Պայքարը Երկու Ճակատի Վրայ

Ինչպէս բոլոր ժողովուրդներուն մօտ, որոնք դաժան ստրկութիեան մը լուծին տակ ճզմուած են, բայց չեն կորսնցուցած իրենց ինքնագիտակցութիւնը, հայոց մօտ եւս գտնուեցան, նուաստացումի յոռեգոյն շրջաններուն իսկ, իրենց ժողովուրդի ազատագրութեան համար աշխատելու պատրաստ մարդիկ: Մենք արդէն խօսած ենք Իսրայէլ Օրիի գործունէութեան մասին. Ղարաբաղի մելիքներէն մէկուն զաւակը ԺԷ. դարու վերջերուն փորձեց հայկական ազատագրութեան ուղիղները գտնել:

Հայ Յեղափոխական Շարժման Ծնունդը Խմբագրել

ԺԸ. դարուն ուրիշ ջերմեռանդ հայրենասէր մը՝ Յովսէփ Էմին զէնքի ասպարէզը ընդգրկեց եւ նուիրուեցաւ հայկական ազատագրութեան գաղափարին: Սակայն այս երկու խիզախ յառաջապահներուն փորձերը կղզիացած մնացին, որովհետեւ ո՛չ արտաքին պայմանները, ո՛չ ալ հայ ժողովուրդին վիճակը այդ շրջանին նպաստաւոր էին նմանօրինակ ձեռնարկներու: ԺԹ դարուն է, որ գաղափարներու եւ իրողութիւններու ընդհանուր յեղաշրջումը զօրացուց հայ ազգային ոգին եւ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծեց ազատագրական շարժումի մը ծնունդին համար: Ինչպէս կը գրէր Ժորժ Պրանտէս՝ «Երիտասարդ սերունդ մը մէջտեղ եկաւ, որ հաղորդակից էր հին Հայաստանի ոգիին, բայց արդիական մշակոյթի տէր, բողոքեց թուրք կառավարութեան անարդարութեան եւ քիւրտերու վայրագութեանց դէմ»: Սկիզբը, այս շրջաններու պահանջները շատ չափաւոր էին: Ընդհանուր մաղթանքն էր օսմանեան գերիշխանութեան տակ ունենալ անձի ապահովութիւն, ինչքերու խաղաղ սեփականութիւն, մշակոյթի եւ դպրոցի ազատութիւն: Երբ թուրք կառավարութիւնը ի դերեւ հանեց, 1878-1882-ի ժամանակաշրջանին, հայկական նահանգներու վերաբերեալ Պերլինի դաշնագրին տրամադրութեան գործադրութիւնը ապահովելու ձգտող մեծ տէրութեանց բոլոր փորձերը, այն ատեն 1885-ին երեւան եկան համակարգ եւ հետեւողական շարժումի մը գաղափարին տարածիչները՝ բարենորոգումներու գործադրութիւնը ձեռք բերելու համար: Մկրտիչ Փորթուգալեան եւ Մինաս Չերազ ամէնէն ծանօթները դարձան հայկական դատի այս առաջին փաստաբաններուն: Ապա հրապարակ եկան հայ յեղափոխական կուսակցութիւնները: Ասոնք անխուսափելի հետեւանքներն էին թուրք կառավարութեան ի գործ դրած ճնշումի քաղաքականութեան: Թուրքերու եւ քիւրտերու չարագործութեանց դէմ՝ զինեալ դիմադրութեան մը գաղափարը սկսաւ հող շահիլ: Հայ յեղափոխական առաջին մեծ կուսակցութիւնը հիմնուեցաւ Ժընեւի մէջ 1887-ին, հայ ուսանողուհիի մը՝ Մարոյի նախաձեռնութեամբ: Ասիկա ծնունդ տուաւ Հնչակեան կուսակցութեան, որուն առաջին գործիչները հանդիսացան Աւետիս Նազարբէկ, Խան Ազատ, Մեղաւորեան եւ Շմաւոն: Այս կուսակցութիւնն էր, որ սկսաւ հայ յեղափոխական դիւցազնամարտը, խիզախ յեղափոխականներու միջոցով, ինչպիսին էին Համբարձում Պոյաճեան, Ժիրայր, Տամատեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ: 1890-ին Թիֆլիսի մէջ ստեղծուեցաւ հայ յեղափոխական նոր կուսակցութիւն մը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն անունով: Այս կուսակցութիւնը հիմնուեցաւ Քրիստափոր Միքայէլեանի, Ստեփան Զօրեանի, Սիմոն Զաւարեանի եւ ուրիշներու կողմէ: Քրիստափոր Միքայէլեան լայն մտքի տէր մէկն էր. անոր զօրաւոր անհատականութիւնը իր մէջ կը միացնէր իմացականութիւնն ու կամքը. ասիկա յատկանշական է այն մարդոց, որոնք հետք մը ձգած են պատմութեան մէջ: Շնորհիւ իրեն, Դաշնակցութիւնը իր շուրջ կրցաւ համախմբել հայ ժողովուրդի լաւագոյն տարրերէն ոմանք: Կուսակցութեան կեդրոնը հաստատուեցաւ Թիֆլիսի մէջ, ուր լոյս տեսաւ իր պաշտօնաթերթը՝ «Դրօշակ», ապա փոխադրուեցաւ Ժընեւ: Քրիստափոր Միքայէլեանի, Սիմոն Զաւարեանի եւ (Ռոստոմ) Ստեփան Զօրեանի նման մարդիկ էին, որոնք մեծ համբերութեամբ դարբնեցին Հայաստանի յարութեան գաղափարը եւ զայն վարակեցին իրենց հաւատքով: Այս կուսակցութիւնները դարձան հայ գաղափարապաշտութեան եւ հայրենասիրութեան պտուղները, ինչպէս նաեւ այն դաժան վարչակարգին, որ պարտադրուած էր հայ ժողովուրդին:

