Ռուբէն Աւշարեան

Ռուբէն Աւշարեան (, Լիբանան) իրաւաբան, հասարակական գործիչ եւ Լիբանանահայ մտաւորական:

Ռուբէն Աւշարեան
Ծննդավայր Լիբանան
Ուսումնավայր ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան վարժարան
Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարան
Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Մասնագիտութիւն իրաւաբան, հեղինակ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ռուբէն Աւշարեան յաճախած եւ շրջանաւարտ է Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարաններէն, երկու տարի Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը (AUB) ուսանելէ ետք, անցած է Քալիֆորնիա։ Լա Վերնի համալսարանէն ստացած է Քաղաքական գիտութիւններու վկայական։ Մագիստրոսի աստիճանին տիրացած է Չարլսթընի (Վիրճինիա) American Military University-էն՝ խորանալով ազգային անվտանգութեան հարցերու մէջ։

Տիրացած է Իրաւաբանական Դոկտոր (Juris Doctor) տիտղոսին Western University College of Law համալսարանէն, Ֆուլըրթոն, Գալիֆորնիա։ Տարիներ գործակցած է Tribonian Law Advisors-ի հետ, որ կեդրոններ ունի Պէյրութի, Տուպայի եւ Ռիատի մէջ։ Ներկայիս կը պաշտօնաւարէ որպէս Գլխաւոր Իրաւաբան (General Counsel) Քույթի The Investment Dar ընկերութեան մէջ։

Հրատարակութիւններ

Խմբագրել

11 Ապրիլ 2019-ին, Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանի դահլիճին մէջ իրաւաբան Աւշարեան ներկայացուց այս երկու հատորները, կազմակերպութեամբ Նորթրիճի համալսարանի (CSUN) Հայագիտական բաժինին եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին, որուն կողմէ հրատարակուած են երկհատոր աշխատութիւնը՝ “On the Record: Armenian Deputies in the Lebanese Parliaments”. հատոր Ա.՝ 1922-1972 եւ հատոր Բ.՝ 1972-2017։

Իրաւաբան դոկտոր Ռուբէն Աւշարեանի գիրքին ուսումնասիրութենէն կը տեսնենք, որ հայ երեսփոխաններու ուշադրութեան կեդրոնը եղած են Լիբանանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան հետ առնչուող խնդիրներ, եւ հայ համայնքին վերաբերող բազմաթիւ հարցեր: Մասնաւորապէս 1929-1939 թուականներուն, խորհրդարանական քննարկումներու ընթացքին հայազգի Վահրամ Լէյլեկեան եւ Խոսրով Թիւթիւնճեան հանդէս եկած են բովանդակալից ու բազմակողմանի առաջարկներով:

Հեղինակը համոզիչ փաստերով ցոյց կու տայ, որ հայ երեսփոխանները Լիբանանի խորհրդարանին մէջ մասնակցած են սահմանադրութեան, պիւտճէի ընդունման եւ փոփոխութիւններու քննարկումներուն, ինչպէս նաեւ նման առիթներով անոնք հանդէս եկած են կառուցողական առաջարկներով:

Գիրքին յառաջաբանը գրած է Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Փոլ Հայտոսթեան, որ արժեւորած է Իրաւաբան դոկտոր Ռուբէն Աւշարեանի կատարած մեղուաջան ահագին աշխատանքը: Ան վստահութիւն յայտնած է, որ առկայ հատորները կարեւոր դեր պիտի ունենան լիբանանեան քաղաքական գրականութեան մէջ:

Roupen Avsharian, «On the Record. Armenian Deputies in the Lebanese Parliaments, Volume I, 1922-1972, & Volume II, 1972-2017», 654+680 pages, 2017. Ռուբէն Աւշարեան, «Արձանագրութիւններուն Մէջ. Հայ Երեսփոխանները Լիբանանի Խորհրդարանին Մէջ», հատոր 1, 1922-1972, հատոր. 2, 1972-2017», Պէյրութ, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատուն, 2017, 654+680 էջ:[1]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել