Ջաւախք (թերթ)

Գրական-հասարակական շաբաթաթերթ, ապա՝ երկշաբաթաթերթ։

«Ջաւախք», գրական-հասարակական շաբաթաթերթ, ապա՝ երկշաբաթաթերթ։

Ջաւախք
Տեսակ շաբաթաթերթ, ապա՝ երկշաբաթաթերթ
Հիմնադրուած է 1913
Հրատարակման վայր Ախալքալաքում

Պատմութիւն

Խմբագրել

Լոյս տեսած է 1913-1916 թուականներուն, Ախալքալաք։ Խմբագիր-հրատարակիչ՝ Վարդան Շահպարոնեան։ Գաւառի անդրանիկ հայերէն պարբերականը։

Փորձած է նպաստել լուսաւորութեան տարածման, արծարծած՝ ընկերային-տնտեսական խնդիրներ, ընկերվարական գաղափարախօսութիւն տարածած է աշխատաւոր խաւին մէջ։

Գործունէութեան կարեւոր ուղղութիւնները եղած են գրականութիւնն ու մշակույթը, կրթական գործը։

Տպագրած է գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ, բանասիրական, մանկավարժական, բարոյախօսական յօդուածներ։

«Թատրոն» մշտական խորագիրը ծանօթացուցած է թատրոնը եւ թատերական նորութիւնները։

«Ջաւախք»ը լուրջ աւանդ ունեցած է գաւառի բանահիւսութեան նմուշներ հաւաքելու ու մշակելու գործին մէջ։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։