Ռաֆայէլլօ (քաղցրաւենիք)

Ռաֆայէլլo (իտալ.՝ Raffaello[1]), իտալական Ֆեռերօ Սփա (Ferrero Spa) ընկերութեան կողմէ արտադրուող քաղցրաւենիք մը։ Առաջին անգամ ներկայացուած է 1990-ին։

Ռաֆայէլլօ
Ենթատեսակ քաղցրաւենիք
Արտադրող Ֆեռերօ
Ստեղծման տարեթիւ 1990

Շաքարանուշը բաղկացած է գնդաձեւ բլիթէ մը, որ լեցուած է սպիտակ կաթնային սերով եւ նուշով:

Որոշ նմանութիւն ունի նոյն ընկերութեան կողմէ արտադրուող Ֆեռերօ Ռոշէ (Fererro Rocher) տուրմէ քաղցրաւենիքին հետ[2]: Հնդկընկոյզը կը գործածուի Խաղաղական Ովկիանոսէն արտադրուածը, իսկ սպիտակ նուշը՝ Քալիֆորնիայէն արտադրուածը[3]: Ռաֆայէլլոյին ամէնէն մեծ շուկան կը համարուի Ռուսիան[4]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել