Պապ Թագաւոր
Պապ (353 - 374), Մեծ Հայքի արքայ (370-374)։ Արշակ Բ-ի եւ Փառանձեմ թագուհիի որդին, Արշակ Գ-ի եւ Վաղարշակ III-ի հայրը, Արշակունիներու արքայական հարստութենէն։ Յաջորդած է հօրը՝ Արշակ Բ-ին (350-368)։ Պապը գահ բարձրացած է Հռոմէական կայսրութեան օժանդակութեամբ։ Պապ Թագաւոր, հայոց սպարապետ Մուշեղ Մամիկոնեանի հետ գործակցելով՝ Նպատ լերան մօտ, Ձիրաւի ճակատամարտին, պարտութեան մատնեց պարսիկները, 371-ին։ Շնորհիւ սոյն յաղթանակին, 18-ամեայ Պապը դարձաւ հայոց թագաւոր[1]։
Պապ Թագաւոր | |
---|---|
| |
Ծնած է | 353 |
Մահացած է | 374 |
Քաղաքացիութիւն | Մեծ Հայք |
Ազգութիւն | Հայ |
Մասնագիտութիւն | միապետ |
Վարած պաշտօններ | Հայոց արքայ |
Ամուսին | Զարմանդուխտ? |
Ծնողներ | հայր՝ Արշակ Բ., մայր՝ Փառանձեմ Սյունի? |
Երեխաներ | Վաղարշակ? եւ Արշակ Գ. |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՊապը Մեծ Հայքի մէջ որպէս արքայ հաստատուեցաւ Հռոմէական կայսրութեան օգնութեամբ։ Սպարապետ Մուշեղ Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ հայ-հռոմէական զօրքը կրցած է յաղթանակ տանիլ պարսիկներուն դէմ եւ Մեծ Հայքը ամբողջովին անկախ դարձնել։
Պապը կատարած է շարք մը բարեփոխումներ, որոնք կարեւոր էին այդ արտաքին եւ ներքին ծանր պայմաններու ժամանակաշրջանին։ Ան վերամիաւորած է շարք մը նահանգներ, որոնք անջատուած էին Մեծ Հայքէն ծանր ներքաղաքական շրջանին։ Ան փակած է կուսանոցները՝ այդպիսով փորձելով բարձրացնել ծնելիութեան մակարդակը։ Ան սահմանափակած է եկեղեցւոյ դերը երկրի կառավարման մեջ, կրճատած՝ եկեղեցական հողերը, որու պատճառով հակասութիւններ առաջացած են Պապի եւ Ներսէս Մեծի միջեւ։ Անոր գահակալման ընթացքին կաթողիկոսները սկսան ձեռնադրուիլ ո՛չ թէ Կեսարիայի, այլ Հայաստանի մէջ։ Անոր օրով հայոց զօրքի թիւը հասած է 100 հազարի[2]։
Պապը կը փորձէր ազատիլ հռոմէական կայսրութեան ճնշումներէն եւ ամբողջովին անկախ ըլլալ իր արտաքին ու ներքին քաղաքականութեան հարցերուն մէջ։ Ան կը փորձէ Մեծ Հայքէն հեռացնել Տերենտիոսի ղեկավարութեամբ գործող հռոմէական կայազօրը, քանի որ վերջինս շատ կը խառնուէր Պապի պետական գործերուն[3]։ Պապը գաղտնի բանակցութիւններ կը սկսի Շապուհ Երկարակեացի հետ, սակայն Տերենտիոսը կ'իմանայ անոնց գաղտնի կապին մասին եւ կը յայտնէ Հռոմի կայսր Վաղեսին, որ բանակցելու պատրուակով Պապին կը հրաւիրէ Տարսոն եւ կը փորձէ հսկողութեան տակ առնել։ Պապը իր 300 թիկնապահներուն հետ միասին կը կարողանայ փախչիլ եւ վերադառնալ Մեծ Հայք։ Տերենտիոսին յաջորդած Տրայանոսը կը յաջողի շահիլ Պապի վստահութիւնը եւ զինք հրաւիրելով խնճոյքի՝ դաւադրաբար կը սպաննէ։
Արտագերսի պաշտպանութիւնը
