Պօղոս Փօլ Էսապլեան
Պօղոս Փօլ Էսապլեան ծնած է Անգարա: Ուսումը կը ստանայ Վիեննայի Մխիթարեաններու մօտ: Անդամ նոյն միաբանութեան:Ապա՝ հրաժարելով Մխիթարեան ուխտէն,կանցնի Ամերիկայի միացեալ նահանգներ, ուր տարիներ շարունակ կը վարէ Պըրքլիի(Գալիֆորնիա) համալսարանին Հայագիտական դասաւանդութիւնները: Հայագիտական իր վաստակին մաս կը կազմեն տատիանի համաբարբառն ու հայերէն աւետարաններու առաջին թարգմանութիւնը, Վիեննա, 1937, Դիոնիսիոս Բարսալիբիի հակաճառութիւնը հայոց դէմ, Վիեննա 1938, Հայ ժողովուրդը դարերու ընդմէջէն (գերմաներէն), 1946, Հուլեան եւ Գիգորեան տոմարներու համեմատութիւնը (անգլերէն) քննական աշխատասիրութիւնները:
Պօղոս Էսապալեան կը մեռնի 1973 թ.ի վերջերուն:
Աղբյուրներ
ԽմբագրելՀայկազեան Հայագիտական Հանդէս , Հատոր ԻԴ., Պէյրութ, 1973, էջ 355