Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/12-2024

Ձայնալարերը կը գտնուին խռչափողին խռչակին (larynx) մէջ։

Խռչափողը ունի երկու իսկական ձայնալարեր (true vocal cords), որոնք կը գտնուին խռչափողին սկիզբը: Անոնք ունին հորիզոնական դիրք, կապուած են խռչափողի յառաջամասին եւ յետնամասին: Անոնք կը շարժին կամովին խռչափողի ներքին մկաններու պրկումներով՝ ուղեղէն եկած հրահանգներուն համաձայն, եւ կ'արտադրեն զանազան ելեւէջներով եւ ուժգնութեամբ ձայներ:

Տղամարդիկ եւ կիներ ունին տարբեր չափի ձայնալարեր: Անոնք աւելի մեծ են տղամարդոց մօտ, քան՝ կիներուն: Չափահաս տղոց մօտ անոնք կ'ըլլան մօտաւորապէս 17-25 մմ. երկարութեամբ, իսկ չափահաս կիներուն մօտ՝ մօտաւորապէս 12.5-17.5 մմ.:

Անոնք կազմուած են ճերմակ շարակցական (connective tissue) թելերէ եւ շրջապատուած են բարակ թաղանթային ծալքով:

Իսկական ձայնալարերուն միջեւ եղած բացութիւնը կը կոչուի ձայնաճեղք (glottis): Ներքին մկանները կը ծառայեն․․․ Աւելին