Պուրճ Համուտի Սպանդ (1985)
Պուրճ Համուտի սպանդը, զինուած աւազակային յարձակում Պուրճ Համուտ քաղաքին մէջ, Լիբանան, 1985 թուականին, որուն զոհ գացին հինգ անձեր եւ որուն երեք մասնակիցները ձերբակալուեցան լիբանանեան ոստիկանութեան կողմէ, դատապարտուեցան մահուան եւ սակայն մինչ այդ յաջողեցան փախուստի դիմել բանտէն, մինչեւ այսօր չեն յայտնաբերուած եւ կը գտնուին միջազգային հետախուզման մէջ:
Աւազակային յարձակումը
Խմբագրել28 Մարտ 1985թ.-ին, Լիբանանի Պուրճ Համուտ քաղաքին մէջ, մայրաքաղաք Պէյրութի հարեւանութեան, գոհարեղէնի եւ ոսկերչական իրերու վաճառատան "Middle East Diamond" ընկերութեան կեդրոնական գրասենեակը ենթարկուեցաւ զինուած աւազակային յարձակման, որուն ընթացքին յարձակման մասնակիցները սպաննեցին այնտեղ գտնուող հինգ անձերը եւ կողոպտելէ ետք մօտ 20 միլիոն լիբ. ոսկիի արժողութեամբ ոսկեղէն եւ թանկարժէք քարեր, դիմեցին փախուստի[1]:
Խմբային այս ոճիրին զոհերն էին յարձակման ենթարկուած ընկերութեան տէրն ու տնօրէնը՝ Հրանդ Քիւրքճեան (60 տարեկան, լիբանանեան ոսկերչական շրջանակներուն մէջ ծանօթ “Լուլու Հրանդ” անունով), եւ չորս պաշտօնեաներ՝ Հանի Զամմար (28 տարեկան), Մարիա Հաննա Մըխայէլ (32 տարեկան), Խաթուն Թէքէեան (27 տարեկան) եւ Աւետիս Պօյաճեան (60 տարեկան):
Ոստիկանութիւնը սպաննուածներուն արնաշաղախ դիակները յայտնաբերեց ոճիրի վայրին մէջ: Ոճիրը մեծապէս ցնցեց լիբանանեան պետական շրջանակներն ու հանրութիւնը եւ մամուլին կողմէ ստացաւ “Պուրճ Համուտի սպանդ” (Արաբ. مجزرة برج حمود) անուանումը[2]: Անիկա համարուեցաւ մինչ այդ “Լիբանանի պատմութեան մէջ ամենամեծ եւ ամենավայրագ աւազակային յարձակումը”[3]:
Ոճրագործները եւ անոնց ձերբակալութիւնը
ԽմբագրելՅարուցուած քրէական գործի ընթացքին կատարուած քննչական գործողութիւններու արդիւնքով, որուն մասնակցեցան լիբանանեան իրաւապահ գրեթէ բոլոր ծառայութիւններու աշխատակիցներ, նոյն թուականի 12 Ապրիլի-ին Պէյրութի Զոքաք էլ Պլաթ թաղամասին մէջ նախ յայտնաբերուեցան եւ ձերբակալուեցան յարձակման մէջ կասկածուող երկու անձեր՝ Ռաֆֆի Ասատուր Նահապետեան (25 տարեկան) եւ Փանոս Ասատուր Նահապետեան (27 տարեկան)[4]: Ձերբակալման պահուն կասկածեալներուն մօտ յայտնաբերուեցաւ Հրանդ Քիւրքճեանի հաստատութեան պատկանող գոհարեղէն եւ ոսկեղէն՝ 3172 կրամ 18 քարաթանոց ոսկի, 495 կրամ ադամանդ/2400 քարաթ/, 3244 ամ. տոլար եւ թանկարժէք քարեր՝ մօտ 700 հազար տոլար արժողութեամբ[5]: Յափշտակուած իրերուն ընդհանուր արժէքը օրին կը կազմէր մօտ 20 միլիոն լիբանանեան ոսկի, օրուան համարժէքը՝ 232,558 ամերիկեան տոլար[6] էր: Ձերբակալուածները խոստովանեցան, որ գողօնը ծրարներու մէջ կը տեղաւորէին՝ եւրոպական երկիր մը փախչելու եւ այնտեղ վաճառելու նպատակով[7][8]:
17 Ապրիլ-ին Կիպրոսի մէջ ձերբակալուեցաւ յարձակման մէջ կասկածուող երրորդ անձը՝ Հրաչ Ասատուր Նահապետեան, որ կիպրական իշխանութիւններուն կողմէ արտայանձնուեցաւ լիբանանեան իրաւապահ մարմիններուն[9]:
Ոճիրին քննութիւնը
ԽմբագրելԱւազակային յարձակման երեք մասնակիցները՝ Ռաֆֆի, Փանոս եւ Հրաչ Նահապետեանները եղբայրներ են: Անոնք առեւտրական յարաբերութիւններու մէջ էին թիրախ դարձած հաստատութեան տնօրէնին՝ Հրանդ Քիւրքճեանի հետ, որուն պատուէրով կը կատարէին ոսկերչական աշխատանքներ իրենց սեփական արհեստանոցին մէջ: Քննչական գործողութիւններով ձեռք բերուած իրեղէն փաստերը, ականատեսներու վկայութիւնները եւ ինչպէս նախաքննութեան ընթացքին, նոյնպէս եւ դատարանին մէջ մեղադրեալներու խոստովանական ցուցմունքները հաստատեցին, որ Ռաֆֆի, Փանոս եւ Հրաչ Նահապետեանները աւազակային յարձակումը կատարած են շահադիտական նպատակներով, այն է՝ տիրանալ հաստատութեան մէջ գտնուող նիւթական հարստութիւններուն: Անոնք տուին խոստովանական ցուցմունք այն մասին, որ յաջողած էին անարգել եւ դիւրութեամբ մուտք գործել թիրախ ընտրուած հաստատութիւն, շահագործելով այն հանգամանքը, որ գործի բերումով բազմիցս գտնուած են այնտեղ, հետեւաբար՝ իրենց մուտքը նախապէս որեւէ ձեւով կասկածելի չէ համարուած դուռը բացող պաշտօնեային կողմէ: Անոնք ցուցմունք տուին այն մասին, որ սպաննած են հաստատութեան մէջ գտնուող բոլոր անձերը՝ ծածկելու համար իրենց հետքը, որովհետեւ բոլոր սպաննուածները ծանօթ էին իրենց, հետեւաբար, որեւէ մէկուն ողջ մնալու պարագային, իրենց ինքնութիւնը պիտի բացայայտուէր: Հրաչ Նահապետեան տուաւ ցուցմունք այն մասին, որ հինգ անձերը ինք սպաննած է ատրճանակով, որուն ամրացուած էր խլացուցիչ:
Ոճրագործներուն փախուստը
ԽմբագրելՆախքան խմբային այս ոճիրի քննութեան աւարտը, մեղադրեալներ Ռաֆֆի, Փանոս եւ Հրաչ Նահապետեանները 1987-ին, ցարդ անյայտ մնացող պայմաններու մէջ, յաջողեցան փախուստ տալ Լիբանանի Ռումիէ բանտէն, ուր կը պահուէին քննութեան ամբողջ ընթացքին:
Անոնք մինչ այսօր չեն յայտանաբերուած եւ կը գտնուին միջազգային հետախուզման մէջ:
Վճիռը
ԽմբագրելԼիբանանեան դատարանը 10 Դեկտեմբեր 1994-ին Ռաֆֆի, Փանոս եւ Հրաչ Նահապետեանները ի բացակայութեան դատապարտեց ծանրագոյն պատիժի՝ մահուան, եւ ապա, հիմնուելով Ընդհանուր ներման թիւ 84/91 օրէնքին վրայ, պատիժները փոխեց ցմահ բանտարկութեան՝ տաժանակիր աշխատանքով:
Սոյն վճիռը մինչ այսօր չէ գործադրուած՝ դատապարտեալներու փախուստին եւ ցարդ անյայտ մնալուն պատճառով:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Ալ Նահար (النهار) օրաթերթ, 29 Մարտ 1985, Պէյրութ, Լիբանան
- ↑ Ալ Անուար (الانوار) օրաթերթ, 29 Մարտ 1985, Պէյրութ, Լիբանան
- ↑ "L'Orient-LE JOUR" օրաթերթ, 30 Մարտ 1985, Պէյրութ, Լիբանան
- ↑ Ալ Նահար (النهار) օրաթերթ, 14 Ապրիլ 1985, Պէյրութ, Լիբանան
- ↑ Ազդակ օրաթերթ, 14 Ապրիլ 1985, Պէյրութ, Լիբանան
- ↑ "L'Orient-LE JOUR" օրաթերթ, 14 Ապրիլ 1985, Պէյրութ, Լիբանան
- ↑ Ալ Անուար (الانوار) օրաթերթ, 14 Ապրիլ 1985, Պէյրութ, Լիբանան
- ↑ Ալ Սաֆիր (السفير) օրաթերթ, 14 Ապրիլ 1985, Պէյրութ, Լիբանան
- ↑ Ալ Նահար (النهار) օրաթերթ, 19 Ապրիլ 1985, Պէյրութ, Լիբանան