Պահեցողութիւն կամ Ծոմապահութիւն
Պահեցողութիւն կամ ծոմապահութիւն, կը նշանակէ՝ ժամանակ մը կամովին հրաժարիլ մարմինին հաճելի եւ անհրաժեշտ եղող սնունդէն: Ծոմապահը սգաւոր մըն է եւ կ'ուզէ ցաւ քաշել իր հոգւոյն համար, որ դատապարտուած է կորսուելու իր մոլութիւններուն եւ մեղքերուն պատճառով:
Պահեցողութիւնը հաւատացեալին համար ինքնամփոփումի, ինքնաքննութեան եւ ինքնասրբագրութեան ժամանակամիջոց մըն է, որու ընթացքին անդադար աղօթելու է Աստուծոյ իր մեղքերու քաւութեան համար:
Ներկայիս առհասարակ պահք բռնել կը նշանակէ օրուան ընթացքին մսեղէն եւ իւղոտ կերակուրներէն հրաժարիլ, եւ սնանիլ բանջարեղէնով կամ ընդեղէնով:
Սկզբնական շրջաններուն պահքը միայն ծոմապահութիւն էր եւ ֆիզիքապէս տկար եղողները չէին կրնար կատարել: Ուստի եկեղեցին յարմար տեսաւ որ այդպիսիները բանջարեղէն եւ ընդեղէն ուտելով անցընեն իրենց պահեցողութիւնը եւ հրաժարին միայն մսեղէն կամ իւղոտ կերակուրներէ: Թելադրելի է, որ հաւատացեալներ ծոմապահութեան կամ պահքին պատճառով ծախսերէն կրճատուած գումարները յատկացնել աղքատներուն կամ բարի նպատակներու:
Ծոմապահութիւնը կամ պահքը զղջումի, խոստովանութեան եւ ապաշխարութեան ընկերն են: Հոգեւորապէս միշտ արթուն մնալու համար յաճախ անհրաժեշտ է ծոմապահութիւնը:
Հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղելու, չափաւորութեան եւ ժուժկալութեան վարժեցնելով եւ առաւել Աստուծոյ մօտեցնելու համար եկեղեցին հաստատած է պահքի օրեր: Պահքը թէեւ պարտաւորիչ չէ սկզբունքով, սակայն եկեղեցւոյ վերին իշխանութիւնը հարկ եղած պարագային իր ժողովուրդը որկրամոլութեան ախտէն եւ կերուխումներուն յառաջացուցած մեղքերէն ձերբազատելու համար իրաւասութիւն ունի պահքի օրեր հաստատելու եւ անոնց գործադրութիւնը հետապնդելու: Այդպիսի պարագաներուն հաւատացեալ ժողովուրդին պարտականութիւնն է հնազանդիլ իր առաջնորդներուն եւ կատարել անոնց թելադրանքները յօժարակամ սրտով:
Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը նշանակուած են պահքի օրեր: Չորեքշաբթին յիշել կու տայ Քրիստոսի մատնութիւնը, իսկ Ուրբաթ օրը յիշատակութիւնն է Քրիստոսի չարչարանքներուն:
Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կողմէ սահմանուած պահքի օրերուն գլխաւորագոյնը քառասնօրեայ Մեծ պահքն է, որուն կը յաջորդեն Ս. Զատկի Աւագ շաբթուան պահքի օրերը: Ս. Ծննդեան, Վարդավառի, Ս. Աստուածածնի, Խաչվերացի, Վարագայ խաչի տօներն ալ ունին իրենց շաբաթապահքերը: Կան նաեւ Առաջաւորաց, Յիսնակի եւ կարգ մը սրբոց պահքի օրերը:
Պահքի օրերուն հաւատացեալներուն թոյլատրելի չէ խրախճանք կամ հարսանիք կատարել, որովհետեւ այդ օրերը յատկացուած են մեղքերու համար սուգ պահելու եւ ապաշխարելու:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Աշակերտին Դասացուցակը, 1700 Ամեակ, Տպագրութիւն՝ Համազգայինի Վահէ Սէթեան Տպարան։