 
Խանասորի արշաւանքին հրամանատարական կազմը

Հայ յեղափոխական այս երկու կուսակցութեանց (Հնչակեան եւ Դաշնակցութեան) գործունէութիւնը սկիզբը գլխաւորապէս նպատակ ունէր հայ ազգութիւնը պահպանել Օսմ. կայսրութեան մէջ: Ասոնց ըմբռնումները հիմնուած էին արեւմտեան ժողովրդավարութեան գաղափարներուն վրայ: Ասոնց պահանջները սկիզբը շատ չափաւոր էին: Մինչեւ Ապտիւլ Համիտի ջարդերը անոնց գործունէութիւնը համեմատաբար սահմանափակ եղաւ: Քիչ թէ շատ տարողութիւն ունեցող միակ ձեռնարկը, զոր կատարեց Հնչակեան կուսակցութիւնը մինչեւ ջարդերը, Մարզուանի դէմքերով ծանօթ շարժումն է 1893-ին: Գալով Դաշնակցութեան՝ իր առաջին նշանակալից գործը եղաւ Պանք Օթոմանի գրաւումը 1896 Օգոստոսին, որուն հետեւեցաւ Խանասորի արշաւանքը 1897 Յուլիսին: Մինչեւ 1895 այս կուսակցութեան յարողներուն թիւը սահմանափակ մնաց: Ջարդերն էին, որոնք վճռական մղում տուին հայ յեղափոխական շարժման: Հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան գաղափարը, զէն ի ձեռին, զօրացաւ եւ ճառագայթեց ամէն կողմ, Դաշնակցութեան շուրջ հաւաքելով հայ ազգի կարեւոր մէկ մասը եւ ծնունդ տուաւ հայ յեղափոխական դիւցազնամարտին:

 
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Պատկեր:Logo sdhp.jpg
Սոցեալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւն

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը (ընկերվարական-ազգային) շատ չանցած շատ մեծ ազդեցութիւն ձեռք բերաւ Հայաստանի մէջ եւ գաղթաշխարհի, բացի Կիլիկիայէն, ուր Հնչակեան կուսակցութիւնը (սոցիալ-դեմոկրատ) շարունակեց գերիշխել, ինչպէս նաեւ Պաքուի ճարտարարուեստական մեծ կեդրոնին մէջ, զոր Ստալին եւ Ստեփան Շահումեան համայնավարութեան միացումին: Յառաջադէմ գաղափարներով տոգորուած այս կուսակցութեան կողքին, 1908-ին հիմնուեցաւ պահպանողական Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը, որ իր հետեւորդները ունեցաւ ունեւոր շրջանակներէ: 1896-ին, կարգ մը տարրեր, որոնք գրագէտ եւ հրապարակագիր Արփիար Արփիարեանի եւ Լեւոն Փաշալեանի գլխաւորութեամբ հեռացած էին Հնչակեան կուսակցութենէն, հիմնեցին Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութիւնը: Այս կուսակցութիւնը անդամներ կ'արձանագրէին եւ կը կազմակերպէին քարոզչութեան օճախներ ու համախմբումի կեդրոններ: Ասոնց նպատակն էր պաշտպանել հայ ժողովուրդը բնաջնջումի փորձերուն դէմ եւ Հայաստանը դուրս բերել նուաստացումէ եւ ստրկութենէ: Շնորհիւ այս կուսակցութեանց գործունէութեան, գլխաւորապէս Դաշնակցութեան, որուն ինքնաբուխ կորովը տիրապետեց ժամանակաշրջանին, հայ ժողովուրդը աճող համերաշխութեան մը տպաւորութիւնը ձեռք բերաւ եւ սորվեցաւ ինքզինք զգալ իբրեւ ազգային միաւոր: Ասոնք էին սկզբնական այն պատճառները, որոնք հայ ազգային շարժումը շղթայազերծեցին, շարժում մը՝ որ հայ ժողովուրդին առջեւ պիտի գծէր պատուոյ եւ ազատութեան ճամբան:

Պայքարը Երկու Ճակատի Վրայ Խմբագրել

Այսպէս, Թրքահայաստանի սպանդին ի տես հայ ժողովուրդը ըմբռնած էր, թէ բռնութեան դէմ չդնելը քաջալերանք մըն է բռնութեան: Զինեալ դիմադրութեան մը գաղափարը հող շաղած էր արագօրէն: Հայ Յեղափոխական կուսակցութեանց կողմէ ձեռնարկուած մեծ տարողութեամբ առաջին գործողութիւնը Պանք Օթոմանի գրաւումը եղաւ 1896 Օգոստոսին, իրաագործուած Դաշնակցութեան կողմէ, նպատակ ունենալով եւրոպական պետութիւնները ստիպելու, որ միջամտեն: Յաջորդ տարիներուն Դաշնակցութեան ղեկավարութեամբ Անդրկովկասէն եւ Պարսկաստանէն հայերը կը կազմակերպեն ինքնապաշտպանութեան եւ պատժական արշաւանքներ Թրքահայաստանի մէջ՝ թուրքերուն եւ քիւրտերուն դէմ: Թրքահայաստանի այլազան շրջաններուն մէջ, ամէնէն վճռական անձերը լեռները կ'ապաստանէին, խումբեր կը կազմէին եւ ֆետայական կռիւներ կը մղէին: Հայ ֆետային առասպելական դէմք մը դարձաւ եւ ժողովուրդի երեւակայութեան մէջ խաղաց այն դերը, ինչ որ խաղացին սերպ կամ պուլկար «հայդուկ»ները, կամ յոյն «քլեֆթ»ները: Այս ինքնապաշտպանութեան շարժումը հետեւանքն էր թրքական քաղաքականութեան: Այս տարիներու պատմութիւնը հայ ժողովուրդի կորովին եւ կամքին պատմութիւնն է: Մասնակի եւ կղզիացած այն ճիգերը, որոնք մինչ այդ յատկանշած էին հայ ազգային շարժումը, այնուհետեւ կապուեցան ամբողջի մը: Ժընեւէն եւ Լոնտոնէն, ուր հաստատուած էին հայ կուսակցութիւններու կեդրոնատեղիները, կարգախօսներ եւ օգնութիւններ կը հասնէին հալածուած հայ եղբայրներուն, արհամարհելով կրակի գիծը եւ բանտերու պարիսպները:

 
Զօրաւար Անդրանիկ (Անդրանիկ Օզանեան)