ԽմբագրելԱրշակ Բ արքայի եւ սպարապետ Վասակ Մամիկոնեանի ձերբակալութենէն յետոյ Մեծ Հայքի մէջ կը սկսի թշուառ իրավիճակ։ Չնայած իր մեծ տարիքին՝ Շապուհ Բ. Երկարակեաց կը շարունակէր իր ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը[4]։ Ան կը փորձէր Մեծ Հայքը եւ Վիրքը հանել հռոմէական կայսրութեան ազդեցութեան գօտիէն։ Այդ պատճառով ան 368 թուականի ձմռան զօրք կ'ուղարկէ Մեծ Հայք, որոնք, ըստ Ամմիանոս Մարկելինոսի, կը ղեկավարէին երկու հայ դաւաճաններ։
Հայոց զօրքը Փառանձեմ թագուհիի եւ Պապ թագաւորի հետ միասին կ'ամրանայ անառիկ Արտագերս ամրոցին մէջ, որ Արշակունիները խլած էին Կամսարականներէն։ Բերդը անհնար էր վերցնել գրոհով, այդ պատճառով պարսիկները բերդը կը պաշարեն։ Ըստ Լէոյի՝ հայոց զօրքի թիւը կը հասնէր շուրջ 11 հազարի։
Թագուհին կ'որոշէ, որ Պապը ու Մուշեղ Մամիկոնեանը պէտք է դուրս գան ամրոցէն եւ ճեղքելով պարսկական պաշարումը՝ անցնին հռոմէական կայսրութիւն, ներկայանան Վաղես կայսրին եւ անոնցմէ օգնութիւն խնդրեն։ Պապը կը կատարէ անոր պատուէրը։ Տարբեր մարդոց միջոցով ան յաճախ լուր կ'ուղարկէ թագուհիին, որ շուտով կու գայ հռոմէական կայազօրի օգնութեամբ, սակայն Վաղես կայսրը մտորումներու մէջ էր եւ չէր կրնար որոշում կայացնել։
Շուտով բանակցութիւններ կը սկսին պաշարուածներուն եւ պարսիկներուն միջեւ։ Հայր Մարդպետը կը մտնէ բերդ եւ կը պահանջէ դադրեցնել պաշտպանութիւնը, քանի որ անիմաստ է, սակայն Փառանձեմը անդրդուելի էր[5]։
Իմանալով այս բոլորի մասին, Վաղես կայսրը օգնական զօրք կ'ուղարկէ Մեծ Հայք։ Երբ պարսից Շապուհ արքան կ'իմանայ այս մասին, ինչպէս Ամմիանոս նշած է, «գազանային կատաղութեան մեջ»[6] կ'իյնայ։ Ան հսկայական զօրքկը հաւաքէ եւ անձամբ կ'արշաւէ դէպի Մեծ Հայք։ Շապուհը մէկ անգամէն կ'երթայ Արտագերսի վրայ, կը պաշարէ զայն եւ կը գրաւէ։ Գերի կ'իյնայ նաեւ Փառանձեմ թագուհին, ամբողջ արշակունեաց գանձերուն հետ միասին, սակայն Շապուհը չի բաւարարուիր։ Ան կ'աւերէ Արտաշատը, Վաղարշապատը, Երուանդաշատը, Զարիշատը եւ Զարեհաւանը։
Փառանձեմը կը գերեվարուի եւ կը տարուի Պարսկաստան[7]․
Գահակալական շրջան
ԽմբագրելՊապ թագաւորը իր գահակալութիւնը կը սկսի շատ դժուարին ժամանակաշրջանի մը։ Իր հօր նման, ան կը փորձէր Արշակունեաց խարխուլ գահը նորոգել երկու կարեւորագոյն սիւներու օգնութեամբ՝ սպարապետութիւն եւ կաթողիկոսութիւն։ Սպարապետ կը դառնայ Վասակ Մամիկոնեանի որդին՝ Մուշեղ Մամիկոնեանը։ Պապ թագաւորը դիմելով Ներսէս Մեծին, կը կարողանայ վերացնել Արշակունեաց եւ Լուսաւորչական տոհմերու միջեւ եղող ատելութիւնը եւ Ներսէս Մեծը նորէն կը սկսի երեւալ արքունիքին մէջ։ Միւս կարեւոր ձեռքբերումը, որ պէտք է կատարէր Պապ թագաւորը՝ ռազմական ուժը մեծցնելն էր։ Իր գահակալման սկիզբը հայոց զօրքի թիւը կը հասնէր ընդամէնը 10֊11 հազարի։ Այդպիսի ուժերով անհնար էր դիմագրաւել պարսից հսկայական ռազմական ուժին, այդ պատճառով Վաղես կայսրը կ'ուղարկէ հռոմէական կայազօր մը, որ կ'ապահովէր հայոց խաղաղութիւնը, որպէսզի պարսիկները նորէն չաւերեն Մեծ Հայքը։
Այս պատճառով Շապուհը կը դիմէ խորամանկ քայլի եւ կը փորձէ դիւանագիտական ուղիներով հպատակեցնել Պապը[8], սակայն Պապը կը հասկնայ, որ Շապուհի հետ դաշինքը Մեծ Հայքի շահերէն չի բխիր եւ կը մերժէ Շապուհի առաջարկը։ Ի պատասխան պարսից շահին, Պապը սպանել կու տայ երկու հայ դաւաճաններ՝ Կիրալին եւ Արտաւանին, որոնք առաջնորդած էին պարսկական բանակը դէպի Հայոց երկիրը եւ կ'ուղարկէ Շահուպին։
Շուտով Շապուհը կը ցանկանայ արշաւել Մեծ Հայք, սակայն հայ-պարսկական սահմանին վրայ կը հերթապահէր Արինթեոսի հռոմէական կայազօրը։ Շապուհը պատուիրակութիւն կ'ուղարկէ Վաղեսի մօտ եւ կը խնդրէ հաւատարիմ մնալ 363 թուականին կնքուած հռոմէա-պարսկական պայմանագրին, որ Ամմիանոսը անուանած էր «ամօթալի պայմանագիր», սակայն Վաղեսը կը մերժէ զինք եւ նոյնիսկ կը զգուշացնէ, որ արշաւելու է Վիրք եւ դուրս քշէ Վիրքի պարսից դրածոյ թագաւորը։ Շապուհը կը կատաղի այս պատասախանէն եւ 371 թուականին կը սկսի արշաւանքը ընդդէմ հայ-հռոմէականան ուժերուն[9]։
Ձիրաւի ճակատամարտ
ԽմբագրելԻմանալով պարսից ներխուժման մասին՝ Վաղես կայսրը Մեծ Հայք կ'ուղարկէ Տրայանոս կոմսը։ Գլխաւոր ճակատամարտը տեղի կ'ունենայ Այրարատ նահանգի Բագրեւանդ գաւառի Ձիրաւի դաշտին մէջ, որ կը գտնուէր Նպատ լեռան հիւսիսային ստորոտը, Արածանիի գետահովիտին մէջ։ Պարսիկներուն կ'օժանդակէին աղուանները եւ լեզգիները Ուռնայրի եւ Շերգիրի գլխաւորութեամբ։ Պարսիկներուն կ'օգնէր նաեւ Մերուժան Արծրունին, որ կը յաւակնէր հայոց գահին[9]։
Ճակատամարտի ժամանակ Սպանդարատ Կամսարականի գլխաւորած զօրաթեւը, գրոհելով հակառակորդի կեդրոնի վրայ,կը ջախջախէ եւ փախուստի կը մատնէ զինք։ Լեզգիներու արքայ Շերգիր թագաւորը մարտի ընթացքին կը զոհուի, իսկ աղուաններու արքայ Ուռնայրը կը վիրաւորուի։ Սմբատ Բագրատունին կը հետապնդէ ճակատամարտէն ճողոպրած Մերուժան Արծրունին, կը բռնէ Կոգովիտ գաւառին մէջ եւ մահապատիժի կ'ենթարկէ զինք։ Ան Մերուժանին կը յիշեցնէ, որ թագադիր ասպետութիւնը Բագրատունիներու ժառանգական արտօնութիւնն է եւ շիկացած երկաթը որպէս թագ դնելով Մերուժանի գլխուն՝ կը սպաննէ զինք։ Ի վերջոյ պարսիկները փախուստի կը դիմեն։ Հայոց զօրքերը հակառակորդին կը հալածեն մինչեւ Ատրպատականի սահման։ Յաղթութիւնը հայոց կողմն էր[9]։
Ձիրաւի ճակատամարտէն յետոյ Շապուհ Բ Երկարակեացը ստիպուած կ'ըլլայ հաշտութեան պայմանագիր կնքել Վաղես կայսեր հետ, ճանչնալ Մեծ Հայքի անկախութիւնն ու Պապի գահը[9]։
Բարեփոխումներու շրջան
ԽմբագրելՊապի գահակալման շրջանին, երբ Ներսէս Մեծը դարձեալ կը սկսի արքունիք անցուդարձ մուտք ու ելք ընել, կաթողիկոսըկը սկսի վերականգնել այն հասարակական կառոյցները, որոնք գոյութիւն ունէին մինչեւ պարսիկներու կատարած աւերածութիւնները։ Այդպիսի կառոյցներ էին բորոտներու խնամքի վայրերը, աղքատանոցները, միաբանութիւնները, կուսանոցները։
Արտաքին գործերը աւարտելէն յետոյ՝ Պապ թագաւորը սկսաւ անդրադառնալ ներքին խնդիրներուն։ Ան կը հասկնար, որ 70 տարուան ընթացքին ժողովուրդին մէջ դեռեւս չէր արմատաւորուած բուն քրիստոնէութիւնը, այլ ուղղակի արտաքնապէս ընդունուած էր։ Ուրեմն այդ կառոյցները, որոնք պետական գանձարանին լուրջ մասը կը կազմէին, անիմաստ էին, քանի որ անոնց նպատակը քրիստոնէական բարոյագիտութեան տարածումն էր։ Փոխարէնը անոնց պատճառով կը տարածուէր ծուլութիւնը, կուսանոցներու պատճառով կը կրճատուէր բնակչութեան աճը[10]։
Պապը կը սկսի կրճատել Տրդատ Գ-ի ժամանակ եկեղեցիներուն շնորհուած ահռելի հողերը եւ տալ զինուորականներուն։ Այդ պատճառով հակասութիւններ կը սկսին Պապի եւ Ներսէս Մեծի միջեւ։
372 թուականին կը վախճանի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ներսէս ՄԵծը։
Եկեղեցականութիւնը կը սկսի քարկոծել Պապ թագաւորը, կարծելով, որ ան թունաւորած է Ներսէս Մեծին։ Շարք մը բացասական առասպելներ կը պատմուին Պապի անուան շուրջ, որ կը տարածուի նաեւ Հայքի սահմաններէն դուրս[11]։
Ներսէս Մեծի վախճանումէն յետոյ, Պապը կը սկսի փակել աղքատանոցները, կուսանոցները, ուր գտնուող կանանց կը պարտադրէ ամուսնանալ, իսկ տղամարդոց՝ ծառայել զօրքին։ Ան կը վերացնէ նաեւ տասանորդի եւ պտուղի հարկերը, որոնք ռամիկներէն կը տրուէին եկեղեցիին։ Զուգահեռ կը կրճատուին նաեւ հոգեւորականներու թիւը։ Ներսէս Մեծին յաջորդէ Շահակ Ա Մանազկերտցին, որ Պապի հրամանով այլեւս չի մեկնիր Կեսարիա եւ հայրենի հողին վրայ եպիսկոպոսներու կողմէ կը ձեռնադրուի Հայքի կաթողիկոս։ Անոր յաջորդող կաթողիկոսներն այդուհետ կը ձեռնադրուին Հայաստանի մէջ:
Շահակի կաթողիկոս նշանակուիլը նոյնպէս վատ կ'ընդունուի հոգեւորականութեան կողմէ, քանի որ անով վերջ կը տրուէր Լուսաւորիչի տոհմին եւ կաթողիկոսական աթոռը կ'անցնի հին քրմական Աղբիանոսի տոհմին։
Սպանդարատ Կամսարականին կը վերադարձուի հայրենի Շիրակ եւ Արշարունիք գաւառները, որոնք անկէ խլուած էին նախորդ Արշակունիների ժամանակաշրջանին։
Պապը յստակ կ'արձանագրէ, որ Հռոմէն անկախ քաղաքականութիւն պիտի վարէ, այդ պատճառով իր դէմ կը տրամադրէ Վաղես կայսրը[12]։
Տարածքային բարեփոխում
ԽմբագրելԱրշակ Բ-ի գերեվարութենէն յետոյ, շարք մը հայկական իշխանութիւններ սկսան անջատողական քաղաքականութիւն վարել եւ ապստամբիլ։ Այդ պատճառով շարք մը տարածքներ առանձնացան։ Պապն իր առջեւ նպատակ դրած էր վերագրաւել եւ միացնել իր պետութեան այն տարածքները, որոնք գրաւուած էին Տիգրան Մեծի եւ Արտաշէս Բարեպաշտի ժամանակաշրջաններէն՝ Ուտիքը, Գուգարքը, Կորճայքը, Աղձնիքը եւ այլ նահանգներ։ Ան կը յանձնարարէ այդ գերկարեւոր առաջադրանքը Մուշեղ Մամիկոնեանին։ Անոր համար նախ հարկ էր վերակազմել հզօր բանակ։ Արհեստավարժ զօրքի թիւը կը հասցուի շուրջ 100 հազարի[13]։
