Պասքեթպոլ (Կողովագնդակ)

Պասքէթպոլ կամ Կողովագնդակ (անգլBasket-կողով եւ Ball-գնդակ բառերէ), խմբային մարզաձեւ մըն է, որ կը խաղցուի իրարու դէմ մրցող երկու խումբերու միջեւ, ընդհանրապէս քառանկիւնաձեւ փակ դահլիճներու մէջ: Իւրաքանչիւր խումբ կը բաղկանայ՝ հինգ խաղացողէ։ Խաղին նպատակը հակառակորդ խումբին «կողովին» մէջ գնդակը նետելն է[1]:

Պասքէթպոլի տրիպլինկներու ցուցադրում

Պատմութիւնը

Խմբագրել

Ծագում

Խմբագրել

1891-ին, խաղին գաղափարը յղացած  է Ամերիկայի Մասաչուսեց նահանգի Սփրինկֆիլտ քոլէճին մարզանքի ուսուցիչ Ճէյմս Նէյսմիթը (1861-1939)։ Վերջինիս  յանձնարարուած էր ստեղծել փակ դահլիճի մէջ տեղի ունեցող հետաքրքրական խաղ մը, որմով ուսանողները կրնային զբաղիլ ձմրան ամիսներուն։

Նէյսմիթ կ'ընտրէ երկու դեղձի կողովներ եւ զանոնք կը զետեղէ խաղահրապարակին պատշգամին։ Կողովներուն բարձրութիւնը այնքան ճշգրիտ էր, որ մինչեւ օրս նոյն բարձրութիւնը կը կիրարկուի։ Առաջին խաղերը խաղացուած են ֆութպոլի գնդակով, եւ ամէն անգամ գնդակը կողովէն հանելու համար, շարժական սանդուխներ օգտագործած են:

Խաղին Առաջին Կանոնները

Խմբագրել

Նէյսմիթ կը ճշդէ Խաղին առաջին կանոնները եւ զանոնք կը տպագրէ «Եռանկիւն» ամսագիրին մէջ, 15 Յունուար 1892-ին՝ «Նոր խաղ» վերնագիրով։

Սկզբնական տարիներուն, խաղացողներուն թիւը կը տարուբերէր 5-էն 9-ի միջեւ, ըստ դաշտին տարածութեան: Սակայն 1895-էն ի վեր, վերջնականապէս կ'ընդունուի 5-ը:

1 Նոյեմբեր 1946-ին, Քանատայի մէջ տեղի կ'ունենայ կողովագնդակի առաջին մրցաշարքը՝ BAA անունով, ներկայիս՝ National Basketball Association (NBA), որ Հիւսիսային Ամերիկայի մարզական առաջնութիւններու մեծ քառեակին մաս կազմող կողովագնդակի Ազգային Կազմակերպութիւն մըն է:

Առաջին խաղը տեղի կ'ունենայ New York Knicks եւ Toronto Huskies-ի միջեւ, 7.000 հանդիսատեսներու ներկայութեամբ, որոնց մեծ մասը ոչ մէկ գաղափար ունէր խաղէն: New York Knicks խումբը յաղթական դուրս կու գայ՝ 68-66 արդիւնքով:

Խաղին ներկայիս կիրարկուող հիմնական կանոններն են.-

  • Գնդակը կրնայ երթալ ամէն ուղղութեամբ՝ մէկ կամ երկու ձեռքով։
  • Գնդակը կարելի չէ հարուածել բռունցքով։
  • Խաղացողը չի կրնար վազել գնդակով։
  • Գնդակը պէտք է պահել միայն ձեռքերու մէջ. մարմինը պէտք չէ օգտագործել։
  • Գնդակը կրնայ փոխանցել բոլոր ուղղութիւններով մէկ կամ երկու ձեռքով։
  • Միաւոր կը համարուի , երբ գնդակը կը նետուի եւ կը մնայ զամբիւղին մէջ։
  • Երբ գնդակը խաղադաշտէն դուրս կու գայ, անիկա պէտք է մուտք գործէ խաղադաշտ՝ նոյն տեղէն հինգ վայրկեանուան ընթացքին։
  • Խաղին տեւողութիւնը 4x10 վայրկեան է, եւ երկու վայրկեան ընդմիջում երկու խաղակէսերու միջեւ։
  • Խաղադաշտին մէջ գտնուող մրցավարը պէտք է պահէ խաղին հաշիւը, թէ ո՞ր խումբին պէտք է տալ գնդակը, երբ անիկա դուրս եկած է դաշտին սահմաններէն։
  • Խաղին 40 վայրկեաններուն ընթացքին, աւելի շատ արդիւնաւէտ նետում կատարած խումբը կը ճանչցուի յաղթող։ Հաւասարութեան պարագային կ'աւելնայ լրացուցիչ ժամանակ մը՝ որոշելու յաղթող կողմը։

Խաղադաշտը

Խմբագրել

Կը խաղան 28x15 մեթր չափերու հարթ, ուղղանկիւն քառանկիւն հրապարակի մը վրայ, որուն խմբային կողմերուն վրայ կը գտնուին յենարաններուն ամրացուած կողովները։

Գնդակը

Խմբագրել

Խաղին համար օգտագործուող գնդակին շրջագիծը 75-78 սմ է, իսկ կշիռքը՝ 600-650 կրամ: Անիկա աւելի մեծ ու աւելի ծանր է, քան վոլիպոլի եւ ոտնագնդակի (ֆութպոլի) գնդակները։

Խաղին Կանոնները

Խմբագրել

Խումբերէն իւրաքանչիւրը բացի մեկնարկային 5 խաղացողներէն, ունի նաեւ պահեստայիններ, որոնց մարզիչները կրնան խաղահրապարակ մուտք գործել երբ որ ուզեն՝ առանց սահմանափակումներու։ Պասքէթպոլի խաղը բաղկացած է 2 խաղակէսէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրն ալ՝ 2 քառորդէ։ Մէկ քառորդը կը տեւէ 10-12 վայրկեան, օրինակ Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ Պասքէթպոլի Ազգային Կազմակերպութեան մէջ կը խաղան չորս 12 վայրկեաննոց քառորդներ, իսկ Եւրոպայի եւ աշխարհի միւս բոլոր երկիրներուն մէջ չորս 10 վայրկեաննոց քառորդներ։ Եթէ գնդակը զամբիւղ կը նետուի խաղային իրադրութենէն, ապա խումբը կը շահի 2 կէտ, վեց մեթրնոց գիծէն դուրս կատարուած նետումէն՝ 3 կէտ, իսկ տուգանային նետումէն՝ 1 կէտ։ Եթէ պասքէթպոլիստը ունի բաւականին բարձր հասակ եւ աթլեթիզմ, ապա ան կրնայ մխրճել օղակին մէջ, որ կը կոչուի տանք:

  • Գնդակը խաղի մէջ կը մուտք կը գործէ եզրագիծէն։ Խումբերէն իւրաքանչիւրը կրնայ անիկա իր քովը պահել առաւելագոյնը 24 վայրկեան։ Եթէ լրացած է 24 վայրկեանը եւ խումբը տակաւին գնդակը չէ նետած դէպի զամբիւղ, ապա անիկա կ'անցնի հակառակորդ խումբին։
  • Եթէ տուեալ խումբը անցած է մրցակիցին կիսադաշտը, ապա իրաւունք չունի ետ դառնալ իր սեփական կիսադաշտը, իսկ յարձակումը սկսելէ ետք, պէտք է 8 վայրկեանէն աւելի չմնայ սեփական կիսադաշտին վրայ։
  • Կարելի չէ գնդակը բռունցքով կամ ոտքով հարուածել ։

Խաղացողներուն Դիրքերը

Խմբագրել
  • Խաղարկող (1-ին համար), սովորաբար խումբին ամէնէն արագավազ պասքէթպոլիստն է, որ պէտք է ճիշդ կազմակերպէ յարձակումը եւ համոզուած ըլլայ, որ գնդակը ճիշդ ժամանակին ճիշդ մարդուն փոխանցած է։
  • Յարձակող պաշտպան (2-րդ համար), յարձակման ժամանակ կը կատարէ հեռահար նետումներ, իսկ պաշտպանութեան մէջ կը փորձէ փակել հակառակորդին լաւագոյն խաղացողը։
  • Թեթեւ յարձակող (3-րդ համար), արագ կերպով կը փորձէ կէտ ապահովել, իսկ պաշտպանութեան մէջ աշխուժօրէն կը փնտռէ անդրադարձի ու խլման կարելիութիւնները չձգել։
  • Ծանր յարձակող (4-րդ համար), կը փորձէ աւելի մօտէն կէտ բերել, իսկ պաշտպանութեան մէջ օղակի տակ կը կանգնի կամ ալ կը փորձէ հակառակորդին ծանր յարձակողը պահել։
  • Կեդրոնական (5-րդ համար), խումբի մեծագոյն եւ ամէնէն բարձրահասակ պասքէթպոլիստն է։ Կ'օգտագործէ իր ուժը օղակի մօտ կէտ ապահովելու համար։

Լիկաներ

Խմբագրել

Աշխարհի տարածքին այսօր կան բազմաթիւ պասքէթպոլային լիկաներ։ Այնուամենայնիւ, ամէնէն նշանաւոր խաղացողներով հարուստ լիկան կը համարուի Հիւսիսային Ամերիկայի մարզական առաջնութիւններու մեծ քառեակին մաս կազմող կողովագնդակի Ազգային Կազմակերպութիւնը (անգլերէն՝ National Basketball Association, NBA

Հայաստանի մէջ կը գործէ Հայաստանի Պասքէթպոլի Ֆետերասիոնը, որ ՖԻՊԱ Եւրոպայի անդամ է։

Առողջապահութիւն

Խմբագրել

Պասքէթպոլը կը զարգացնէ եւ կ'ամրապնդէ յենաշարժողական համակարգը, կը բարձրացնէ շնչառական եւ սրտանոթային համակարգերու գործնական կարելիութիւնները, կը բարելաւէ տեսողական, շարժողական, անդաստակային վերլուծիչներու աշխատանքը, շարժումներու համաձայնեցումը, կը բարելաւէ ֆիզիքական ընդհանուր դիմացկունութիւնը, իսկ առանձնայատկութիւններու շնորհիւ անիկա մատչելի է երիտասարդներու (սովորաբար մինչեւ 36-38 տարեկան) համար։

Խաղին օրէնքները կարելի է սորվեցնել 10-12 տարեկաններուն, իսկ յատուկ մարզումները կը սկսին 12-14 տարեկան երեխաներուն հետ։ Ըստ տարիքային խումբերու (երեխաներ, պատանիներ եւ աղջիկներ), իբրեւ կանոն, մրցումներու մասնակցիլ կ'արտօնուի մշտական մարզումներէ 1-1,5 տարի ետք։ Ցած դպրոցական տարիքի երեխաներու եւ պատանիներու պարապմունքներու ընթացքին կը սահմանափակուին խաղին տեւողութիւնը, խաղահրապարակին չափերը, զամբիւղին բարձրութիւնը, գնդակին ծանրութիւնը, կը կանոնակարգուի մրցումներու քանակը։

Վնասուածքներ

Խմբագրել

Ամէնէն յաճախ հանդիպող վնասուածքներէն են սալճարդը, սրունքաթաթային յօդի գերձգուածութիւնը, մատներու յօդախախտումները եւ այլն, որոնց կանխման համար նշանակութիւն ունին խաղահրապարակի ճիշդ կառուցումն ու բարեկարգ պահելը, խաղի կանոններու պահպանումը, ծնկակապերը եւ առանց կրունկի (աւելի յարմար է ռետինէ ներբաններով) կօշիկները։ Պասքէթպոլի պարապմունքներու ժամանակ անհրաժեշտ է բժշկական հսկողութիւն։ Խաղի տարբերակները (գնդակը զամբիւղ նետելը եւ այլն) կ'օգտագործուին բուժական ֆիզիքական բաժինին մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Մ. Իսպիրյան, Մարզանունների բացատրական բառարան, Երևան, «Հայաստան», 1984, էջ 21

Արտաքին Յղումներ

Խմբագրել