Ռուսական Քարոզչութիւն

Ռուսական քարոզչութիւն կամ գրեմլեան քարոզչութիւն, փութինեան քարոզչութիւն, Ռուսաստանի կառավարութեան հայացքներուն, պատկերացումներուն կամ օրակարգերուն համապատասխանող զանգուածային լրատուամիջոցներու գործունէութեան արդիւնքի կամ հաղորդակցուիւններու ամբողջութիւն[1][2]: Այդ զանգուածային լրատուամիջոցները բազմաթիւ պետական հովանաւորութիւն ունեցող հարթակներ ունին եւ առցանց արուեստագիտութիւններ: 2008-ի վերջը Լեւ Կուդկով, հիմնուելով Լեւատա Կեդրոնի տուեալներու տեղեկութեան վրայ, մատնանշած է Ռուսիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող հասարակական կարծիքը՝ որպէս հասարակական-քաղաքական յիմնարկի գոյութեան անհետացման եւ պետական քարոզչութեան փոխարինման արդիւնաւէտութեան[3]:

Մոսկովեան Գրէմլը որպէս ռուսական քարոզչութեան ուղեղային կեդրոն եւ գռգրող

Պետութեան կողմէն հովանաւորուող համաշխարհային արշաւ

Խմբագրել
 
Վլատիմիր Փութինը Russia Today-ի տաղաւարին մէջ

Փերեսթրոյկայէն եւ Սեպտեմբեր 2004Պեսլանի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութենէն ետք Փութին ուժեղացուցած է արտասահմանի մէջ Գրեմլի կողմէն հովանաւորուող ծրագիրը, որ կ՛ըսէ «Ռուսաստանի պատկերը բարձրացնելու ուղղուած» [4]: Այդ ծրագիրին հիմնական նախագիծերէն մէկը եղած է 2005-ի Russia Today-ի նորութիւններու ալիքի ստեղծումը, որ CNN-ի օրինակով 24 ժամուայ նորութիւններ կ՛ապահովէ անգլերէն լեզուով: Ալիքի սկզբնական դրամագլուխը եղած է պետական միջոցները՝ 30 միլիոն տոլար[5][6]: Russia Today-ի գործարկման մասին CBS News-ը պատմութիւն մը պատրաստած է, որուն մէջ մէջբերած է Պորիս Կագարլիցկին՝ ըսելով, որ «անկասկած, այս մէկը խորհրդային հին քարոզչական ծառայութիւններու շարունակութիւնն է»[7]:

Օգոստոս 2008-ին ռուս-վրացական հակամարտութեան ընթացքին Ռուսաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Գրիգորի Գարասին յայտարարած է, որ «արեւմտեան ԶԼՄ-ները՝ լաւ կազմակերպուած մեքենայ են, որոնք ցոյց կու տան միայն այն լուսանկարները, որոնք լաւ կը տեղաւորուին իրենց միտքերուն մէջ: Մեզ շատ դժուար է մեր կարծիքը իրենց թերթերու էջերուն մէջ դնել»[8]: Յունիս 2007-ին Վետոմոսիթին հաղորդած է, որ 2003-ին Գրեմլը աշխուժացուցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ տնուող իր պաշտօնական բամնակցութեան գործունէութիւնը, անոնցմէ զատ, ընկերութիւններ վարձած է, որոնցմէ են Hannaford Enterprises-ը եւ Ketchum[9]:

Իսրայէլի ռուսական բաժինները Անտոն Նոսիկը 2005-ին իր հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ Russia Today-ի ստեղծումը «խորհրդային ոճի քարոզարշաւի հոտ» ունի[10]: «Առանց սահմաններու Լրագրողներ» կազմակերպութեան եւրոպական վարչութեան պետ Փասքալ Պոննամուր, նոր հիմնադրուած լրատուական ցանցը «պետութեան կողմէն տեղեկատւութեան վերահսկողութեան եւս մէկ քայլ» անուանած է[11]: 2009-ին The Guardian-ի այդ օրերու թղթակից Լիւք Հարտինգն, Միացեալ Թագաւորութեան Russia Today-ի գովազդարշաւը որպէս «հետխորհրդային քարոզչական նոր կայսրութիւն ստեղծելու փառասէր փորձ» նկարագրած է[12]: Հարցումներու ոլորտին մէջ, Ռուսաստանի ամենահեղինակաւոր Լեւատա կեդրոնի տնօրէն Լեւ Տուտկովի խօսքով, Փութինեան Ռուսաստանի քարոզչութիւնը «կռուազան եւ խաբուսիկ է... աւելի քէշ, քան ես տեսած եմ Խորհրդային Միութեան մէջ»[13]:

Մոսկուայի պետական համալսարանի լրագրութեան յիմնարկի հաղորդակցութեան տեսութեան նախագահի վարիչ, մասնագէտ Իվան Ճասուրսկի, 2014-ին ըսած է. «Այսօր աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին ազդեցութեան բազմաթիւ ձեւեր, որոնք կրնանք փափուկ ուժ անուանել, բայց Ռուսաստանի կառավարութեան կողմէն կատարուած քարոզչութեան եւ վերահսկողութեան աւանդական կոշտ ձեւերը չեն կրնար արդիւնաւէտ համարուիլ մասնագիտական տեսանկիւնէն եւ ընդունելի չեն թուիր լրագրողական բարոյականութեան տեսանկիւնէն»[14]:

Russia Today եւ Sputnik-ը նաեւ կեղծ տեղեկատւութեան տարածութեամբ մէջ կը մեղադրուին[15][16][16][16][17][18]: Տոնեցկի մարզին մէջ Մալայզիական օդագնացութեան Boeing 777-ի արկածի ժամանակ անգլիացի քաղաքացիական լրագրող, Էլիոտ Հիկինս տուեալներ ներկայացուցած է, որ ցոյց կու տայ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան արբանյակային լուսանկարները, եւ այդ նորութիւները եւ լուսանկարները լայնօրէն տարածուած են Russia Today-ի եւ Sputnik-ի միջոցով[19][20][21]:

Ռուսական քարոզչութիւնը՝ Հայաստանի մէջ

Խմբագրել
 
Ռուսական քարոզչութեան գաղափարախօս եւ ռուսական կայսերականութեան ջատագով Անդրանիկ Միհրանեան

Քաղաքագէտ Իկոր Մուրատեանի կարծիքով, «Ռուսաստանը դաժան պարտութիւն կրած է Ուգրանիոյ ու Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Վրաստանի մէջ: 23 Դեկտեմբեր 2016-ին նշուած է, որ Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում կազմակերպութեան կողմէն հրապարակուած «Ընտանեկան բռնութեան կանխարգելման եւ անոր դէմ պայքարի մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծի մասին հանրային դաշտին մէջ ապատեղեկատւութիւն տարածող խումբերու մասին խորագիրով զեկոյցը Հայաստանի մէջ ռուսական քարոզչութիւնը աւելի եւս կ՛աշխուժացնէ, եւ այս կամ այլ կերպով կապուած է Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպանատան, ռուսական պետական «Ռոսսոտրուդնիչեստվո» հիմնադրամի, «Ռուսսկիյ Միր» հիմնադրամի, կամ ՌԴ ԱԳՆ-ի «Գորչակով» հիմնադրամի հետ: Բացի այս բոլորէն, այդ խումբերը Հայաստանի մէջ աշխոյժօրէն ներգրաւուած են հակաեւրոպական եւ ռուսամետ քարոզչութեան մէջ, իսկ անոնցմէ մէկ մասը նաեւ ներգրաւուած է հակաարեւմտեան աշխոյժ ապատեղեկատւութեան տարածման մէջ[22]:

«Հայաստանը ռուսական քարոզչութեան միակ յաջողութիւնն է»[23]: Օրինակ, 17-31 Յուլիս 2016-ին տեղի ունեցած ՊՊԾ գունդի գրաւման եւ բողոքի համահայկական շարժման մասին Ռուսաստանի դեսպանատունը սոցիալական արդարութեան կուսակցութեան (ՀԱՍԱԿ) նախագահ Արման Ղուկասեանը այդ շարժումը որոշ մարդոց աչքերուն դիմաց վարկաբեկելու նպատակով հանդէս եկած էր յայտարարութեամբ մը, որ իբրեւ թէ շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ եւ լրագրողներ ամրան ՊՊԾ գունդի գրաւման օրերուն կը փորձէին Հայաստանի մէջ «գունաւոր» յեղափոխութիւն իրականացնել: Ղուկասեանի այդ հարցազրոյցը հրապարակուած է ռուսական Սփութնիկ Արմենիա լրատուական գործակալութեան կայքին մէջ[22]: Ղուկասեան նաեւ խոստացած էր, որ մինչեւ օգոստոս ամսուան վերջը, կը հրապարակուի «ամերիկացի գործակալներու ցանկը»: Օրեր ետք հրապարակուեցաւ տեսանիւթ մը, որուն մէջ որոշ քաղաքական գործիչներ, որոնցմէ են օրինակ իշխանականները, ընդդիմադիր կերպով կը մեղադրուին ԱՄՆ «գործակալներ» ըլլալու պատճառով: Տեսանիւթին մէջ հրապարակուեցաւ նաեւ ԱՄՆ շարք մը բաժինի մասնագէտներու անձնագիրներու սխալները: Հատկանշականը այն է, որ տեսանիւթը հրապարակուած է ոչ թէ Հայաստանի մէջ, այլ արեւելեան Ուգրանիոյ մէջ [22]:

Կրիպոյետով ակումբ

Խմբագրել

Մօտաւորապէս 2012-ին, ռուսական քարոզչութեան գլխաւոր դերակատարներէն մէկը, ռուս հեռուստալրագրող Տիմիթրի Գիսելյովի ջանքերով Հայաստանի մէջ հիմնադրուած է Կրիպոյետով ակումբը, որուն գործունէութիւնն է «մտաւոր առաքելութիւն, որուն նպատակն է արտադրել թէ Հայաստանի, ևեւ թէ Ռուսաստանի ուժ տուող ժամանակակից իմաստներ»[24]: Որոշ մասնագէտներ կը կարծեն, որ ակումբի գործունէութեան նպատակն է Հայաստանի մէջ հասարակական կարծիքին վրայ ազդելըը[25]:

Ակումբի 2015-իի նիստը աւարտած է խայտառակութեամբ, որովհետեւ ռուսական քարոզչութեան գաղափարախօս Տմիթրի Գիսելյովը դժգոհած է այն փաստէն, որ Հայաստանի մէջ ժողովուրդը ռուսերէն լեզուն լաւ չի գիտեր: Այդ նիստէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի որոշ պատգամաւորներ առաջարկած են, որ Գիսելյովի անցանկալի մարդ համարուի Հայաստանի մէջ[24]: Հոկտեմբեր 2016-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է ակումբի հերթական նիստը, որուն մասնակցած են գործարար Սամուէլ Կարապետեանը, ռուս քաղաքագէտ Անդրանիկ Միհրանեանը, Հայաստանի Հասարակական խորհուրդի նախագահ Վազգէն Մանուկեանը, Հայաստանի հանրային ռատիօի տնօրէն Արման Սաղաթելեանը եւ այլն[24]:


Երեւանի աշխարհաքաղաքական ակումբ

Խմբագրել

Երեւանի աշխարհաքաղաքական ակումբը (ԵԱԱ) Երեւանի մէջ գործող գիտահետազօտական կազմակերպութիւն է, որուն առաջնորդն ու գաղափարախօսը քաղաքագէտ եւ վերլուծաբան Ռուբէն Պարենցն է, իսկ ակումբի ղեկավարը՝ Արման Բոշեանը[26]: Ինչպէս նշուած է ակումբի պաշտօնական կայքին վրայ, այս մէկը կ՛ըզբաղի աշխարհաքաղաքականութեամբ, քաղաքագիտութեամբ, քաղաքական աշխարհագրութեամբ, համաշխայրանացումով, գիտական եւ լուսաւորչական գործունէութեամբ: Ակումբը «կազմակերպութիւն է ազատամիտ, Հայրենիքը, ազգը, ընտանիքը սիրող, մարդկութեան, եւ առաջին հերթին հայ եւ եղբայրական ազգերու ճակատագրին, ոչ անտարբեր մարդոց համար»[27]:

Բացի այս բոլորէն, պաշտօնական կայքի համաձայն, ակումբը «չի խառնուիր քաղաքական մեքենայութեան, խաղերուն եւ իրադարձութիւններուն, ինչպէս որ Հայաստանը կ՛աշխատի իր ներքին գործերով, այդպէս ալ արտասահմանին մէջ»: Բացի այդ մէկէն, ակումբը որեւէ քաղաքական կուսակցութեան բանդամակցիր, ուժի կամ թեկնածուի: Ակումբի ներքին քաղաքական դիրքորոշումը չէզոք է՝ ԵԱԱ-ի անունով ելոյթ ունենալու որեւէ փորձերը առանց ներքին քաղաքական դիրքորոշման չէոքութեան ակումբէն կը հեռացուին[27]: Ակումբը սեմինարներ կը կազմակերպէ, հրապարակային ելոյթներ, գիրքերու, յօդուածներու ժողովածուներու, պարբերականներու հրատարակում, ինչպէս նաեւ կ՛աջակցի «այս կամ այն հեղինակներուն, գիտական աշխատողներուն կամ ուղղակի ազգի հայրենասէրներուն»[27]:

Ակումբի ղեկավար Արման Պոշեան նաեւ հանդիսացած է Ռուսիոյ մէջ գործող ռուս քարոզիչ Սերկէյ Գուրկինեանի հիմնադրած «Համառուսական ծնողական դիմադրութիւն» շարժման ոչ պաշտօնական մասնաիւղի ղեկավար[22]: Այսպիսով, Երեւանի աշխարհաքաղաքական ակումբի եւ «Համառուսական ծնողական դիմադրութիւն հարթակներէն աշխոյժօրէն կը սատարէ Ռուսաստանի կայսերապաշտ քաղաքականուեանը ռուսական քարոզչութեան[22]:

Արձագանք

Խմբագրել

Ուգրաինացի լրագրող եւ քաղաքագէտ Նիքոլայ Ռյապչուկի կ՛ըսէ, որ ուգրանական ճգնաժամի ընթացքի ընթացքին ռուսական քարոզչութիւնը լիարժէք մասնակցութիւն ունեցած է տեղեկատուական պատերազմին: Ռյապչուկ կը գրէ. «Երեք հիմնական դրութիւններ ի յայտ եկած են, որոնք կարելի է հետեւեալ կերպով ամփոփել՝ «Ուգրանիոյ սահմանները արհեստական են», «ուգրանական հասարակութիւնը խորապէս բաժանուած է», իսկ «ուգրանական յիմնարկները անուղղելի անգործունակ են»[28]:

Միացեալ Նահանգներու համաժողովին ընթացքին 2015-ի լսումներու ժամանակ Ձեռնարկատիրութեան ամերիկեան յիմնարկի ռուսերէնի բաժինի տնօրէն Լէոն Արոն պատմած է Ռուսաստանի կողմէն ֆինանսաւորուած Russia Today հեռուստացանցի մասին, որ ոչ միայն առջեւ կը բերէ ռուսական «վաճառանիշը», այլ նաեւ ջանքեր կը թափէ «ժողովրդավարական թափանցիկութեան եւ պատասխանատւութեան արժեզրկման, հանրային տեղեկութեան վստահելիութեան մասին եւ թէ ամէն ինչ կիսաճշմարտութիւններով է»: Ան ռուսական պետութիւնը անուանած է «աշխոյժ, համացանցի օգտագործման հարցերուն մէջ յաճախ նուրբ եւ արդիւնաւէտ»[29]:

Անգլիացի հեռատեսիլի խօսնակ Փիթր Փոմերանցեւ 2014-ին լոյս տեսած իր «Ոչինչ ճիշտ չէ եւ ամէն ինչ հնարաւոր է» (Nothing Is True and Everything Is Possible) գիրքին մէջ կը պնդէ, որ քարոզչութեան նպատակը ոչ թէ համոզելն է, այլ տեղեկատուական դաշտի «աղտոտումը», որովհետեւ մարդիկ ոչ մէկուն չեն վստահիր[30][31]:

2014-ին, Ուգրանական ճգնաժամը քննարկելէ ետք, ԱՄՆ պետքարտուղար Ճոն Քերրին Russia Today-ը որպէս քարոզչական բարձրախօս յիշած է, շարունակելով, որ «Russia Today-ի ցանցը ծաւալած է իր շուրջը կատարուող իրադարձութիւններուն վերաբերեալ նախագահ Փութինի քմահաճոյքը քարոզելու համար: Անոնք ամբողջական աշխատանքային օր կը նուիրեն այդ ջանքերուն, կը քարոզեն եւ կ՛աղաւաղեն տեղի ունեցածը Ուգրանիոյ մէջ[32]: «Արժանահաւատութիւն մետիայի մէջ» հետաքննող լրագրութեան կեդրոնի տնօրէն Կլիֆ Կլինֆեյտը Russia Today-ը «ռուսական քարոզչութեան համար ապատեղեկատւութեամբ ճանաչուած աղբիւր» անուանած է[33]:

Հայ քաղաքագէտ Իկոր Մուրատեանի կարծիքով, «Ներկայիս ռուսերուն համար քարոզչութիւնը համար ինքնախաբէութիւն դարձած է: Կայ սուտ, կայ զօրաւոր-սուտ, եւ կայ ռուսական քարոզչութիւն, որ արմատներով կը հասնի մինչեւ խորհրդային քարոզչութեան համակարգ: Ռուս մարդու խօսքը բան մը չարժեր, եւ այդ մէկը դարձած է ռուսական հասարակութեան գլխաւոր հատկանիշը: Ռուսական քարոզչութիւնը կրնայ իրականացնել անկարելին»[23]:

Ռուսական քարոզչութիւնը հաղորդող անհատները

Խմբագրել

Քաղաքական համակարգողներ

Խմբագրել
 
Տմիթրի Գիսելյով

Կառավարիչներ

Խմբագրել
 
Մարգարիթա Սիմոնեան եւ Վլատիմիր Փութին

Գաղափարախօսներ

Խմբագրել
 
Սերգեյ Մարկով

Քարոզիչներ

Խմբագրել
 
Սերկէյ Կուրղինեան

Շոու արեւտրականութեան եւ արուեստի ներկայացուցիչներ

Խմբագրել

Եվկէնի Բորեչենկով, Իւան Օխլոպիսթին, Վալերի Կերկիեւ, Ժաննա Նեթրեպկօ[37]:

Ռուսական քարոզչութեան գործակալները Հայաստանի մէջ

Խմբագրել
 
Սբութնիք գործակալութեան տարբերանիշը

Անհատներ

Խմբագրել

Կազմակերպութիւններ

Խմբագրել
  • Սբութնիք Արմենիա, լրատուական գործակալութիւն, Սբութնիք քարոզչական գործակալութեան հայաստանեան մասնաճիւղ:
  • Երեւանի Աշխարհաքաղաքական Ակումբ[22]:
  • Իրաւունք թերթ[22], որ կը պարունակէ ՀՀ ԱԺ ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Պապուխանեանին: «Իրաւունք» թերթի 25-ամեակի առիթով Սերժ Սարգիսեան պետական պարգեւով պարգեւատրած է թերթի գլխաւոր խմբագիր Յովհաննէս Գալաջեանին եւ թերթի տնօրէն Գեղամ Գրիգորեանին: Իրաւունքը հատակագիծ կը հանդիսանայ ՀԱՍԱԿ կուսակցութեան անդամներուն եւ այլ ռուսական քարոզիչներուն համար[22]:
  • Համահայկական ծնողական կոմիտէ, Ռուսաստանի մէջ Սերկէյ Գուրղինեանի կողմէն հիմնադրուած «Համառուսական ծնողական դիմադրութիւն» շարժման հայաստանեան ոչ պաշտօնական մայսնաճիւղն է: Ղեկավարն է Արման Պոշեանը[22]:
  • Հանուն սոցիալական արդարութեան կուսակցութիւն (ՀԱՍԱԿ), Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող եւ Ռուսաստանի դեսպանատան կողմէ ֆինանսաւորուող կուսակցութիւն: Նախագահ՝ Արման Ղուկասեան, փոխնախագահ՝ Ծովինար Կոստանեան[22]:
  • Միջազգային մարդկայնական զարգացում, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող հասարակական կազմակերպութիւն: կը ղեկավարուի Արման Ղուկասեանի եւ Ծովինար Կոստանեանի կողմէն[22]:
  • «Լոյս» տեղեկատուական վերլուծական կեդրոն, դիմատետրի մէջ գործող խումբ, ուր հիմնականին կը գտնուին ռուսերէն լեզուով հրապարակումներ արծարծելու ռուսական առաջին հեռուստաալիքի տեսանիւթեր:
  • «Հանուն ինքնիշխանութեան վերականգնման», նախաձեռնութիւն, որ աւելի եւս աշխոյժօրէն կը մասնակցի ԵԱՏՄ-ի ու Գրեմլի այլ նախաձեռնութիւններուն մէջ, հանուն Հայաստանի առաջմղման: Սովորաբար, այս աղբիւրը կ՛երեւի իր հակաարեւմտեան եւ փաստացի հակահայաստանեան հրապարակումներով: Օրինակ, կայքի հրապարակումները արեւմուտքը որպէս Հայաստանի ռազմական թշնամի կը ներկայացնեն, իսկ Ռուսաստանը՝ որպէս հիմնական դաշնակից:
  • Կրիպոյետով Ակումբ[22], որ հիմնադրուած է 2012-ին, Հայաստանի մէջ ռուսամետ հասարակական կարծիք ձեւաւորելու նպատակով[24]:

Ֆինանսաւորում

Խմբագրել

2012-ի դրութեամբ Ռուսաստանը սեփական քարոզչութեան մեքենայի ֆինանսաւորման վիճակագրութեան առաջին տեղը կը գրաւէր՝ այդ ոլորտին մէջ 1,6 ԱՄՆ տոլար ծախսելով՝ աւելին, քան բոլոր այլ երկիրները, որոնցմէ են Չինաստանը[38][39]:[40], The Guardian[41], The New York Times[40], CNN[42] և այլն:

Բառապաշար

Խմբագրել

Ռուսական քարոզչական ԶԼՄ-ներու արդէն դասական դարձած բառապաշարի մաս կը կազմեն հետեւեալ բառերն ու արտայայտութիւնները՝ ռուսակատաղութիւն (ռուս.՝ русофобия), հակառուսականութիւն, հակառուսական (антироссийский) «Պինտոսթան» («Пиндостан»), «լիպերաստ» («либераст»), «Կեյրոպա» («Гейропа»), բանդերականներ (бандеровцы), Ուաշինգթոնեան շրջկոմ (Вашингтонский обком), ազգային դաւաճան (национал-предатель)[43], ազգային առաջնորդ (национальный лидер), հակաահաբեկչական գործողութիւն (антитеррористическая операция), մաքրում (чистка), կենսազանգուած (биомасса) եւ այլն:

Դիմադրութիւն՝ ռուսական քարոզչութեան

Խմբագրել
  • Թուրքիոյ կառավարութիւնը արգելափակած է ռուսական Russia Today գործակալութեան ներքեւ հիմնուած Սբութնիք գործակալութեան կայքերը: Թուրքիոյ հեռահաղորդակցութեան վարչութիւնը (TIB) հաղորդած է, որ այդ միջոցառումը «տեղի ունեցած է 14 Ապրիլ 2016-ին՝ 5651 օրէնքի հիման վրայ կատարուած արուեստագիտական ստուգման եւ իրաւաբանական գնահատումէն ետք»: Թուրքիոյ կառավարութեան այդ քայլը Russia Today-ի գլխաւոր խմբագիր Մարկարիթա Սիմոնեանը «երկրին մէջ խիստ գրաքննութեան հերթական քայլ» անուանած է[44][45]:
  • Մարտ 2016-ին Լաթուիայի կառավարութիւնը արգելափակած է Sputniknews.lv կայքը, 2014-ի գարնան Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի «Ուգրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան խարխլմանն ուղղուած գործողութիւններու մասին» որոշման խախտման համար: Բացի այդ, Սբութնիք լրատուական գործակալութեան գործունէութիւնը արգիլուած է Լատուիայի, Շուէտի, Նորվեկիայի, Դանիայի եւ Ֆինլանտայի մէջ: Ընդհանուր առմամբ Սբութնիքը հեռարձակում կը կատարէ աշխարհի աւելի քան 30 լեզուներով[46]:

Կարծիքներ ռուսական քարոզչութեան մասին

Խմբագրել
  Ռուսաստանը տեղեկատուական զարմանալի կայծակնամարտ կը վարէ, որ մենք տեսած ենք տեղեկատուական պատերազմներու պատմութեան մէջ:[47]:
- Ֆիլիփ Պրիտլաւ, Եւրոպայի մէջ ՆԱՏՕ-ի զօրքերու գլխաւոր հրամանատար
 
  Ներկայիս քարոզչութիւնը ռուսերուն համար ինքնախաբէութիւն դարձած է: Կայ սուտ, կայ զօրաւոր-սուտ, եւ կայ ռուսական քարոզչութիւն, որ արմատներով կը հասնի մինբեւ խորհրդային քքարոզչութեան համակարգ: Ռուս մարդու խօսքը բան չարժեր, եւ այդ մէկը դարձած է ռուսական հասարակութեան գլխաւոր հատկանիշը: Ռուսական քարոզչութիւնը կրնայ անկարելին իրականացնել[23]:
- Իկոր Մուրատեան, հայ քաղաքագէտ, վերլուծաբան
 
  Ռուսական քարոզչութիւնը ամբողջապէս հիմնուած է ապատեղեկատւութեան վրաէ: Անոր միջոցով անոնք կը փորձեն եւրոպացիներուն ապակողմնորոշել ու համոզել, որ կարելի չէ որեւէ մակուն հաւատալ[21]
- Ռոն Ճոնսոն, ԱՄՆ Արտաքին յարաբերություններու խորհուրդէն ծերակուտական
 
  Փութին հասկցած է, որ ռուսական բնակչութիւնը շատ զգայուն է հայրենասիրական հարցերուն մէջ, չնայած այն իրականութեան, որ հասարակութեան մէջ 20-ամեայ է իր կեանքը, կառավարական հեռուստատեսութեան պատրաստ է հաւատալ հարիւր տոկոսով[48]:
- Վլատիմիր Շլյաբենդոխ, խորհրդային եւ ամերիկացի ընկերաբան
 
  Սովոքի ժամանակ չապրած երիտասարդները միշտ ինձ կը հարցնեն, թէ արդիօ՞ք մեր ժամանակները կը նմանին նախկին ժնեւեան ժամանակներուն՝ գաղափարական ֆոնի իմաստով: Բայց երկու առանձցքային տարբերութիւն: Այն ժամանակ մեզ կը համոզէին, որ ամերիկացի մասնագէտները, ի հարկէ, կ՛երազէին որ համաշխարհային պատերազմ սկսի, սակայն ամերիկեան սովորական բանուորական դասը՝ դէմ է, եւ այդ բանուորները՝ մեր ընկերներն են: Հիմա այդ բարեկամական բանուորական դասի մասին մէկ ձեւ մոռցած են::
- Վլատիմիր Շլյաբենթոխ, խորհրդային եւ ամերիկացի ընկերաբան[49]:
 
