Պատանիներու երկաթուղի

Պատանիներու երկաթուղի, երկաթուղային գիծ՝ Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափէսթի մէջ, որ ունի 11,2 քմ (7,0 մղոն) երկայնք։

Անիկա Պուտափէստի տեսարժան վայրերէն մէկը կը համարուի, որ կը գտնուի 2-րդ եւ 12-րդ շրջաններու միջեւ: Անիկա ուշագրաւ է անով, որ ծառայութիւնը կը մատուցուի երեխաներու կողմէ՝ չափահասաներու հսկողութեամբ[1]:

Իւրաքանչիւր կայարանի մէջ կայ չափահաս մը` ապահովութեան համար:

Այս շոգեկառքի գիծին վրայ շրջելով իրենց ժամանցը կ'անցընեն տարին 300,000 ճամբորդներ: Ան կ'անցնի քաղաքին արեւմտեան շրջանին` Պուտայի գեղեցիկ անտառներէն:

Հիմնադրութիւն

Խմբագրել

Առաջին հատուածը բացուած է 31 Յուլիս 1948-ին:

Երկրորդ հատուածը աւարտած է մէկ տարի անց, իսկ վերջինը՝ 20 Օգոստոս 1950-ին:

1956-ի հունգարական յեղափոխութեան ատեն երկաթուղին փակուած է, սակայն չէ վնասուած։

Անիկա վերաբացուած է 3 Փետրուար 1957-ին[2]:

Պայմաններ

Խմբագրել

Պատանիները դպրոցէն կրնան բացակայիլ, երբ շոգեկառքի պատասխանատուն իրենց պէտք ունի: Սակայն  շոգեկառքի վերաբերեալ տարբեր պաշտօններ կարենալ ստանձնելու համար պատանիները դպրոցէն ետք կը հետեւին 4 ամսուան յատուկ դասերու:

Անոնք կը սորվին ինչպէս երկաթուղագիծերը կառավարել, տոմսակները ստուգել, տոմսակները ծախել, տեղեկութիւնները փոխանցել, նշաններուն բռնելու դրութիւնը եւ վաճառականական յարաբերութիւնները գիտնալ:

Միակ հարցը այն է, թէ անոնք 14 տարեկանէն ետք այլեւս իրաւունք չունին հոն աշխատելու:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել