Պօղոս Գէորգեան
Ծնած է 1885-ին
Ծննդավայր Պոլիս, Պէյօղլու թաղամաս
Մահացած է 1979-ին
Քաղաքացիութիւն Ֆրանսա
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Հայ Առաքելական եկեղեցի
Մասնագիտութիւն հասարակագիտութեանց վկայական (licencié ès sciences sociales)
Աշխատավայր ընդհանուր պատմութեան ուսուցիչ, «Դպրոցասէր» վարժարանին տնօրէն, Զուիցերիոյ Պէնիէնի (Begnins) հայկական որբանոց-վարժարանի տնօրէն, Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ ուսուցիչ ապա տնօրէն:
Ամուսին Հերմինէ-Մաքրուհի Չիլինկիրեան (Պոլիս, 1904-ին - Փարիզ, 1989-ին)
Երեխաներ Գոհարիկ (Ժընեւ, 1932- Փարիզ, 2014) եւ Գէորգ (1933-2006)

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Պօղոս Գէորգեան ծնած է 1885-ին, Պոլիս, Պէյօղլու թաղամաս։ Փոքր տարիքէն կը կորսնցնէ իր ծնողները եւ հասակ կը նետէ իր քոյրերուն խնմաքին տակ։ Կը յաճախէ Պոլսոյ Նարեկեան, Էսաեան, Մխիթարեան եւ Կեդրոնական վարժարանները։ Կեդրոնական վարժարանէն շրջանաւարտ կ՚ըլլայ 1908-ին։ Կը մեկնի Ժընեւ՝ համալսարանական ուսում ստանալու համար եւ 1912-ին այս քաղաքին մէջ կը ստանայ հասարակագիտութեանց վկայական (licencié ès sciences sociales)։ Նոյն տարին կը վերադառնայ Պոլիս, ուր կը սկսի մանկավարժութիւն եւ հոգեբանութիւն դասաւանդել «Նոր Դպրոց» եւ «Դպրոցասէր» վարժարաններուն մէջ։ 1915-էն սկսեալ ընդհանուր պատմութեան ուսուցիչ է Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ։

1918-ին, Համաշխարհային պատերազմին աւարտէն ետք, կը ստանձնէ «Դպրոցասէր» վարժարանին տնօրէնութիւնը։ 1922-ին «Դպրոցասէր»ը կը փակուի, կը տեղափոխուի Յունաստան եւ հոնկէ ալ Ֆրանսա։ Պօղոս Գէորգեան նոյնպէս կը մեկնի Պոլիսէն եւ 1922-ին զինք կը գտնենք Զուիցերիա, ուր կը նշանակուի Պէնիէնի (Begnins) հայկական որբանոց-վարժարանի տնօրէն (Foyer arménien)։ Սոյն հաստատութիւնը հիմնուած էր զուիցերիացի հայասէր Անթոնի Քրաֆֆթ-Պոննարի կողմէ եւ կը գործէ 1921-էն 1934։ Գէորգեան հոս կը հիմնէ նաեւ հայկական փոքրիկ տպարան մը։ 1932-էն սկսեալ ուսուցչական պաշտօն կը վարէ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ եւ 1935-ին կը նշանակուի նոյն հաստատութեան կրթական տեսուչ։ Գէորգեան Մելգոնեանի մէջ կը պաշտօնավարէ մինչեւ 1945[1]։

Ամուսնացած էր Հերմինէ-Մաքրուհի Չիլինկիրեանի հետ, որ ծնած էր Պոլիս, 1904-ին։ Կ՚ունենան երկու զաւակ. Գոհարիկ (Ժընեւ,1932- Փարիզ, 2014)[2] եւ Գէորգ (1933-2006)։ Պօղոս Գէորգեան կը մահանայ Փարիզ 1979-ին։ Կինը՝ Հերմինէ, կը մահանայ 1989-ին։

Հրատարակութիւն

Խմբագրել

Պօղոս Գէորգեան հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու, հայերէն[3] եւ ֆրանսերէն, ընդհանրապէս մանկավարժական եւ կրթական նիւթերու մասին։

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Պօղոս Գէորգեան հաւաքածոյ – Փարիզ

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Պօղոս Գէորգեան հաւաքածոյ – Փարիզ
  2. Melkonian Educ Institute - Calaméo
  3. Հէրպարդ 1776-1841 / Կազմ.՝ Պօղոս Գէորգեան