Անդրանիկի մը (ռազմավարութեան իսկական ինքնաբոյս տաղանդ), Նիկոլ Դումանի մը (զինուորական գետնի վրայ հայկական դիմադրութեան մեծ կազմակերպիչը), Բաբգէն Սիւնիի մը (Պանք Օթոմանի հերոսը), Հրայրի մը, Գէորգ Չաւուշի մը, Մուրատի մը, Սերոբի մը ղեկավարութեան տակ, երկրին մէջ հայկական ուժերը կը կազմակերպուէին եւ իրենց ինքնապաշտպանութեան կամ պատժական արարքներով հայ բնակչութիւնը կը պաշտպանաէին ջարդարարներուն դէմ: Կը բաւէ այս անունները յիշել՝ որպէսզի վերակենդանանան այն ժամերը երբ քանի մը մարդոց կամքը, կը յաղթահարէ բոլոր արգելքները: Այս մարդիկը հերոսներ էին: Անոնց քանի մը հատին համար կարելի է ըսել, թէ պէտք է մինչեւ հնագոյն դարերը երթալ՝ մարդկային այդպիսի տիպարներ գտնելու համար: Ուրիշներ, նուազ նշանաւոր, այսուհանդերձ անոնք եւս կը գործադրէին հերոսական արարքներ: Այս վերջինները չէին կրնար հաւանաբար բաղդատուիլ արտակարգ այդ հերոսներուն հետ, բայց որովհետեւ գործը ինքնին մեծ էր, իր մէջ առնելով կը մեծցնէր զանոնք: Հայ յեղափոխական շարժումը իբրեւ նշանաբան ընտրած եւ իր դրօշակներուն վրայ արձանագրած է՝ «Մահ կամ ազատութիւն»: Այս մարդերէն շատերուն համար մահ եղաւ, սակայն անոնք կը յուսային, թէ օր մը իրենց հայրենիքին համար ատիկա ազատութիւն պիտի բերէր: Հայկական ուժերը գիտէին, թէ առանձին պիտի չկարենային յաղթել Օսմ. կայսրութեան: Սակայն անոնց համար յաղթանակը կը կայանար վերջնականօրէն երբեք չպարտուելուն եւ պայքարը տեւապէս երկարաձգելուն մէջ: Այս կռիւներու ընթացքին՝ որքա՜ն անձնզոհութիւններ, հերոսական արարքներ կատարուեցան, ինչպիսի՜ գործադրութիւններ՝ ռուս զինուորական հին առածին, որ կ'ըսէ. «Մեռիր, բայց ազատէ եղբայրներդ»: Տեղի ունեցան բազմաթիւ բախումներ, որոնցմէ ամէնէն կարեւորը եղաւ Խանասորի արշաւանքը (1897), Խաստուրի (1899) եւ Առաքելոց վանքի (1901) կռիւները եւ վերջապէս Սասնոյ Բ. ապստամբութիւնը (1904): Խանասորի արշաւանքը կազմակերպուեցաւ Դաշնակցութեան կողմէ, Պարսկաստանէն, պատժելու համար քիւրտ ցեղերէն մէկը, որ 1896-ի ջարդերուն կոտորած էր 800 հայեր: Արշաւանքը համախմբեց 300 հայ կռուողներ, որոնք ոչնչացուցին քիւրտ Մազրիկ ցեղը, քանդելով անոր վրանատեղին, բայց խնայելով կեանքը կիներուն եւ մանուկներուն: Խաստուրի կռիւները տեղի ունեցան Ալաշկերտի հովիտին մէջ, ուր Անդրկովկասէն եկած հայ խումբ մը մարտնչեցաւ թրքական զօրքին դէմ: Կատաղօրէն պաշտպանուելէ ետք, հայերը կրցան ճեղքել թրքական գիծը եւ յառաջանալ: Ախլաթի շրջանին մէջ, առասպելական քաջութեան տէր հայդուկապետ մը՝ Սերոբ, տարիներ շարունակ լեռներու տէր ու տիրականը դարձաւ եւ ի վերջոյ 1899-ին իր 12 զինակիցներուն հետ ինկաւ, 1500 հոգիի դէմ կռուելէ ետք: Իր դէմ ղրկուած էին թրքական եւ քրտական խառն ուժեր: 1901-ին տեղի ունեցաւ Առաքելոց վանքի արտակարգ պաշարումը, որուն ընթացքին Անդրանիկ եւ իր զինակիցները 19 օր դիմադրեցին թրքական զօրամասերուն եւ ապա, թշնամի գիծերը ճեղքելով լեռները ապաստանեցան: Սակայն այս բոլոր գործողութիւններուն ամէնէն կարեւորը Սասնոյ Բ. ապստամբութիւնն է 1904-ին, որ զինուորական իսկական գործողութեան բնոյթը ստացաւ, երկու մնայուն ճակատներու կազմութեամբ, հիւսիսային ճակատ մը՝ Մուշի ուղղութեամբ եւ հարաւային ճակատ մը՝ Տիարպեքիրի ուղղութեամբ: Հայ կռուողներու ընտրանին համախմբուած էր Սասնոյ լեռնային շրջանին մէջ, Անդրանիկի ղեկավարութեամբ: Հոն էին Հրայրը, Գէորգ Չաւուշը, Քեռին, Մուրատը, Սեպուհը, Սմբատը, Կայծակ Առաքելը, Գայլ Վահանը: Սասնոյ խիզաախ լեռնականներուն գլուխը անցած՝ անոնք դիմադրեցին Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն ընթացքին թրքական զօրամասերուն (10 զօրասիւն Մշոյ ճակատին վրայ, 3 զօրասիւն՝ Տիարպեքիրի ճակատին վրայ եւ հազարաւոր քիւրտեր): Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը՝ Վահան Մանուէլեան եւ Հրայր, հերոսի մահով ինկան այս կռիւին, որ ի խնդիր ազատութեան հայ ժողովուրդի մղած պայքարին մեծ փուլերէն մէկը կը կազմէ: Սասնոյ այս կռիւները հսկայակական ազդեցութիւն կատարեցին հայ ժողովուրդի հոգիին վրայ: Եթէ յաջորդ տարին Անդրկովկասի հայութիւնը կրցաւ դէմ դնել թաթարական գրոհին, ցարական կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած, պատճառը այն էր, որ Սասնոյ կռիւներու օրինակէն ձեռք բերած էր ինքնավստահութիւն մը, որ մինչ այդ կը պակսէր իրեն:

 
Ֆետայական խումբ՝ 1903-ին

Կարելի է ըսել, թէ այս կռիւներն էին, որ դարերու ստրկութեան տակ ընկճուած ժողովուրդի մը հոգիին մէջ արթնցուցին ազատութեան հետ ստեղծուող նոր մտայնութիւնը: Այդ կռիւներն էին, որ զինուորական աւանդութիւն մը վերստեղծեցին ժողովուրդի մը համար, որ թէեւ ժամանակ մը վախազդու պատերազմիկ, սակայն դարերէ ի վեր զինուորական ասպարէզէ դուրս քշուած կը մնար: Յայտնի է, որ զինուորական ոգին յանպատրաստից չի ծնիր: Այլ՝ հերոս նախնիներու օրինակին արդիւնքն է ան: Բոլոր բանակները կ'ապրին հին աւանդութիւններով, որոնք զինուորներու եւ ղեկավարներու արժէքը կը կազմեն: Հայ յեղափոխական շարժման այդ կռիւներն էին, որոնք հայ ժողովուրդին համար դարբնեցին զինուորական նոր աւանդութիւն մը, որուն ժառանգորդները պիտի դառնային առաջին մեծ պատերազմի կամաւորները, ապա հայ ազգային բանակի զինուորները: Սակայն այս աւանդութիւնը հաստատուեցաւ ազգի ընտրանիի կորստեան գնով: «Ոչինչ այնքան ողբերգական է եւ այնքան յուզիչ,- կը գրէ Վարանդեան,- որքան հայկական Ռիզորճիմենթոյի այս պատմութիւնը: Ամբողջ սերունդներ հնձուեցան բնաջնջուելով բռնատիրութեանց ամէնէն անողոքին ձեռքով: Ազգի բոլոր դասակարգերուն պատկանող հազարաւոր երիտասարդներ կ'իջնէին պայքարի, մասնակցելով յուսահատ կռուի մը՝ ընդդէմ հզօր բռնատիրութեան եւ կը մահանային կռիւներու ընթացքին, կախաղաններու կատարին, թիարաններու մէջ»: Վերջապէս, պէտք է շեշտել, թէ հայ ազգային շարժման կողմէ մղուած այս պայքարը իրականին մէջ երկու ճակատի վրայ տեղի կ'ունենար: Արդարեւ, որքան ալ հայ ազգային շարժման նպատակը սկիզբները Թրքահայաստանի հայ բնակչութեան պաշտպանութիւնն էր, ցարական կառավարութիւնը իր կարելին ըրաւ փշրելու համար զայն: Հետագայ տարիներու ընթացքին, երբ հայերը ինքնապաշտպանութեան եւ պատժական արշաւանքներ կազմակերպեցին Անդրկովկասէն դէպի Թրքահայաստան, ստիպուեցան տեւաբար երկու ճակատի վրայ կռուիլ, թէ՛ ռուսական եւ թէ թրքական ու քրտական ուժերուն դէմ: Հարիւրաւոր հայ մարտիկներ ինկան թուրքեւռուս սահմանը պահող ռուսական զինուորներու հարուածներուն տակ. ռուս պահակազօրքերը հրահանգ ստացած էին գործակցելու թրքական ուժերուն հետ:

Հայոց Օժանդակութիւնը Արեւելքի Ժողովուրդներու Ազատագրութեան Խմբագրել

Հայ յեղափոխական շարժումը չսահմանափակուեցաւ հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան այս պայքարով: «Հոն ուր աւելի զօրաւոր մը կայ, ըլլալ աւելի տկարի կողքին». այս նշանաբանին հաւատարիմ՝ հայ յեղափոխութիւնը ընդարձակեց իր գործը եւ գործօն աջակցութիւն ցոյց տուաւ Արեւելքի այն ժողովուրդներուն, որոնք կը պայքարէին իրենց երկիրը ազատագրելու համար բռնատիրական վարչակարգէն եւ զայն զօրացնելու՝ օտար կայսերապաշտութեան սպառնալիքին առջեւ: Յաջորդ գլուխներէն մէկուն մէջ պիտի նկարագրենք այն սերտ գործակցութիւնը, որ հայ յեղափոխական կուսակցութիւնները միացուց Երիտասարդ Թուրքերուն, որոնք կը պայքարէին Ապտիւլ Համիտի վարչակարգին դէմ: Բաւականանանք յիշելով հոս այն շատ կարեւոր մասնակցութիւնը, զոր Դաշնակցութիւնը ունեցաւ 1906-1907-ի պարսկական յեղափոխութեան եւ նոր վարչակարգի պաշտպանութեան մէջ:

 
Եփրեմ Խան

1906-ին պարսիկ ժողովուրդը ապստամբեցաւ եւ Շահին պարտադրեց ազատական սահմանադրութիւն մը, խորհրդարանով մը: Այս յեղափոխութիւնը գործն էր պարսիկ հայրենասէրներու, որոնք կ'ուզէին վերջ դնել բռնատիրական վարչակարգին եւ վերակենդանացնել Պարսկաստանը, որ կը գտնուէր ռուսական ու անգլիական կայսերապաշտութեանց ցանկութիւններուն սպառնալիքին տակ: Շահի մահէն ետք 1907-ին, իր յաջորդը Մոհամմէտ Ալի, Ռուսիոյ օգնութեամբ փորձեց բացարձակատիրութեան նախկին վարչակարգը հաստատել: Պետական այս հարուածը զայն տէր դարձուց Թեհրանի եւ երկրի կեդրոնին: Սակայն պարսիկ ազատականները շարունակեցին դիմադրութիւնը երկրին մէջ եւ ի վերջոյ յաջողեցան սահմանադրական իրաւակարգ հաստատել, շնորհիւ, մեծ չափով մը, հայ հայրենասէրներու աջակցութեան: Արդարեւ հայ մեծ զինուոր մը՝ Եփրեմն էր (հետագային Եփրեմ Խան), որ դարձաւ պետը Թեհրանը գրաւող սահմանադրական բանակին եւ որ ապա փշրեց յետադիմական ուժերու յարձակողական բոլոր գրոհները: Հայ յեղափոխական շարժումը սահմանադրական բանակին տուաւ բազմաթիւ պետեր, ինչպէս Քեռին, Խեչօն եւ կամաւորներու գունդ մը, որ այս բանակի հոգին դարձաւ եւ զոհուեցաւ առանց սակարկելու: Նոր կառավարութենէն Եփրեմ ստացաւ «սիրտար»-ի (սպարապետ) տիտղոս եւ դարձաւ տեսակ մը նոր վարչակարգի հովանաւորողը: Ինկաւ պատերազմի դաշտին վրայ՝ Պարսկաստանը պաշտպանելով օտար կայսերապաշտութեանց կողմէ ղեկավարուած կոյր ուժերու յարձակումներուն դէմ:

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Հայոց Պատմութիւն, Երուանդ Փամպուքեան (Վլադիմիր Բարխուդարեան), Է. Կարգերու, Պէյրութ, 1998