Պելֆորի Առիւծը
Պելֆորի առիւծ (ֆրանսերէն՝ Lion de Belfort)՝ ֆրանսական Պելֆոր քաղաքին խորհրդանիշը հանդիսացող առիւծի քանդակ է:
Նկարագրութիւն
ԽմբագրելԱրձանը աւազաքարէ քանդակուած է, ունի 22 մեթր երկայնք եւ 11 մեթր բարձրութիւն: Պատրաստած է քանդակագործ Ֆրետերիք Օկիւսթ Պարթոլտին՝ 1872-էն մինչեւ 1879 թուականները: Տօնական բացումը կատարուած է 20 Ապրիլ 1930-ին:
Արձանը Պելֆորի դիմադրութեան ի պատիւ տեղադրուած է, որուն պաշարումը 1870-1871 թուականներուն, ֆրանսա-պրուսական պատերազմին ատեն տեղի ունեցած է: 103-օրեայ պրուսական յարձակումը տեւած է Դեկտեմբեր 1870-էն մինչեւ Փետրուար 1871: Քաղաքը պաշարուած էր 40.000 պրուսացիներէ: 17.000 պելֆորցի (որոնցմէ միայն 3500-ը զինուորականներ էին)՝ գնդապետ Տենֆեր-Ռոշերոյի գլխաւորութեամբ, քաջաբար դիմադրած են թշնամիին։
Գերմանացիներու պահանջքով, արձանին ուղղութիւնը դէպի Պրուսիա չէ եղած, այլ՝ դէպի արեւմուտք:[1]
Առիւծին պրոնզէ նմանակը յայտնաբերուած է Փարիզի «Տենֆար-Ռոշերօ» հրապարակը, որ, կարծես, կը հետեւի փարիզեան երթեւեկութեան[2]: Նմանակ մը կը գտնուի նաեւ՝ Քանատայի Մոնրէալ քաղաքին բուսաբանական այգիին մէջ:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Bartholdi entre au musée, Aurélie Jacques, 28 avril 2011, Le Point
- ↑ Առիւծին նմանակը