  Փութինեան քարոզչութիւնը ոչ թէ սովոքի ժամանակուայ նման գրաքննութեամբ աղաւաղուած տեղեկութիւն է, այլ իտէալապէս հարմար առասպելաբանութեան համար մթնոլորտ է: Իսկ այն տեղեկութիւնը, որ բնակչութեան կը ներկայացնէ համացանցի մէջ, այդ հարմարութիւնը, ընկճումի մէչ կը դնէ զայն, իսկ ամենակարեւորը՝ այդ անձին կ՛ըստիպէ ինքզինք վախտոկ եւ ստորութեան համամասնակից զգալ[50]:
- Եվգենի Իխլով, ռուս հրապարակախոս, մշակութաբան
 
  Եթէ ռուսական քարոզչութեան գործողութիւնները մերկացնենք, կարելի է տեսնել, որ միշտ կը ստէ: Եւ ամէն մէկ սուտ որպէս ատեանի մէջ հնչուած անկեղծ տեղեկություն կը ներկայանանայ: Անոնք կը շարունակեն ստել, երբէք ներողութիւն չեն խնդրեր, եւ չեն բացատրեր թէ ինչու կը ստէին, եւ ոչ մէկը չի պատճուիր[51]:
- Լէոնիտ Մարտինիւկ, ռուս վերլուծաբան, ռուսական Փարնաս կուսակցութեան անդամ
 


Տես նաեւ

Խմբագրել

Արտաքին Յղումներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. The readers' editor on… pro-Russia trolling below the line on Ukraine stories, The Guardian, 4 May 2014
  2. Максимальный ретвит: Лайки на Запад ("Maximum Retweet: 'Likes' for the West") Vedomosti, 21 May 2014
  3. Новогодний баланс: После стабильности (ռուսերեն)։ Vedomosti։ December 30, 2008։ արտագրուած է՝ 2008-12-31 
  4. Finn Peter (2008-03-06)։ «Russia Pumps Tens of Millions Into Burnishing Image Abroad»։ Washington Post։ արտագրուած է՝ 2009-01-04 
  5. «Честь России стоит дорого». Мы выяснили, сколько конкретно Archived 2007-04-28 at the Wayback Machine. Novaya gazeta July 21, 2005.
  6. Имидж за $30 млн Vedomosti June 6, 2005.
  7. «Journalism mixes with spin on Russia Today: critics»։ CBC News։ 2006-03-10։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ June 11, 2007-ին։ արտագրուած է՝ 2009-01-04 
  8. Russia claims media bias, by Nick Holdsworth, Variety, August 2008
  9. Россия наращивает официальную лоббистскую деятельность в США NEWSru June 5, 2007.
  10. «New Global TV Venture to Promote Russia»։ VOANews։ July 6, 2005 
  11. Reporters Without Borders Don't Fancy Russia Today Kommersant October 21, 2005
  12. Luke Harding (December 18, 2009)։ «Russia Today launches first UK ad blitz»։ The Guardian (London) 
  13. «Russian propaganda machine 'worse than Soviet Union'»։ BBC News։ արտագրուած է՝ 22 June 2016 
  14. Darmaros Marina (2014-12-02)։ «"Propaganda cannot be considered effective"»։ Russia Beyond The Headlines (en-US)։ արտագրուած է՝ 2017-02-28 
  15. Logiurato (April 29, 2014), Russia's Propaganda Channel Just Got A Journalism Lesson From The US State Department, Business Insider, http://www.businessinsider.com/state-department-responds-rt-russia-today-john-kerry-2014-4#!HDahV 
  16. 16,0 16,1 16,2 Crowley Michael (May 1, 2014)։ «Putin's Russian Propaganda»։ TIME 
  17. Inside Putin's Information Wars Archived 2019-06-02 at the Wayback Machine., by Peter Pomerantsev, politico.com
  18. R.C. Campausen (January 10, 2011), KGB TV to Air Show Hosted by Anti-war Marine Vet, Accuracy in Media, արխիվացված օրիգինալից April 8, 2011-ին, https://web.archive.org/web/20110408154335/http://www.aim.org/aim-column/kgb-tv-to-air-show-hosted-by-anti-war-marine-vet/, վերցված է April 5, 2011 .
  19. «Forensic Analysis of Satellite Images Released by the Russian Ministry of Defense: A bell¿ngcat Investigation»։ Bellingcat։ 30 May 2015։ արտագրուած է՝ 22 June 2015 
  20. Borger Julian (8 September 2014)։ «MH17: Dutch Safety Board to publish preliminary report on disaster»։ The Guardian։ արտագրուած է՝ 5 July 2015 
  21. 21,0 21,1 Ռուսական քարոզչություն, թե՞ վրեժ արևմուտքից
  22. 22,00 22,01 22,02 22,03 22,04 22,05 22,06 22,07 22,08 22,09 22,10 22,11 22,12 22,13 22,14 22,15 22,16 22,17 Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named Զեկույց
  23. 23,0 23,1 23,2 «Ռուսաստանը սահմանել է Հայաստանի դերը»։ Lragir.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2017-10-08 [permanent dead link]
  24. 24,0 24,1 24,2 24,3 Սամվել Կարապետյանն ու Դմիտրի Կիսելյովը Երևանում մասնակցել են «Գրիբոյեդով» ակումբի նիստին (ռուս.)
  25. «Ուղեղի թշվառականները» Երևանում են (ռուս.)
  26. «ԵԱԱ պաշտոնական կայք»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-07-09-ին։ արտագրուած է՝ 2018-08-23 
  27. 27,0 27,1 27,2 «Задачи и правила ЕГК | ЕГК»։ ЕГК (ru-RU)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-07-09-ին։ արտագրուած է՝ 2017-10-08 
  28. «Ukraine: Russian propaganda and three disaster scenarios»։ www.aljazeera.com։ արտագրուած է՝ 2015-11-09 
  29. «Сенат изучает роль российской пропаганды во вторжении в Украину»։ ГОЛОС АМЕРИКИ։ արտագրուած է՝ 2015-11-10 
  30. «Пітер Померанцев: Мета російської пропаганди - щоб ніхто нікому не довіряв»։ Українська правда։ արտագրուած է՝ 2015-11-10 
  31. Review: ‘Nothing Is True and Everything Is Possible,’ by Peter Pomerantsev, The New York Times, November 2014
  32. «Secretary Kerry on Ukraine» (Press release)։ CSPAN։ April 24, 2014 
  33. Kincaid Cliff (August 22, 2014)։ «Why Won’t Putin Help Middle East Christians?»։ Accuracy in Media։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ July 22, 2016-ին։ արտագրուած է՝ August 23, 2018 
  34. (անգլերէն) «ЄС називає мене „головний пропагандист Путіна“», The Guardian
  35. Н.Митрохин. Полезные аристократы. — Грани.ру, 29.12.2014
  36. Ігор Яковенко. Вульгарные гегельянцы Владимира Путина. — «Каспаров. Ру», 13-08-2015
  37. Вони є зброєю пропаганди Путіна — піаніст Гінтов про Гергієва і Нетребко. — Ամերիկայի ձայնը, 1.02.2015
  38. Машина пропаганди Путіна та інформаційна недолугість України
  39. (ռուս.) Путинская Россия заняла первое место в мире по государственным затратам на пропаганду. Kavkaz Center
  40. 40,0 40,1 (անգլերէն) Полювання на платних російських тролів в коментарях Washington Post
  41. (ռուս.) The Guardian стурбована напливом коментарів проросійського характеру
  42. «Документи показали, як армія російських «тролів» атакує Америку»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-07-14-ին։ արտագրուած է՝ 2018-08-23 
  43. Фраза, що використав Путін у своїй «кримській промові» (18 березня 2014), хоча фраза існувала і раніш. Так, наприклад, називав своїх політичних опонентів Михайло Саакашвілі ще в 2011 р./ Див. наприклад: «Национал-предатели Путина»
  44. В Туреччині заблокували доступ до сайтів російського «Спутника». — «Каспаров.ру», 15.04.2016
  45. РИА-Новости: Блокировка сайта Sputnik в Турции 15.04.2016
  46. В Турции заблокировали доступ к сайтам российского «Спутника» 15.04.2016
  47. SACEUR: Allies must prepare for Russia ‘hybrid war’.(անգլերէն) 4.09.2014
  48. Радіо Свобода: Несокрушимое обаяние Путина?(ռուս.) 10.10.2015
  49. ՈՒՆԻԱՆ. Макаревич розповів про дві відмінності брежневскої і путінскої пропаганди
  50. Евгений Ихлов: «Не веришь - не слушай, а врать не мешай!». — «Каспаров.Ру», 16-08-2015
  51. Радіо Свобода: Кто сбил "Боинг"?(ռուս.) 13.10.2015

Արտաքին Յղումներ

Խմբագրել