Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարան

Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարան, տղաներու երկրորդական կրթական հաստատութիւն։ Հիմնուած է 1947 թուականին, Պէյրութի մէջ, «Հ. Բ. Ը. միութեան մանչերու բարձրագոյն վարժարան» անունով։ 1951 թուականին Մէօհրիւպէ Մանուկեանի նուիրատուութեամբ վարժարանի համար կառուցուած է շէնք եւ անոր հօրեղբօր՝ Սարգիս Յովակիմեանի՝ բարձրագոյն վարժարան հիմնելու փափաքը իրականանալու առթիւ դպրոցը վերանուանուած է «Հ. Բ. Ը. միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարան»։ Կ՜առաջնորդուի լիբանանեան պետական դպրոցական ծրագիրով՝ տեղ յատկացնելով նաեւ հայագիտական առարկաներուն։ Կ՜աւանդուին հայերէն (աշխարհաբար, գրաբար), մատենագրութիւն, արդի հայ գրականութիւն, հայոց պատմութիւն, Հայաստանի աշխարհագրութիւն, արաբերէն, անգլերէն, բնական գիտութիւններ, մաթեմատիկա, ընդհանուր պատմութիւն, գրականութիւն, երաժշտութիւն, գծագրութիւն եւ այլն։ Ուսման տեւողութիւնը 7 տարի է։ Դասարանները բաժնուած են առեւտրական եւ պաքալորիայի ճիւղերու։ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարան աւարտողները կարող են ընդունուիլ տեղական եւ օտար բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ կամ աշխատիլ վարչական ու առեւտրական հաստատութիւններու մէջ։ Հիմնադրման օրէն տնօրէնն է Ա. Թոփչեանը (մէկ տարի ընդմիջումով)։ Կը դասաւանդեն Վահէ Վահեանը, Գ. Ահարոնեանը եւ ուրիշներ։

1953-1975 թուականին Պէյրութի մէջ լոյս ընծայած է «Նուիրում» ազգային, կրթական, մշակութային պարբերաթերթ (1968 թուականէն՝ տարեգիրք)։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
Այս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուած վերցուած է «Հայ գրատպություն և գրքարվեստ» հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում-Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։