Մումպայ

(Վերայղուած է Պոմպէյ-էն)

Մումպայ քաղաք (նախկին անուն՝ Պոմպէյ), Հնդկաստանի քաղաքներէն մէկը, շուրջ 13 միլիոն բնակչութեամբ։

Քաղաք
Մումպայ
Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "lang-mr" does not exist։
Երկիր  Հնդկաստան[1]
Քաղաղապետ Iqbal Singh Chahal?[2]
Հիմնադրուած է՝ 1507[3]
Տարածութիւն 603±1 քմ²
ԲԾՄ 14±1 մեթր
Բնակչութիւն 15 414 288 մարդ (2018)
Ժամային գօտի Հնդկաստանի ստանդարտ ժամ?[4]
Հեռախօսային ցուցանիշ 0022
Փոստային ցուցանիշ 400001
Շրջագայութեան պետ-համարագիր MH-01, MH-02 եւ MH-03
Անուանուած է Mumba?
Պաշտօնական կայքէջ portal.mcgm.gov.in[5]

Ընդհանուր տեղեկութիւն

Խմբագրել

Մոնպէյ (Մինչեւ 1995՝ Պոմպէյ) Հնդկաստանի Մահարաշթրա նահանգի մայրաքաղաքն է: Հնդկաստանի ամենամեծ եւ աշխարհի իններորդ մեծ քաղաքն է: Բնակչութիւնը 13 միլիոնի շուրջ է: Քաղաքը Սալսէթթէ կղզիին վրայ կառուցուած է: Քաղաքին ոստան մասին մէջ 20 միլիոն բնակիչ կայ: Մոմպէյը աշխարհի ամէնէն խճողուած երրորդ քաղաքն է: Քաղաքը խորունկ բնական նաւահանգիստ մը ունի: Մումպէյը Հնդկաստանի վաճառականութեան, տնտեսական եւ մշակութային մայրաքաղաքն է: Պոլիուուտ անուամբ համբաւաւոր Հնդկական շարժանկարչութիւնը այս քաղաքի մէջ կը գտնուի: Այս պատճառաւ քաղաքը Հնդկաստանի ուրիշ շրջաններէն աւելի շատ գաղթողներ կ'ընդունի եւ իր մէջ զանազան տարբեր լեզուներ եւ մշակոյթներ կը պարունակէ:

Անուանումը

Խմբագրել

Տասնվեցերորդ դարուն Փորթուկալցիները այս տեղը անուանած են լաւ անդունդ նշանակող «Պոմ Պահիա»: Այս անունը հետագային Անգլերէնի վերածուելով «Պոմպէյ» եղած է: 1995-ին անունը Հնդկական Աստուածուհի Մումպէյի անուամբ Մոնպէյի կամ Մոմպէյի կը փոխուի: Բազմաթիւ մարդիկ Պոմպէյ անունը մինչեւ հիմա կը գործածեն:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Քաղաքի այսօրուան տարածքը 7 կղզիներ էին:Այս կղզիներուն մէջ վաղեմի դարերէն ի վեր մարդաբնակչութիւն կար, բայց կարեւոր առեւտրային եւ ժողովրդական կեդրոններ չէին: 1554-ին Փորթուկալցիները տարածքը կը գրաւեն, 1661-ին տարածքը Անգլիացիներու կ'անցնի: 1668 -ին Անգլիացիները այստեղը Անգլիոյ Արեւելք Հնդկաստան Ընկերութեան կը վարձեն: Ընկերութիւնը հոս բնական նաւահանգիստ մը կը գտնէ եւ այս տեղը Հնդկաստանի առաջին նաւահանգիստը կը դառնայ: Քաղաքի բնակիչներու թիւը շուտով կ'աւելնայ: 1817 եւ 1845-ի միջեւ մեծ ծրագիրի մը շնորիւ կղզիները կը միանան: Աւելի ուշ Ամերիկայի ներքին պատերազմը եւ Սիւվէիշի անցքի բացումը, տարածութեան վաճառականութիւնը կը զարգացնէ եւ քաղաքը Հնդկաստանի կեդրոններէն մէկը կը դառնայ: 1906-ին Քաղաքի բնակչութեան թիւը կը հասնի 1 միլիոնի: 1940-ներուն քաղաքը Հնդկաստանի անկախութեան շարժման կարեւոր կեդրոնը կը դառնայ: 1970-ներուն դէպի քաղաք մեծ գաղթ մը տեղը կ'ունենայ եւ Մումպէյը Հնդկաստանի ամենախճողուած քաղաքը կը դառնայ:

Կլիման

Խմբագրել

Մումպայի դիրքը կը մեղմացնէ անոր կլիման եւ կը դարձնէ աւելի տանելի, քան նոյն լայնութեան ուրիշ քաղաքի մը կլիման։ Մումպայի համար ամենալաւ ժամանակը Հոկտեմբերէն փետրուարն է, երբ այնքան խիստ տաք չ'լլար։ Անոնցմէ յետոյ օդը կը տաքնայ եւ Յունիսի սկիզբին կը սկսի մուսսոնային անձրեւներու շրջանը, որը կը տեւէ մինչեւ Սեբտեմբերի վերջը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել