Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան
Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան , Աւազանի անունով Գրիգոր, որդի Կարապետի եւ Սիլվայի, ծնած է Հալէպ, 1979-ին։
Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան Աւազանի անունով՝ Գրիգոր | |
---|---|
Ծնած է | 1979 |
Ծննդավայր | Հալէպ |
Ազգութիւն | հայ |
Ամուսին | Ալին Կիրակոսեան |
Ծնողներ | Կարապետ եւ Սիլվա Պէրպէրեաններ |
Երեխաներ | Կարօ եւ Յակոբ |
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգ. Հայկազեան ապա՝ Ազգ. Զաւարեան վարժարաններէն, զոր աւարտելէ ետք, յաճախած է Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարան միայն մէկ տարի։
Մանկութեան տարիներուն եղած է դպիր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ եւ ապա յաճախած՝ կիրակնօրեայ վարժարան։
1991-ին մեկնած է Լիբանան եւ ընդունուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Զարեհեան» դպրեվանքը իրրեւ սան ստանալու համար կրօնական դաստիարակութիւն։ Ժաոանգաւորաց նախապատրաստական դասարանէն մինչեւ 3րդ կարգ հետեւած է դպրեվանքի ուսման։
Իսկ 1994-ին կր վերադաոնայ Հալէպ եւ կը մտնէ կեանքի ազատ ասպարէզ ու կր հետեւի ոսկերչութեան։
1998-ին կը կատարէ, իր զինուորական ծաոայութիւնը սուրիական հայրենիքին, մինչեւ 2000։
Այնուհետեւ հրաժարելով ոսկերչութենէն, կր հետեւի պապենական աշխատանքին՝ կօշիկի գործատեղիին մէջ։
Իր աոօրեայ աշխատանքին զուգահեո ան հետաքրքրուած է ազգային-մշակութային կեանքով։ Անդամակցած է Հալէպի Համազգայինի մեծ ընտսնիքին ու ծաոայած՝ մշակութ՚ային կեանքին։
Հետագային ընտրած է իր կեանքի ընկերը՝ օրդ. Ալին կիրակոսեանը, որուն հետ պսակուած է 1 Մարտ 2003-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ ձեռամբ Տ. Մաշտոց քհնյ. Արապաթլեանի եւ բախտաւորուած է երկու մանչ զաւակնևրով՝ Կարօ եւ Յակոբ։
Տարիներ ետք իր մէջ կ՝ արթննայ հոգեւորական ըլլալու փափաքը։ Աո այդ 2007-ին կը ներկայացնէ իր դիմումնագիրը Բերիոյ Հայոց Թեմի Աոաջնորդ՝ Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանին եւ կրօնական ժողովին։
Իր դիմումնագիրը ընդունուելով եւ Աոաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, դարձեալ կը մեկնի դպրեվանք եւ երկու տարի կը հետեւի քահանայից դասընթացքին։ Աւարտելէն ետք սարկաւագ կը ձեոնադրուի իր եօթ քահանայացու դասընկերներուն հետ ձեոամբ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանի Անթիլիասի Ս. Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ։
Այնուհետեւ կը վերադաոնայ Հայէպ, կր վերամիանայ իր ընտանիքին եւ հարազատներուն ու իրրեւ սարկաւագ կը ծաոայէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։
Իր քահանայական ձեոնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ՝ ունենան ձեոամբ Թեմիս Աոաջնորդ Տ. Շահան Ս. եպս. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Տ. Սիփան Վրդ. Քէչէճեանի, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ 24 Յունուար 2010-ին, վերակոչուելով Տ. Պսակ։
Աոաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ նորընծայ Տ. Պսակ քահանան իր քաոասնօրեայ պատրաստութեան ժամանակաշրջանը անցընելէ ետք Հալէպի Ս. քաոասնից Մանկանց եկեղեցւոյ յարակից սենեակին մէջ, Սրբազան Հօր տնօրինումով հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Գ՚ամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ։ կարճ ժամանակ մը կը գործակցի Տ. Յակոբին հետ։ Սակայն վերջինիս անհանգստութեան պատճաոով, երբ ան հանգստեան կը կոչուի Տ. Պսակ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ միակ քահանան կ՝ ըլլայ[1]։
Ան բնաւորութեամբ հանդարտ եւ սակաւախօս է։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. հատոր, Հալէպ, էջ էջ 393։