Ուղեղին Տարբեր Ալիքներուն Գործառոյթները

Ուղեղը ելեկտրաքիմիական օրկան է: Հետազօտողներ ենթադրած են, որ լիարժէք գործող ուղեղը կրնայ արտադրել մինչեւ 10 վոլթ ելեկտրական ներուժ: Աւելին. հետազօտողներ հաշուարկած են, որ եթէ 10 միլիառ փոխկապակցուած ջղային բջիջները մէկ անգամէն բեռնաթափուին (discharge), ապա մարդու գլխուն վրայ տեղադրուած մէկ ելեքթրոտը կ'արձանագրէ հինգ միլիոներորդէն (0,000005) մինչեւ 50 միլիոներորդական վոլթ: Ուրեմն, եթէ բաւականաչափ իրարու կցուած գլխամաշկեր (scalp) ունենայ մարդը, ան կրնայ վառել լուսամփոփի մը լամբը:

Ուղեղին Պեթա Ալիքները

Խմբագրել

Թէեւ ելեկտրական այս ներուժը շատ սահմանափակ է, սակայն ան կը կայանայ շատ յատուկ ձեւերով, որոնք յատուկ են մարդու ուղեղին: Ուղեղին ելեկտրական գործունէութիւնը կը դրսեւորուի ուղեղի ալիքներու տեսքով: Ուղեղին այս ալիքները չորս տեսակ են` ամէնէն գործունեայէն մինչեւ նուազագոյն գործունէութիւն ցուցաբերողը: Երբ ուղեղը գրգռուած է եւ գիտակից վիճակի մէջ կը զբաղի մտային գործունէութեամբ, ան կը յառաջացնէ Պեթա ալիքներ: Այս Պեթա ալիքները համեմատաբար յարակրկնուող են եւ ամէնէն արագն են ուղեղի չորս տարբեր ալիքներէն: Պեթա ալիքներու յաճախականութիւնը (frequency) կը տատանի 15-էն 40 շրջան մէկ վայրկեանի մէջ: Պեթա ալիքները ուժեղ, ներգրաւուած միտքի ցուցանիշներ են: Գիտակցութեամբ խօսակցութեան մէջ գտնուող անձը պեթա տարբերակին մէջ կ'ըլլայ, բանավիճողը` բարձր պեթա (high beta) (կամ կամա) տարբերակին մէջ: Բանախօս մը, ուսուցիչ մը, կամ մենաներկայացում մը կատարողը` բոլորն ալ պեթա փուլին մէջ կ'ըլլան, երբ անոնք կը կատարեն իրենց աշխատանքը:

Ուղեղին Ալֆա Ալիքները

Խմբագրել

Յաջորդ ուղեղային ալիքներու տեսակը, ըստ յաճախականութեան, ալֆան է: Մինչ պեթան կը ներկայացնէ գրգռուածութիւն, ալֆան կը ներկայացնէ հակառակը` ոչ գրգռուած վիճակը: Ուղեղին ալֆա ալիքները աւելի դանդաղ են եւ աւելի լայն տարողութիւն ունին: Անոնց յաճախականութիւնը կը տատանի 9-էն 14 շրջան մէկ վայրկեանի մէջ: Այն մարդը, որ կատարած է իր աշխատանքը եւ կը նստի հանգստանալու, յաճախ ալֆա փուլին մէջ կ'ըլլայ, ինչպէս նաեւ` այն մարդը, որ ժամանակ կը յատկացնէ խոկալու կամ խորհրդածելու, եւ այն մարդը, որ դադար կ'առնէ համաժողովէ մը եւ կը զբօսնէ պարտէզին մէջ:

Ուղեղին Թեթա Ալիքները

Խմբագրել

Յաջորդը` թեթա ուղեղի ալիքներն են: Սովորաբար աւելի մեծ տարողութեամբ եւ աւելի քիչ յաճախականութեամբ, որ կը տատանի 5-էն 8 շրջան մէկ վայրկեանի մէջ: Այն մարդը, որ դադար կ'առնէ աշխատանքէն եւ կը սկսի բաց աչքով երազել, յաճախ կը գտնուի ուղեղին թեթա ալիքի փուլին մէջ, ինչպէս նաեւ` այն մարդը, որ կը քշէ իր ինքնաշարժը մայրուղիի վրայ եւ յանկարծ կը յայտնաբերէ, որ ինք չի կրնար յիշել իր անցած վերջին հինգ մղոնը:

Այն անհատները, որոնք շատ կը քշեն մայրուղիներու վրայ, յաճախ լաւ գաղափարներ կը ստանան այն ժամանակաշրջաններուն, երբ կը գտնուին թեթա փուլին մէջ: Այն անհատները, որոնք յաճախ դուրսը կը վազեն, կը գտնուին ուղեղային հանգստութեան վիճակի մը մէջ, որ աւելի դանդաղ է ալֆայէն, իսկ երբ գտնուին թեթային մէջ, անոնք հակում կ'ունենան գաղափարներու հոսք մը ունենալու: Այս մէկը կրնայ յառաջանալ նաեւ լոգարանին մէջ կամ նոյնիսկ մազերը սափրած կամ սանրած ժամանակ: Թեթայի փուլը վիճակ մըն է, երբ աշխատանքները կը դառնան այնքան ինքնազօր, որ կրնաք մտովի անջատուիլ անոնցմէ: Մտարկութիւնը (ideation), որ կրնայ տեղի ունենալ թեթա փուլին մէջ, յաճախ ազատ հոսք մըն է եւ տեղի կ'ունենայ առանց յանցանքի զգացումի: Այդ մէկը սովորաբար շատ դրական հոգեկան վիճակ մըն է: Ուղեղի ալիքի վերջին տեսակը տելթան է: Այստեղ ուղեղի ալիքները ունին ամենամեծ տարողութիւնը եւ ամենացած յաճախականութիւնը: Անոնք սովորաբար կը տատանին 1,5-էն 4 շրջան մէկ վայրկեանի մէջ: Անոնք երբեք չեն իջներ զերոյի, որովհետեւ այդ մէկը կը նշանակէ, որ անձը «ուղեղով մահացած» է: Բայց առանց երազներու խոր քունը ձեզ կը տանի ամենացած յաճախականութեան, սովորաբար` 2-էն 1 շրջան մէկ վայրկեանի մէջ:

Երբ մարդը քնանալու կ'երթայ եւ քանի մը վայրկեան կը կարդայ քնանալէ առաջ, ամենայն հաւանականութեամբ ան ցած պեթա փուլին մէջ կ'ըլլայ: Երբ մէկ կողմ կը դնէ գիրքը, կը մարէ լոյսերը եւ կը գոցէ աչքերը, ուղեղին ալիքները պեթայէն յաջորդաբար կ'իջնեն ալֆա, թեթա եւ վերջապէս, երբ քնանան, տելթա:

Հաստատուած փաստ է, որ մարդիկ երազներ կը տեսնեն 90 վայրկեաննոց շրջանառութեամբ: Երբ ուղեղին տելթա ալիքներու յաճախականութիւնը կը բարձրանայ եւ կը դառնայ թեթա ուղեղի ալիքներու յաճախականութիւն, տեղի կ'ունենան գործուն երազներ (active dreaming), որոնք յաճախ կը դառնան աւելի փորձառական (experiential) անձին համար: Սովորաբար, երբ այդ մէկը տեղի կ'ունենայ, կը նկատուի աչքի արագ շարժում, որ բնորոշ է գործուն երազներուն: Այս մէկը կը կոչուի REM (Rapid Eye Movement) եւ յայտնի երեւոյթ է:

Երբ անհատը կը պատրաստուի խոր քունէ մը արթննալու, անոր ուղեղին ալիքներու յաճախականութիւնը կը սկսի բարձրանալ ուղեղի ալիքներու գործունէութեան տարբեր փուլերու ընթացքին: Այսինքն անոնք տելթայէն կը բարձրանան թեթա, յետոյ ալֆա, եւ վերջապէս, երբ զարթուցիչը հնչէ` պեթա: Եթէ այդ անհատը արթննալով սեղմէ զարթուցիչի «յետաձգման» ընտրանքը, անոր յաճախականութիւնը կ'իջնէ մինչեւ չգրգռուած ալֆա վիճակ, կամ նոյնիսկ` դէպի թեթա, կամ երբեմն կրկին կը քնանան` տելթա անցնելով: Արթննալու այս շրջանառութեան ընթացքին մարդիկ կրնան մնալ թեթա վիճակի մէջ երկար ժամանակ, մօտ հինգէն մինչեւ 15 վայրկեան, բան մը, որ իրենց առիթ կու տայ միտքերու ազատ հոսք մը ունենալու` երէկուան իրադարձութիւններուն կամ գալիք օրուան գործունէութեան մասին մտածելով: Այս ժամանակը կրնայ ըլլալ չափազանց արդիւնաւէտ եւ կրնայ ըլլալ շատ բովանդակալից եւ ստեղծագործ մտային գործունէութեան շրջան:

