Պահակ (թերթ, Պոսթըն)
«Պահակ», խորհրդային շրջանի գրական, քաղաքական եռօրեայ թերթ (1911-1915 թուականներուն՝ շաբաթաթերթ)։ Հանդիսացած է Վերակազմեալ հնչակեան կուսակցութեան Ամերիկայի շրջանակի պաշտօնաթերթը։
Պահակ | |
---|---|
Տեսակ | եռօրեայ թերթ, ապա՝ շաբաթաթերթ |
Խմբագիր | Հրաչ Երուանդ, Արշակ Տէր Մարկոսեան, Վահան Քիւրքճեան, Երուանդ Մեսիաեան |
Հիմնադրուած է | 1911 |
Հրատարակման վայր | Պոսթըն |
Պատմութիւն
ԽմբագրելԼույս է տեսել 1911-1921 թուականներուն՝ Պոսթըն (1911, 1916-1921), Փրովիտենս (1912-1915)։ Խմբագիրներ՝ Հրաչ Երուանդ, Արշակ Տէր Մարկոսեան, Վահան Քիւրքճեան, Երուանդ Մեսիաեան։
Անդրադարձած է Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, քննադատած՝ երիտթուրքերու բանիսլամիզմը, անոնց հայահալած գործելակերպը։
«Պահակ» օրաթերթը ողջունած է Հայաստանի գրաւումը՝ կարմիր բանակի կողմէն, եւ երկրի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումը։
1921 թուականին միացած է «Ազգ»-ին եւ շարունակուած՝ իբրեւ «Ազգ-Պահակ», որ 1922 թուականին դարձած է «Պայքար»։
1921 թուականին լոյս ընծայած է բացառիկ (տարեգիրք) հրատարակութիւն՝ գրական-բանասիրական, պատմագիտական բովանդակութեամբ։