Չոմախլու
Չոմախլու, Կապադովկիոյ Մաժակ գաւառի գիւղ:
Բնակավայր | |
---|---|
Չոմախլու | |
Երկիր | Թուրքիա |
Ժամային գօտի | UTC+3։00 եւ time in Turkey? |
Կը գտնուի հայկական Կեսարիոյ (այժմ` Թուրքիոյ Քայսէրի նահանգի վարչական կեդրոնը) շրջանի համանուն գաւառին մէջ։ Էվերէկ գիւղաքաղաքի կողքին` պզտիկ գիւղ մը:
Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրէին գիւղը ունեցած է 282 տուն (1750 շունչ) հայ բնակիչ: Անոնք կը զբաղէին անասնապահութեամբ, երկրագործութեամբ եւ արհեստներով:
Գիւղին մէջ կը գտնուէին երկու առաքելական` Ս. Յակոբ եւ Ս. Լուսաւորիչ եւ մէկ կաթողիկէ եկեղեցիներ, երեք դպրոց: Չոմախլուի բնակիչները կոտորուած են 1915-ին, Մեծ Եղեռնի ժամանակ: Սակաւաթիւ են փրկուածները, որոնք ապաստանած են զանազան երկիրներ[1]:
Այս պատմական գիւղը ծնած է, Հայոց ցեղասպանութեան անդառնալի հետեւանքներէն անմասն չմնացող արեւմտահայ գրող, բանաստեղծ, արձակագիր եւ երաժշտագէտ Յակոբ Ասատուրեանը: Ան իր վէպին սկզբը կը ներկայացնէ հայրենի գիւղը.
գիւղ, որ կ՛ապրուի ներփակ կեանքով, որեւէ բանով նման չէ հեռաւոր քաղաքին. փողոցները նեղ են ու ծուռ ու մուռ, բայց մարդոց սրտերը լայն են ու բաց ամենքի առջեւ: Նրանք ապրում են մեկը մյուսի տառապանքով ու երջանկությամբ: Հենց այս փոքր ու երջանիկ գյուղում են ծնվում Հովակիմի թոռները, որոնց ցաւոք սրտի վիճակուած էր անցնելու դժոխքի պարունակներու միջով: Գիւղին խաղաղ կեանքը յաճախ կը խռովումէր թուրք ոստիկաններու կողմէն, որոնց անկուշտ աչքերը մշտապէս հայու համեստ ունեցվուածքին վրայ էին: Անոնք հարկերու միջոցով անվերջ կը թալանէին ու կը նսեմացնէին գիւղացին[2]: |
Գիւղին անուանի զաւակներէն է նաեւ, Երկրորդ աշխարհամարտին, ամերիկեան բանակի օդուժին պատերազմական օդանաւի օդաչու Գառնիկ Անանեանը: Ան իր P-40 օդանաւին վրայ՝ ի պատիւ իր ծնողներուն արձանագրած է «THE CHOMAKLOU KID»… ու այդ օդանաւով կատարած է Նացի Գերմանիոյ օդուժին դէմ իր թռիչքներն ու յաղթանակը: Հերոս Չոմախլուցին իր յուշերու յառաջաբանին մէջ գրած է.
Զաւակներուս, թոռներուս ու անոնցմէ ծնող ապագայ սերունդներուն կ՛ուզեմ վկայել, թէ իմ զէնքի ընկերներէս երեքէն երկուն ինկան պատերազմի դաշտին վրայ։ Այդ տղաքը բնաւ առիթը չունեցան ամուսնանալու՝ զաւակներ ու թոռներ ունենալու… անոնք բնաւ փորձառութիւնը չունեցան ապրելու կեանքի ուրախութիւնն ու հաճոյքները ինչպէս ես ունեցայ… անոնք սակայն իրենց կեանքը տուին որպէսզի ես ու դուք ապրինք ազատ եւ խաղաղ կեանք մը:
Յետ պատերազմեան ամբողջ կեանքիս ընթացքին միշտ հարցուցի՝ «ինչո՞ւ ես»: Ինչո՞ւ ես խնայուեցայ մինչ իմ ընկերներէս շատեր ոչ: Հետեւաբար փորձեցի կեանք մը ապրիլ արժանի ըլլալու այդ շնորհքին: Կ՛աղաչեմ ձեզի տրուած շնորհը բնաւ թեթեւի չառնել…։ Արժանի եղէք անոր։[3] - Գառնիկ Անանեան
|
Չոմախլուցի է նաեւ «ՌԱԿ Մամուլ»-ի եւ Լիբանանի «Զարթօնք» Օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան:[3]
Ծանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԱրտաքին յղումներ
Խմբագրել- Որպէս օտար թռչուն` հեռաւոր Ամերիկայում. ԱՄՆ-ի հայկական եկեղեցին եւրոպական է: Archived 2012-04-21 at the Wayback Machine.