Մուշեղն ամենայն պատասխանատուութեամբ կը սկսի հայկական նահանգներու վերամիաւորման։ Կային նահանգներ, որոնք առանց արիւնայեղութեան յանձնուեցան, իսկ չյանձնուողները ամենայն կատաղութեամբ ջախջախուեցան Մուշեղի կողմէ։ Ըստ Փավստոս Բիւզանդի՝ նոյնիսկ մէկ քանիին ան խաչ բարձրացուցած է։
Երբ ան անգամ մը կը պատերազմէր Շապուհի հետ եւ փախուստի կը մատնէր զինք, պարսիկ կանանոցը գերի կը մնար Մուշեղի մօտ։ Ան ամենայն յարգանքով կը վարուի հարեմին հետ եւ անոնց ետ կ'ուղարկէ Շապուհի մօտ։ Այս քայլը բարձր կը գնահատուի շահին կողմէ, որ իր գինիի բաժակին վրայ պատկերել տուած է սպիտակ ձիու վրայ նստած Մուշեղը եւ ամէն անգամ որ գինի խմէր, ի պատիւ Մուշեղի կ'ըսէր՝ «Ճերմակաձին գինի խմէ»։
Մուշեղ Մամիկոնեանը կ'ազատագրէ նաեւ Ատրպատականի հայկական մասը[14]։
Ի վերջոյ ամբողջ Մեծ Հայքի նահանգները նորէն կը միաւորուին, ինչպէս եղած էր Տիգրան Մեծի եւ Արտաշէս Բարեպաշտի ժամանակաշրջանին։
Սպանութիւն
ԽմբագրելՊապի վարած անկախ քաղաքականութեան պատճառով Հռոմը հալածանքներ կը սկսի իր դէմ։ Ատոր հիմնական պատճառներէն մէկը Մեծ Հայքին մէջ գործող հռոմէական կայազօրի հրամանատար Տերենտիոսն էր, որ, ըստ Ամմիանոսի, «արտաքուստ համեստ եւ լուրջ մարդ մըն էր, բայց իր ամբողջ կեանքի ընթացքին կը գրգռէր երկպառակութիւններ»[12]։ Հայաստանի մէջ գործող յունասէր կուսակցութիւնը կը սկսի դաւեր նիւթել Պապին դէմ։
Բանակցութիւններու պատրուակով Հռոմի կայսր Վաղեսը կը հրաւիրէ Պապը Տարսոն եւ կը փորձէ զինք կալանաւորել, սակայն Պապն իր 300 թիկնապահներուն հետ միասին կը կարողանայ խոյս տալ բանտարկութենէն եւ վերադառնալ Հայք։ Այստեղ տեղի ունեցած էր հռոմէական կայազօրի հրամանատարի փոփոխութիւն։ Հրամանատար նշանակուած էր Տրայանոսը, որ կը կարողանայ շահիլ Պապի վստահութիւնը։ 374 թուականն էր, երբ ան կը հրաւիրէ Պապը խնճոյքի եւ դաւադրաբար կը սպաննէ զինք[15]։
Այս անազնիւ գործով խաբուած եղաւ վստահութիւնը․ օտարականի արիւնը, որ կը ցայտէր փառայեղ սփռոցի վրայ հիւրընկալութեան Աստուծոյ աչքի առջեւ, հիւրասիրութեան միջոցին, հիւրասիրութեան, որ յարգանք կը վայելէ նոյնիսկ Եվքսինեան Պոնտոսի կողմերը, այդ արիւնը եկաւ աւելնալու խնճոյքի մասնակիցներու յագեցման, որոնք եւ փախան մեծ սարսափով բռնուած։ |
Գրականութիւն
Խմբագրել- Հայ ժողովրդի պատմութիւն, ութ հատորով, ՀՀ Գիտութիւնների ակադեմիայի հրատարակութիւն, հատոր II, Երեւան, 1984 թ., էջ 102-106։
- Հրանդ Արմէն, Պապ Արշակունի, Երուսաղէմ, 1958 թ.։
- Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, Ազգապատում, հ. Ա, Երեւան, 2001 թ.։
- Փաւստոս Բիւզանդ, Հայոց Պատմութիւն, Ստ. Մալխասյանցի աշխարհաբար թարգմանութիւնը, նրա ներածութեամբ եւ ծանոթագրութիւններով, Երեւան, 1947 թ.։