Հետազօտութիւններ

Խմբագրել

Միեւնոյն չորս ուղեղի ալիքային վիճակները իւրայատուկ են մարդուն: Բոլոր տարիքի տղամարդիկ, կիներ եւ երեխաներ կը զգան ուղեղի նոյն բնորոշ ալիքները: Անոնք նմանօրինակ են տարբեր մշակոյթներու եւ երկիրներու միջեւ:

Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, թէ հակառակ անոր որ ուղեղի ալիքներու վիճակ մը կրնայ գերակշռել որեւէ մէկ պահ, կախուած անհատի որքանով գործուն ըլլալէն, ուղեղին մնացած երեք վիճակները միշտ առկայ են ուղեղին ալիքներուն խառնուրդին մէջ: Այլ խօսքով, եթէ ոեւէ մէկը գրգռուած վիճակի մէջ է եւ կը ցուցադրէ ուղեղին պեթա ալիքի կարգավիճակ, այդ մարդուն ուղեղին մէջ կայ նաեւ ալֆա, թեթա եւ տելթայի բաղադրիչ:

Ուղեղին Ալֆա Ալիքները Կրնան Կանխատեսել Յետվիրահատական Ցաւը

Խմբագրել

Այն հիւանդները, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ վիրահատութենէն ետք ծանր ցաւ կրնան կրել, կարելի է յուսալիօրէն ճանչնալ Պիրմինկհամի համալսարանին մէջ մշակուած նոր թեքնիքին միջոցով:

Թեքնիքը կրնայ առիթ տալ բժիշկներուն ծրագրելու լրացուցիչ կանխարգիլող ցաւազրկիչ դեղատեսակներ` վիրահատութեան ժամանակ «խոցելի» հիւանդներուն համար: Այս մէկը կը նշանակէ, որ հիւանդները, ամենայն հաւանականութեամբ, աւելի քիչ սուր ցաւ պիտի զգան վերականգնման ընթացքին, ինչպէս նաեւ աւելի քիչ հաւանական է, որ տառապին երկարատեւ ախտանիշներէ:

Նախնական հետազօտութեան մէջ, որ հրապարակուած է 5 Ապրիլ 2022-ին «Պրիթիշ Ճըրնըլ Անեսթէզիա»-ի մէջ, հետազօտողներու խմբակը ցոյց տուած է, թէ ինչպէ՛ս կարելի է Electroencephalography (EEG)-ի օգտագործել չափելու համար ուղեղին գործունէութիւնը այն հիւանդներուն մօտ, որոնք կը պատրաստուին կրծքավանդակին վիրահատութեան[1]:

Վիրահատութենէն առաջ խմբակը չափած է հիւանդներու ալֆա ալիքները (ուղեղի ազդանշաններ, որոնք կը տատանին 8-էն 14 հերց յաճախականութեամբ): Այնուհետեւ, վիրահատութենէն աւելի քան 72 ժամ անց, հիւանդներէն խնդրեցին գնահատել իրենց ցաւը 1-10 արժեչափով: Հետազօտողները կրցած են ցոյց տալ յստակ կապ մը հիւանդի ալֆա ալիքներուն եւ ցաւի անոր արձագանգներուն միջեւ: Մասնաւորապէս անոնք պարզած են, որ այն մարդիկ, որոնց ալֆա ալիքները կ՛ըլլան 9 հերցէն ցած, շատ աւելի խոցելի են վիրահատութենէն ետք ուժեղ ցաւերու նկատմամբ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Տե՛ս Նաեւ

Խմբագրել