրելԳոյութիւն ունին արհեստական սիրտի երկու տեսակներ՝
- «Լրիւ արհեստական սիրտը», որ ծանր հիւանդներուն համար կը գործածուի եւ ամբողջութեամբ կը փոխարինէ բնական սիրտը: Այս պարագային, վիրաբուժը ընդհանրապէս «ատրիա»ները կը պահէ եւ զանոնք կը կապէ ինքնագործ փորոքներուն եւ երակներուն: Հակառակ փոխպատուաստին, այս գործողութիւնը մերժումի վտանգ չի ներկայացներ դիմադրողականութեան համակարգին կողմէ, քանի որ կը բաղկանայ կենսաբանօրէն անկենդան նիւթերէ: Սակայն ուրիշ վտանգներ կրնան յայտնուիլ, ինչպէս ոստաններու խցանումը:
- «ժամանակաւոր արհեստական սիրտը» «Jarvik-7»ն, որ կ'օգտագործուի երբ հիւանդը կը սպասէ իսկական սիրտի փոխպատուաստման:
Հիմնական հարցեր
ԽմբագրելՀետազօտութիւններու եւ արտադրութեան փորձերու ընթացքին ի յայտ կու գան հետեւեալ հարցերը.
- ինքնավարութիւնը,
- չափը (պէտք է կուրծքին համաչափ ըլլայ),
- բորբոքման վտանգները,
- անօթներու խցանման վտանգները:
Պատմութիւն
Խմբագրել1937-ին, Արհեստական սիրտին ստեղծման գործին մէջ յառաջամարտիկ կը համարուի խորհրդային միութեան գիտնական Վլատիմիր Տեմիխովը։ Ան կը փաստէ շան մարմնակազմին մէջ կերպընկալէ մղիչ մը ելեկտրական շարժիչի միջոցով ի գործ դնելու պարագային արեան շրջանառութիւնը սկզբունքօրէն պահպանելու հնարաւոր ըլլալը։ Շունը կ'ապրի երկուքուկէս ժամ՝ փոխպատուաստման միջոցով հեռացած սիրտին փոխարէն տեղադրուած սարքին շնորհիւ, որ բժշկութեան մէջ կը դառնայ նոր դարաշրջանի մը մեկնարկը։
1967-ին, Ուիլլեմ Քոլֆ անունով հոլանտացի փրոֆէսոր մը (Willem Johan Kolff) Արհեստական Անդամներու բաժինին բացումը կը կատարէ Եութահի համալսարանին մէջ եւ կը շարունակէ իր գործերն ու փորձերը անասուններու վրայ:
1968-ին ամերիկացի նշանաւոր վիրաբուժ Տենթոն Քուլի աշխարհի տարածքին առաջին անգամ ըլլալով կ'իրականացնէ սիրտի յաջող փոխպատուաստում մը: Ան կը յաջողի փրկել 47-ամեայ հիւանդի մը կեանքը՝ մարդկային սիրտ մը փոխարինելով արհեստականով մը (Հիուսթընի «Texas Heart Institute»ին մէջ):[2] Այն ատեն այդ գործիքը շատ ծանր էր՝ 250 քկ եւ կը բաղկանար երկու կերպընկալէ փորոքներով: Արհեստական սիրտը կ'օգնէ հիւանդին դիմանալ 65 ժամ, որմէ ետք ան վիրահատութեան կ'ենթարկուի[3] եւ արհեստական սիրտը կը փոխարինուի իսկական սիրտով մը։ 32 ժամ ետք, հիւանդը կը մահանայ:
1973-ին, Թոնի Հորթ անունով մէկը 30 օր կը վերապրի արհեստական սիրտի տարբերակով:
1974-ին, երբ ԱՄՆ-ի նախագահ Ռիչըրտ Նիքսըն Մոսկուա կը գտնուէր, ԱՄՆ-ի եւ ԽՍՀՄ-ի միջեւ համաձայնագիր մը կնքուի «Արհեստական սիրտի համատեղ հետազօտութիւններու եւ կատարելագործման վերաբերեալ»։ ԱՄՆ-ի բժիշկներուն հետ համատեղ աշխատանքները կը տեւեն 20 տարի։ ԽՍՀՄ-ի արհեստական սիրտի ծրագիրի ղեկավար կը դառնայ 1975-ին Փոխպատուաստման եւ արհեստական մարմնակազմի կաճառի ղեկավար՝ փրոֆէսոր Վալերի Շումաքովը։