- Փաւստոս Բիւզանդ, Հայոց Պատմութիւն, Սովետական գրող հրատարակչութիւն, Երեւան, 1977 թ.։
- Եղիազար Մուրադեան, Քննական Պատմութիւն Արշակ Երկրորդի եւ անոր Պապ որդւոյն, Աղեքսանդրիա, Արաքս տպարան, 1900 թ.։
- Ստեփան Զորյան, Պապ թագաւոր, ակադեմիկոս Սուրեն Երեմյանի պատմական ակնարկ-հոդվածով, Երեւան, 1944 թ.։
- Գեւորգ Հովհաննիսյան, Հայոց Տերերը, Երեւան, 2012 թ.։
- Հակոբ Մանանդյան, Քննական տեսութիւն հայ ժողովրդի պատմութեան, հատոր Բ, մասն Ա, Հայպետհրատ, Երեւան, 1957 թ․, էջ 189-221։
- Մանանդյան Հակոբ (1957)։ Քննական տեսություն հայ ժողովրդի պատմության, հատոր Բ, մասն Ա։ Երևան: Հայպետհրատ։ էջեր 189–222։
Արտաքին հղումներ
Խմբագրել- Գնդապետ Սարգիս Սարգսյան, Հայ ռազմական արվեստի պատմութիւնից, գլուխ 8, պար. 2, պար. 3, էջ 165-174, Երեւան, 1969
- Եղիազար Մուրադեան, Քննական Պատմութիւն Արշակ Երկրորդի եւ անոր Պապ որդւոյն, Աղեքսանդրիա, Արաքս տպարան, 1900թ.:
- Ստ. Զորյան, Պապ թագաւոր, պատմավեպ, ակադեմիկոս Ս.Երեմյանի պատմական ակնարկ-հոդվածով
Ծանոթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ (հայերեն) Պապ թագավոր, 2024-07-24, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%8A%D5%A1%D5%BA_%D5%A9%D5%A1%D5%A3%D5%A1%D5%BE%D5%B8%D6%80&oldid=10054586, վերցված է 2024-08-05
- ↑ «Հայ ռազմական արվեստի պատմությու»։ armenianhouse.org (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2019 թ․ ապրիլի 8
- ↑ Հայ ժողովրդի պատմություն, Ժամկոչյան, Երևան, 1975
- ↑ Լեո «Հայոց Պատմություն» առաջին հատոր։ Երևան: «Հայաստան» հրատարակչություն։ 196։ էջ 471
- ↑ Լեո «Հայոց Պատմություն» առաջին հատոր։ Երևան: «Հայաստան» հրատարակչություն։ 196։ էջ 472
- ↑ Լեո «Հայոց Պատմություն» առաջին հատոր։ Երևան: «Հայաստան» հրատարակչություն։ 196։ էջ 473
- ↑ Լեո «Հայոց Պատմություն» առաջին հատոր։ Երևան: «Հայաստան» հրատարակչություն։ 196։ էջ 474
- ↑ Լեո «Հայոց Պատմություն» առաջին հատոր։ Երևան: «Հայաստան» հրատարակչություն։ 196։ էջ 476
- ↑ 9,0 9,1 9,2 9,3 Լեո «Հայոց Պատմություն» առաջին հատոր։ Երևան: «Հայաստան» հրատարակչություն։ 196։ էջ 477
- ↑ Լեո «Հայոց Պատմություն» առաջին հատոր։ Երևան: «Հայաստան» հրատարակչություն։ 196։ էջ 479
- ↑ Լեո «Հայոց Պատմություն» առաջին հատոր։ Երևան: «Հայաստան» հրատարակչություն։ 196։ էջ 482
- ↑ 12,0 12,1 Լեո «Հայոց Պատմություն» առաջին հատոր։ Երևան: «Հայաստան» հրատարակչություն։ 196։ էջ 483
- ↑ Լեո «Հայոց Պատմություն» առաջին հատոր։ Երևան: «Հայաստան» հրատարակչություն։ 196։ էջ 478
- ↑ Լեո «Հայոց Պատմություն» առաջին հատոր։ Երևան: «Հայաստան» հրատարակչություն։ 196։ էջ 480
- ↑ Լեո «Հայոց Պատմություն» առաջին հատոր։ Երևան: «Հայաստան» հրատարակչություն։ 196։ էջ 486