Պերճ Ֆ. Սապպաղեան

Պերճ Ֆարեսի Սապպաղեան, ծնած է Հալէպ, 18 Օգոստոս, 1918-ին:Հնագէտ էր եւ հմուտ մասնագէտ դրամագիտութեան:

Պերճ Ֆարեսի Սապպաղեան
Ծնած է 18 Օգոստոս, 1918-ին:
Ծննդավայր Հալէպ
Մահացած է 12 Յուլիս, 1982-ին:

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ան իր նախակրթութիւնը կը ստանայ Հալէպի Ազգային Հայկազեան Վարժարանին մէջ,իսկ միջնակարգ ուսումը՝ տեղւոյն Ֆրեր Մարիսթներու դպրոցին մէջ։ Տարի մի Հայկազեանի մէջ Ֆրանսերէն լեզու դասաւանդելէ ետք, կը նետուի առեւտրական ասպարէզ, եւ պաշտօնի կը կոչուի «Էֆրիքըն Ըսթըրն» ընկերութեան մէջ։ Իր ասպարէզի գծով ան կը հետամտի բարձրագոյն ուսման, Լոնտոնի մէջ հետեւելով առեւտրական եւ օրէնսդրական դասընթացքներուն: Ապա՝ Հալէպի մէջ կը հիմնէ իր սեփական առեւտրական գրասենեակը, որուն տնօրէնի պաշտօնը կը վարէ միաժամանակ: Անկախ իր ընտրած ասպարէզէն, Պերճ Սապպաղեան կանուխէն հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ դրամագիտութեան եւ պատմագիտութեան հանդէպ: Ինքնաշխատութեամբ, կամ մասնաւոր ուսուցիչներու հսկողութեամբ՝ հայերէնի կողքին ան կը տիրապետէ արաբերէն, անգլերէն, Ֆրանսերէն, Գերմաներէն լեզուներուն, ինչպէս նաեւ կը ծանօթանայ հին ասորերէնին: Տարի մը կը խմբագրէ Հալէպ «Եփրատ» օրաթերթը: Դեռ երիտասարդ, կ'աշխատակցի Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեանի աշխատասիրած «Պատմութիւն Հալէպի Հայոց» եռահատոր երկին՝ անգլերէն լեզուէ թարգմանութիւններ կատարելով հեղինակին համար: Ժամանակի ընթացքին սակայն ան իր հմտութիւնը կը խորացնէ դրամագիտութեան մէջ, դառնալով Մերձաւոր Արեւելքի, ու յատկապէս, արաբական աշխարհի այդ մարզին ծանօթ ու փնտռուած մասնագէտներէն մէկը: Աշխոյժ մասնակցութիւն բերելով մէկտեղ Հալէպահայ մշակութային կեանքին, որուն մղիչ ու ղեկավար ուժերէն մէկն է ան քառասունական եւ յիսունական թուականներուն, միաժամանակ կը հանդիսանայ հայ-արաբ մշակութային գործակցութեան գլխաւոր օղակներէն մէկը:Անդամ՝ Սուրիոյ Հնագիտական Ընկերակցութեան, մաս կը կազմէ անոր վարչութեան, մինչեւ վերջ մնալով այդ մարմնին նախաձեռնող ու գործօն անդամներէն մէկը:

Հակառակ իր կուտակած գիտական մեծ պաշարին, բծախնդիր ու զուսպ՝ Պերճ Սապպաղեան կը մնայ ժլատ, գրիչի տէր մարդ: Սակայն եթէ գիրի ճամբով գիտական-ստեղծագործական իր խօսքը կը մնայ սահմանափակ էջերու մէջ, բանաւոր կերպով սակայն՝ ան տարբեր ծաւալ ու տարողութիւն կ'ունենայ: Սուրիոյ Հնագիտութեան Ընկերակցութեան նախագահ Սաատ Քաուաքիպիի վկկայութիւնը լաւագոյն գրաւականն է վետոյիշեալ իրողութեան.պերճ Սապպաղեան «Հնագէտ էր եւ հմուտ մասնագէտ դրամագիտութեան: Հալէպ քաղաքը, աւաղ, կորսնցուց իր լաւագոյն աղբիւրը, որուն կը դիմէին բոլոր անոնք, որոնք լուսաբանութեան պէտք ունէին»:

Պերճ Սապպաղեանի թիւով սակաւ դրամագիտական յօդուածները գլխաւորաբար կը մնան «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի եւ Հալէպի «Գեղարդ-Սուրիահայ Տարեգիրք»-ի էջերուն մէջ:

Պերճ Սապպաղեան կը մահանայ 12 Յուլիս, 1982-ին, Հալէպ:

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Պէյրութ 1982-1984, էջ(361-362)