Սալբի Յարութիւնեան Ղազարեան (ծնած Հալէպ, Սուրիա)[1] Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի Հայագիտութեան Հիմնարկի ներկայ տնօրէնն է:[2][3]

Սալբի Ղազարեան
Ծննդավայր Հալէպ
Ուսումնավայր Միշիկընի Համալսարան,
Մասնագիտութիւն լրագրող, գրադարանավար
Աշխատավայր Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Սալբի Ղազարեան միացաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի Հայագիտութեան Հիմնարկի տնօրինութեան 2014 թուակնին, արդի հայագիտութիւնը յառաջ տանելու աւելի ընդհնաուր եւ միջազգային մօտեցումով:[4] Ան ստանցներ դերը Երեւանէն Լոս Անճելըս վերադառնալէ ետք, ուր ան ապրեցաւ 15 տարի եւ համահիմնադրեց եւ վարեց Սիվիլիթաս Հիմնադրամը,[5][6][7] ուր կը հսկէր 60 մասնագիտական աշխատակազմի վրայ: Ղազարեան նաեւ ստանցնած է Յատուկ Օգնականի դերը նախկին Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Վարդան Օսկանեանի, երբ նորանկախ երկրին արտաքին քաղաքականութիւնները իր վաղ կազմաւորութեան հանգրուանին մէջ էր. ան աշխատեցաւ հիմնաւորելու յատու յարաբերութիւններ ԱՄՆի, Եւրոպական Միութեան եւ ՄԱԿին: Ան նաեւ նախապէս հետազօտութիւններու վարիչն էր Մասըչուսըցի Զորեան Հիմնարկին, ուր ան կեդրոնացաւ արդի, յետ-ցեղասպանական եւ սփիւռքահայկական նիւթերու վրայ: Շուրջ 30 տարի, Ղազարեան գործած է ուսման, հետազօտման եւ լեզուի ուսուցման ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ վարած է գրադարանի պատասխանատւութեան դերը Լոս Անճլըսի Հանրային Գրադարանէն եւ UCLA համալսարանի հայկական գրադարանի հաւաքածոյէն ներս: Ան Armenian International Magazine պարբերաթերթին նախկին խմբագիրի դերը ստանցնած էր:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Armenia remains on alert»։ 2012-05-31 
  2. Dean Kay Appoints New Armenian Institute Director and Faculty
  3. «Institute of Armenian Studies | USC Directory»։ www.usc.edu։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-11-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-11-05 
  4. «YEAR100.org | Institute of Armenian Studies»։ year100.org։ արտագրուած է՝ 2016-11-05 [permanent dead link]
  5. «Civilitas Director Salpi Ghazarian summoned to NSS»։ արտագրուած է՝ 2017-01-05 
  6. Hairenik (2012-05-05)։ «Elections, Politics, and Accountability: An Interview with Civilitas Director Salpi Ghazarian»։ The Armenian Weekly։ արտագրուած է՝ 2017-01-05 
  7. «Civilitas Foundation»։ civilitasfoundation.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-11-06-ին։ արտագրուած է՝ 2016-11-05