1975-ին Պուրք ցուլը 90 օր կը վերապրի արտաքին շրջանակային համակարգի օգնութեամբ:
1976-ին, Ապեպ հորթը 184 օր կը վերապրի «Jarvik-5» արհեստական սիրտով, որ արտաքին շրջանակային տարբեր համակարգ մըն է:
1981-ին, Ալֆրետ Լորտ Տենիսըն հորթը 268 օր կը վերապրի «Jarvik-5» ով:
Տարիներու ընթացքին 200-է աւելի բնագէտներ, ճարտարագէտներ, ուսանողներ եւ համալսարաններ կը զարգացնեն, կը փորձարկեն եւ կը բարելաւեն Քոլֆ բժիշկին արհեստական սիրտը:
Ռոպըրթ Ճարվիք արհեստական սիրտի ծրագիրին տնօրէն կ'ընտրուի, «Jarvik-7» անունը տալով անոր:
1981-ին, Ուիլիամ Տէվրի բժիշկը FDA-ին (Food and Drug Administration) կը դիմէ, «Jarvik-7» ը զետեղելու համար մարդու մը մէջ։
1982-ին, Քոլֆ բժիշկը կը զետեղէ «Jarvik-7» ը Պարնի Քլարք անունով հիւանդի մը մարմինին մէջ, որ կը տառապէր սիրտի անբաւարարութենէ: Հիւանդը 112 օր ապրելէ ետք, կը մահանայ: Երկրորդ ստացողը Պիլ Շրոյտըրը եղած է, որ 620 օր կ'ապրի, ապա կը մահանայ:
19 եւ 27 Յունիս 1989-ին Broussais (Ֆրանսա) հիւանդանոցին մէջ փորձեր կը կատարուին հորթերու վրայ։ Առաջին երկու փորձերը ձախող կ'ընթանան, բայց 15 Մայիս 1991-ին սիրտը «in vivo» կը տրոփէ: Ալեն Գարբենթիէ փրոֆէսորը Վարթէլ անունով ճարտարագէտի մը հետ այս փորձերը կը կատարէ:[4]
1992-ին, պարսիկ փրոֆէսոր Թոֆի Մուսիուանտ (Tofy Mussivand), որ Օթաուա գաղթած է, կը ստեղծէ արեան նոր արտաքին շրջանակային համակարգ մը, որ բաւական պզտիկ է տունը կամ հիւանդանոցի մէջ գործածուելու համար: Այս համակարգը մինչեւ այսօր կը գործածուի սիրտի վիրահատութիւններու ատեն:[5]1996 Յունուարին ան կը հնարէ առաջին արհեստական սիրտը, որ ամբողջութեամբ կը բաւէ կուրծքին մէջ։ Այս գործիքը 1999-ին առաջին անգամ ըլլալով կը զետեղուի հորթի մը մէջ:[6][7]
6 Յուլիս 2001-ին, Լուիզվիլի հրէական հիւանդանոցը կը կատարէ փոխպատուաստումը թիթանէ եւ կերպընկալէ նախատիպէ մը (արտադրութիւն՝Abiomed): Ելեկտրական գործիքը լուռ կ'աշխատի մորթին տակ տեղադրուող մարտկոցի մը միջոցով եւ կը լիցքաւորուի արտաքին մարտկոցով մը բջիջային հեռաձայնի մը չափով:[8] Փորձը արտօնութիւն կը ստանայ «FDA»-ի կողմէ 5 հիւանդի համար, ապա 15՝ արդիւնքները դրական ըլլալու պարագային: Ներքին մարտկոցը 60 վայրկեան կը դիմանայ, արտաքին մարտկոցը չորս ժամ ելեկտրական սնուցում կ'ապահովէ: Այս արհեստական սիրտը կը փորձարկուի այն անձերուն, որոնց պարագային փոխպատուաստումը անհնար է: «AbioCor» կոչուող այս գործիքը սահմանափակ գործածութիւն ունի, քանի որ միայն 1-2 տարի կը դիմանայ եւ իր չափը արուներու 50%-ին կը յարմարի: Այս պատճառներով «AbioMed» կը ձգէ «AbioCor» ծրագիրը եւ կը կեդրոնանայ «AbioCor 2» ծրագիրի զարգացման:
2008-ին, Ալեն Գարբենթիէի (Alain Carpentier) խումբը, «Matra Défense Airbus Group»ին հետ կը ստեղծէ «CARMAT» ընկերութիւնը եւ կը յայտարարէ, որ ունի ֆրանսական առաջին զետեղուող արհեստական սիրտը:[9] Դոնդողներու վտանգը սահմանափակելու համար (չորցած արիւն), արեան հետ կապ ունեցող մասերը կը կազմուին կենսաբանական առումով յարմար նիւթերով (անասուններու մաշկեր, որոնք քիմիական ձեւով դարմանուած են, որպէսզի դիմադրական համակարգը ընդունի):[10] Գործիքին ելեկտրոնային համակարգը ներքին է եւ ինքնավար: «CARMAT»ը կը յարմարցուի սիրտին ձեւին ու չափին:
2009-ին, հնդիկ մասնագէտներ կը ստեղծեն մարդու արհեստական սիրտ մը, որուն հիմք ծառայած Է սովորական ուտիճի սիրտին կառուցուածքը[11]:
2012-ին դեռ զարգացող «առանց տրոփումի սիրտը» Թեքսասի «Heart Institute»ի մէջ կը փորձարկուի, սակայն այս գործիքը քիչ կը գործածուի:
2012-ին, Թոհոքուի համալսարանի ճափոնցի գիտնականները կը ստեղծեն զարկերակային հեղահան մը՝ արհեստական սիրտի համար, որ կը ղեկավարուի հեռակառավարմամբ:
Զարկերակային հեղահանը կը բանի մագնիսական դաշտ ստեղծող յատուկ սարքի մը միջոցով: Հակառակ իր փոքր չափին, (C չափի մարտկոց, 50 մմ երկայնք), նոր հեղահանը ի վիճակի է մէկ վայրկեանուան ընթացքին հինգ լիթր արիւն քաշելու, ինչպէս բնական մարդու սիրտը: Այս յայտնագործութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ արհեստական սիրտը տեղադրելու մարդու մարմինին մէջ՝ զայն լարերով չմիացնելով սնուցման աղբիւրին[12]:
Դեկտեմբեր 2013-ին, Ֆրանսացի վիրաբուժ Քրիսթիան Լաթրէմույ Ալեն Գարբենթիէի (Alain Carpentier) կողմէ նախագծուած եւ ֆրանսական «CARMAT» ընկերութեան կողմէ արտադրուած արհեստական սիրտին առաջին փոխպատուաստումը կ' իրականացնէ Փարիզի «HEGP» հիւանդանոցի մէջ[13]: 76-ամեայ Քլոտ Տանի վիրահատութեան ենթարկուելէն 74 օր ետք կը մահանայ՝ սարքին մէջ խնդիրներ յառաջանալուն պատճառով[14][15][16][17]:
2014-ին Ֆրանսայի Նանթ քաղաքին մէջ՝ փրոֆէսորներ Քրիսթիան Լաթրեմույի (Christian Latrémouille) եւ Տանիէլ Տիւվոյի (Daniel Duveau) գլխաւորած բուժանձնակազմին կողմէ, արհեստական սիրտով յաջողութեամբ փոխպատուաստուած 68 տարեկան տղամարդը, որ գիրութենէ կը տառապէր, կը վերադառնայ տուն, եւ իրեն կը թոյլատրուի նոյնիսկ տնային պայմաններու մէջ օգտուիլ մարզասարքերէ։ 2 Յունուարի 2015-ին ան իր բնականոն կեանքին կը վերադառնայ[18] եւ կը սկսի հեծանիւ վարել[19]:
Անոր արհեստական սիրտը կը կշռէ 900 կրամ (եռակի կը գերազանցէ մարդու սովորական սիրտին զանգուածը):
10 Յուլիս 2017-ին, Ամերիկացի Նիքոլաս Քորս եւ իր գործընկերները կը ներկայացնեն փափուկ արհեստական սիրտի մը նոր հայեցակարգը՝ «Արհեստական մարմնանդամներ ամսագիր»ին (Journal of Artificial Organs) մէջ: Սիրտը մշակուած է ETH Զիւրիխի գործառական նիւթերու տարրալուծարանին մէջ[20]:
Մենք իսկապես չենք կրնար կանխատեսել, թէ երբ կրնանք վերջնական աշխատանքային սիրտ մը ունենալ, որ կը գոհացնէ բոլոր պահանջները եւ պատրաստ է փոխպատուաստման: - Նիքոլաս Քորս
|
9 Յուլիս 2024-ին, Թեքսասի սիրտի կաճառը (THI) եւ Պիվաքոր («BiVACOR»)՝ բժշկական սարքերու ընկերութիւնը կը յայտնեն մարդկային մարմինին մէջ Պիվաքոր ընդհանուր արհեստական սիրտի (TAH) յաջող փոխպատուաստման մասին մանրամասնութիւններ՝ իբրեւ ԱՄՆ Սնունդի եւ դեղերու վարչութեան (FDA) մէկ մասը:
Պաշտօնավարութիւն
ԽմբագրելՍիրտին պաշտօնավարութիւնը բաւական դիւրին է ընդօրինակել, քանի որ ջրհանի պէս կ'աշխատի: Արհեստական սիրտերը պէտք չէ շփոթել փորոքային օգնութեան գործարքներուն հետ: Արհեստական սիրտերը կը բաղկանան երկու փորոքներէ, որոնք կը փոխարինեն բնիկ փորոքները: Անոնք կրնան ըլլալ կամ ճնշուած կազի մը միջոցով բանող («Syncardia» սիրտին պէս), կամ ելեկտրո-մեքանիքային («CARMAT» սիրտին պէս):
Արհեստական սիրտերու պաշտօնավարութիւնը ճարտարարուեստական լաւ պահուած գաղտնիքներ են:
Հանրութեան տրամադրուած տեղեկութիւնները «CARMAT» սիրտին համեմատ հետեւեալներն են՝
Փոխարինող մարմինը երկու խոռոչէ բաղկացած է, որոնք բաժնուած են երկու թաղանթէ՝ մէկը արեան համար, միւսը՝ հեղուկին համար: Արտաքին ճկուն տոպրակ մը կը պարունակէ այդ հեղուկը եւ կը տրոփէ սիրտին կշռոյթով: Հիտրոլիք շարժումով երկու տարբեր պզտիկ ինքնավար ջրհաններու միջոցով, հեղուկը թաղանթին շարժումը կը պատճառէ ընդօրինակելով բնիկ փորոքներու շարժումը՝ կծկումի ատեն: Այս շարժումը արեան ընդունում եւ վտարում կը պատճառէ: Ներքին ելեկտրոնային համակարգ մը կը կարգաւորէ գործիքին գործողութիւնը հիւանդներու կարիքներու հիման վրայ, բարձր զգացողութիւն ունեցող սարքերու միջոցով: Այս տուեալներուն շնորհիւ կարելի է ունենալ անհրաժեշտ արեան հոսք, առանց անպայման բարձրացնելու գործիքին աշխատելու յաճախականութիւնը։
Երեխաներու յատուկ արհեստական սիրտ
Խմբագրել«Պերլին Հարթ» (Berlin Heart) ընկերութիւնը կը ստեղծէ առաջին արհեստական սիրտը երեխաներու համար: Ոչ մեծ չափերու շնորհիւ «Excor» սարքը կարելի է տեղադրել նորածիններու, երեխաներու եւ դեռահասներու կրծքավանդակներուն մէջ՝ անոնց կեանքը արհեստականօրէն երկարելու համար: Անիկա հնարաւորութիւն կու տայ անոնց ողջ մնալ մինչեւ իսկական սիրտի մը տեղադրումը[21]:
