Սամուէլ Շմաւոնեան

Սամուէլ Ստեփանի Շմաւոնեան (հաւանաբար 1856, Պոլիս - 1916, Հալէպ), հայ բժիշկ։


Ծնած է 1856 (հաւանաբար)
Ծննդավայր Պոլիս
Մահացած է 1916
Մահուան վայր Հալէպ
Կրօնք Քրիստոնեայ, Աւետարանական
Մասնագիտութիւն Բժիշկ
Ամուսին Աղաունի Արամեան
Ծնողներ Ստեփան Շմաւոնեա

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է հաւանաբար 1856 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ Հայնի թաղամասին մէջ։ Կ. Պոլսոյ հանրայայտ վերապատուելի Ստեփան Շմաւոնեանի որդին։

Նախնական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրին մէջ։ 1872 թուականին մեկնած է ԱՄՆ, ուր միաժամանակ աշխատած եւ ուսանած է՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի բժշկական ֆակուլտետի մէջ։ Համալսարանի 1500 ուսանողներէն միակը եղած է, որ ուսումն աւարտած է ոսկէ մետալով։ Մի քանի տարի աշխատած է զանազան բշժկական հիմնարկներու մէջ եւ հմտացած՝ մասնագիտութեան մէջ։

1885 թուականին վերադարձած է Հալէպ՝ հիւանդ քրոջը, տիկին Ռեբեքա Մարգարեանին բուժելու նպատակով։ Քրոջ ապաքինումէն ետք, հաստատուած է Հալէպի Քասթ Ալ–Հաճար թաղամասը, ուր բացած է իր սեփական հիւանդանոցն ու աշխատած։ Կարճ ժամանակ անց մեծ համբաւ ձեռք ձգած է քաղաքի՝ քրիս­տո­նեայ, մահ­մե­տա­կան եւ հրեայ բնակչութեան շրջապատէն ներս։

Ամուսնացած է պոլսեցի՝ Աղաունի Արամեանի հետ։ Զաւակներ չեն ունեցած։ Աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է քաղաքին մէջ իրականացուող՝ ազգային, եկեղեցական, կրթական եւ այլ ազգանպաստ միջոցառումներուն։ Նիւթապէս օգնած եւ բարոյապէս քաջալերած է՝ 1909 թուականին, Հալէպի «Աղյոլ» թաղամասի մէջ, դարմանատուն հիմնող սասունցիներուն։ Միաժամանակ աշխատելով այդ դարմանատան մէջ, քննած է հիւանդներուն, հսկած մաքրութեանն ու կարգուկանոնին։ Եղած է ՀԲԸՄ–ի 1910 թ.–ի՝ Հալէպի մէջ հիմնուած մասնաճիւղի, հիմնադիրներէն մէկն ու վարչութեան ցմահ ատենապետը։

1915 թուականին՝ հայերու տարագրութեան եւ Մեծ Եղեռնի ընթացքին, ձգելով գործերը, բարի հրեշտակի մը պէս՝ ընդունած, կերակրած ու հագցուցած է աքսորեալ ազգակիցներուն։ Երբ վերապատուելի Ահարոն Շիրաճեանն ստանձնած է որբանոց-ապաստարան բանալու գործը, բժիշկը դարձած է անոր առաջին բարերարը՝ 200 հնչիւն ոսկի, պատկառելի գումար նուիրաբերելով։

Հալէպի Ազիզիէ թաղամասին մէջ, աւետարանական՝ Էմմանուէլ եկեղեցւոյ կառուցման համար, նուիրաբերած է 300 Օսմանեան ոսկի։ Ըլլալով աւետարանական համայնքի անդամ՝ մշտապէս ներկայ եղած է եկեղեցւոյ կարեւոր ժողովներուն ու ջանացեր՝ խօսքով, խորհուրդներով ու գործով օգտակար դառնալ եկեղեցական, կրթական ու հասարակական միջոցառումներուն։

1916 թուականին, թուրքական կառավարութիւնը վտանգաւոր նկատած է ՀԲԸՄ-ի գործունէութիւնը։ 1916 թուականին Ճեմալ փաշան հրաման արձակած է կախաղան բարձրացնել բժշիկին՝ որպէս վտանգաւոր ընկերութեան պարագլուխ, սակայն հայ եւ մուսուլման բնակչութիւնը միասնաբար դիմած է կառավարութեանը եւ կարցած է մահապատժէ փրկել սիրելի բժիշկին կեանքը։

1916 թուականին՝ հազիւ բեկանուած մահավճիռը, վարակուած է տիֆով ու մի քանի օր անց մահացած՝ մօտ 60 տարեկան հասակին։

հակառակ անկայուն քաղաքական իրավիճակին, հալածանքներուն ու աքսորին, բազմազգ թափորը թաց աչքերով ուղեկցած է բժշկի դագաղը։

Բժիշկ Սամուէլ Շմաւոնեան՝ նախօրօք գիտակցած էր, որ իր դէմ մահուան վճիռ արձակուած է։ Երբ կը խնամումէր տիֆով հիւանդ քրոջը՝ Արուսեակ Մարգարեանին, շարունակ կրկնած է. «Ինքս պէտք էի ըլ­լալ թի­ֆու­սէ վա­րա­կո­ւո­ղը, պի­տի նա­խընտ­րէի հի­ւան­դու­թե­ամբ մեռ­նիլ, քան թէ կա­խա­ղա­նի վրայ»։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Մարգարեան-Սինանեան Ա., Տոքթ. Սամուէլ Շմաւոնեան, «Գե­ղարդ» սուրիահայ տարեգիրք, Ե. գիրք, Հալէպ, 1996։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։