2015-ին, Քալիֆորնիացի 44-ամեայ կին մը կը դառնայ աշխարհի առաջին անձը, որ արհեստական սիրտի փորձարկման կ'ենթարկուի: Ան կը փոխպատուաստուի երեխաներու եւ դեռահասներու համար նախատեսուած սարքով մը, որուն շնորհիւ ան կ'ապրի մինչեւ իսկական առողջ սիրտ ստանալը: Չափահասներու համար նախատեսուած արհեստական սիրտին չափերը չեն յարմարիր 44-ամեայ կնոջ, ուստի բժիշկները կ'որոշեն դիմել երեխաներու եւ դեռահասներու համար նախատեսուած փորձարական սարքին:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Արհեստական սիրտի օգտագործում
- ↑ (անգլերէն) Cooley DA, Liotta D, Hallman GL, Bloodwell RD, Leachman RD, Milam JD, «Orthotopic cardiac prosthesis for two-staged cardiac replacement» Am J Cardiol. 1969;24:723–30. PMID 4899910
- ↑ Սիրտի յաջող փոխպատուաստում
- ↑ article |langue= fr|auteur1=Diane Lenglet |titre=son cœur artificiel s'est mis à battre |périodique=la Voix du Nord |jour= 30|mois=11 |année= 2014|pages= |lire en ligne=http://www.lavoixdunord.fr/region/le-jour-ou-son-coeur-artificiel-s-est-mis-a-battre-ia0b0n2522848
- ↑ [1]
- ↑ http://www.ncbi.nlm.nih.gov/pubmed/8561623
- ↑ http://www.ncbi.nlm.nih.gov/pubmed/10360708
- ↑ http://news.doctissimo.fr/premiere-implantation-d-8217-un-c-339-ur-artificiel-autonome_article252.html Archived 2009-07-04 at the Wayback Machine. news.doctissimo (2001)
- ↑ Jean Étienne, http://www.futura-sciences.com/fr/news/t/medecine/d/le-premier-cur-artificiel-compact-et-totalement-implantable_17166/ Le premier cœur artificiel compact et totalement implantable, http://www.futura-sciences.com/fr/sante/ Futura-Santé, 28 octobre 2008.
- ↑ David Bême et Florence Lemaire, http://videos.doctissimo.fr/sante/maladies-cardiovasculaires/Le-coeur-artificiel-pret-a-battre.html Le cœur artificiel prêt à battre, sur Doctissimo, décembre 2009.
- ↑ Հնդիկ մասնագէտներ կը ստեղծեն մարդու արհեստական սիրտ մը:
- ↑ Ճափոնցիներուն գիւտը
- ↑ Lien web |titre=Première implantation d'un cœur artificiel total |url=http://www.lemonde.fr/sante/article/2013/12/20/premiere-implantation-d-un-c-ur-artificiel-total_4338190_1651302.html |site=www.lemonde.fr |date=20 décembre 2013 |consulté le=
- ↑ http://www.franceinfo.fr/sciences-sante/un-coeur-artificiel-implante-en-france-une-premiere-mondiale-1256839-2013-12-20
- ↑ Առաջին յաջող փոխպատուաստումը
- ↑ Ալեն Գարբենթիէի նախագծած արհեստական սիրտը
- ↑ Յաջող փոխպատուաստումը
- ↑ «Արհեստական սիրտ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2024-08-26-ին։ արտագրուած է՝ 2024-08-26
- ↑ Արհեստական սիրտով յաջողութեամբ փոխպատուաստուած մարդը բնականոն կեանքի կը վերադառնայ:
- ↑ Նոր փորձեր
- ↑ Երեխաներու յատուկ արհեստական սիրտ