Սայլոսայպինի (Ցնորածին) Սունկեր
Սայլոսայպինի սունկերը, Ցնորածին սունկեր, կախարդական սունկերը (Magic Mushrooms), բնական սունկեր, որոնք կը պարունակեն հոգեկան առողջութեան վրայ ազդող նիւթ մը` psilocybin-ը[1]: Այսպիսի սունկերու օգտագործումը կ'ազդէ գիտակցութեան վրայ եւ անհանգիստ վիճակ մը կը յառաջացնէ, որ կը կոչուի ցնորածին փորձառութիւն կամ «ուղեւորութիւն»[2]։
Փոքր եւ ազդու (Psilocybe semilanceata) սունկը Եւրոպայի մէջ յայտնաբերուած ամէնէն աւելի ճանչցուած եւ տարածուած տեսակն է: Այլ տեսակներու կարելի է հանդիպիլ վայրի բնութեան մէջ, իսկ Psilocybe cubensis սունկը կը մշակուի առտնին պայմաններու մէջ:
Սայլոսայպին սունկերու տեսակները
ԽմբագրելԹարմ
ԽմբագրելՍայլոսայպին սունկերը բնական են, անոնք կ'աճին հողին վրայ: Սայլոսայպինի սունկերու տարբեր տեսակներ բնական ձեւով կ'աճին ամբողջ աշխարհի տարածքին: Սակայն այս սունկերը անձամբ հաւաքելը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ: Ծանօթ է սունկի աւելի քան 10.000 տեսակ, որոնցմէ քանի մը հատը թունաւոր են մարդոց համար: Առանց տարբեր տեսակի սունկերու, տեսակներու եւ վտանգներու իմացութեան` դիւրին է մէկ սունկը միւսին հետ շփոթելը: Անձը կրնայ ընտրել այնպիսի սունկ մը, որ զինք կը պահէ քնածութեան (comatose) վիճակի մէջ` ի տարբերութիւն այլ սունկերու, որոնք կրնան հոգեբուժական ճանապարհորդութեան մը տանիլ:
Չորցուած
ԽմբագրելՍունկին շուրջ 90 տոկոսը կազմուած է ջուրէ, եւ այդպիսով, երբ չորնայ, կը կորսնցնէ իր զանգուածին շուրջ 90 տոկոսը: Ասիկա կը նշանակէ, որ կախարդական սունկերու նոյն չափաբաժինը չորցած վիճակին կ'ըլլայ թարմ չափաբաժինէն մօտաւորապէս 10 անգամ աւելի քիչ քանակով:
Եթէ սունկին մէջ գոյացած խոնաւութիւնը չհանուի, այդ վիճակին քաղուելու պարագային, կրնայ շատ շուտ փճանալ. բան մը, որ կ'ոչնչացնէ ո՛չ միայն բուն սունկը, այլեւ անոր պարունակութիւնը` սայլոսայպինը: Փտած կախարդական սունկ ուտելը ստամոքսի լուրջ հարցեր կրնայ յառաջացնել` առանց որեւէ հոգեբուժական ազդեցութեան:
Կախարդական սունկերու շուկան անօրէն է եւ չկարգաւորուած, որովհետեւ սայլոսայպինի սունկերը անօրինական են գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ: Որեւէ տեսակի կախարդական սունկ (թարմ կամ չոր) գնելու վտանգը կը կայանայ այն պարագային մէջ, որ եթէ մասնագէտ չէ գնողը յստակ չի կրնար գիտնալ, թէ ո՛ր տեսակն է իր գնածը:
Փոշի
ԽմբագրելԿախարդական սունկը կրնայ յայտնուիլ նաեւ փոշիի տեսքով. կը վաճառուի իբրեւ դեղահատ կամ իբրեւ փոշի: Այս տեսքով սայլոսայպին գնելու կամ ստանալու վտանգները աւելի մեծ են, քան` թարմ կամ չորցուած տեսակները: Շատ աւելի դիւրին է ապօրինի նիւթեր աւելցնել փոշիին մէջ. բան մը, որ յոյժ կը մեծցնէ վտանգները անյայտ ծագումի, որակի եւ քանակի նիւթերու, որոնք կը խառնուին մաքուր կարծուած սայլոսայպինի փոշիին:
Սայլոսայպինը իբրեւ դեղամիջոց` մարմինին եւ ուղեղին մէջ
ԽմբագրելՍայլոսայպինը եւ սայլոսինը ծանօթ են իբրեւ հոգեկան առողջութեան վրայ ազդող թրիփթամիններ եւ քիմիական կառուցուածքով շատ նման են հիմնական քիմիական սուրհանդակին (messenger), որ կը կոչուի սերոթոնին: Սերոթոնինը շատ կարեւոր գործառոյթներ ունի ուղեղին եւ մարսողական համակարգին մէջ: Ան կը կարգաւորէ տրամադրութիւնը, քունի շրջանները եւ ջղագրգռութիւնը յաղթահարելու գործառոյթները:
Քիմիական կառուցուածքի այս նմանութեան շնորհիւ` սայլոսինի մասնիկները ուղեղին մէջ կ'աշխուժացնեն նոյն այն ընկալիչները, որոնք կ'աշխուժացնեն սերոթոնինը, յատկապէս` ընկալիչին յատուկ այն բաժինը, որ ծանօթ է 5HT2A անունով: Այս ընկալիչը կը միջնորդէ բազմաթիւ տարբեր գործառոյթներ միտքին մէջ, ինչպէս` տրամադրութիւնը, երեւակայութիւնը, սորվիլը եւ ընկալումը:
5HT2A ընկալիչներուն մեծ մասը կը գտնուի ուղեղի կեղեւի բջիջներուն վրայ: Այս բջիջները նաեւ բաւական երկար են եւ աւելի տարածուն, հետեւաբար աւելի մեծ ազդեցութիւն ունին ուղեղի գործունէութեան վրայ:
Սայլոսինը կը կապուի ընկալիչներուն եւ կ'աշխուժացնէ զանոնք` այդպիսով յառաջացնելով մարդուն մօտ կախարդական սունկին յատուկ «ճանապարհորդութիւն»ը, որ կրնայ ներառել տրամադրութեան, երեւակայութեան եւ ընկալման փոփոխութիւններ: Վերջին հետազօտութիւնները նաեւ ցոյց տուած են, որ սայլոսինը կ'ազդէ ուղեղի մէկ մասին վրայ, որ կը կոչուի Default Mode Network (DMN):
Մարդուն DMN-ները նման են ուղեղին հիմնական տեղեկատուական մայրուղիներուն: Անոնք կը հանդիսանան համախմբման կեդրոններ: Մինչ մարդիկ կը զբաղին իրենց առօրեայով, DMN-ները հանգիստ կերպով յետնամասային տեղեկատուութիւն կը հաւաքեն: Անոնք նաեւ թոյլ կու տան «ժամանակով ճամբորդել» միտքին մէջ` անցեալի մասին մտածելու եւ ապագան ծրագրելու հնարաւորութիւն տալով: Ոմանք նաեւ կ'ենթադրեն, որ DMN-ները մարդոց անհատականութիւններու տունն են, ուր կը գոյանան «ես»ի զգացումները:
Սայլոսինը ժամանակաւորապէս կ'անջատէ DMN-ի «միակցիչ հանգոյցներէն» մէկը կամ քանի մը հատը: Ուղեղին հիմնական տեղեկատուական մայրուղիի այս ժամանակաւոր անջատումը կը նշանակէ, որ ուղեղը չի կրնար կապուիլ իր տարբեր մասերուն հետ, ինչպէս սովորաբար կ'ընէ այդ մէկը, եւ փոխարէնը` ստիպուած կ'ըլլայ միանալ այնպէս, ինչպէս սովորաբար չ'ըլլար: Այս կը նշանակէ, որ ուղեղը կը սկսի հաղորդակցիլ իր այն մասերուն հետ, որոնց հետ սովորաբար չի «խօսիր». ուրեմն ուղեղը նոր կապեր կը ստեղծէ սայլոսինի ազդեցութեան տակ:
Սայլոսայպինի սունկերու ազդեցութիւնները
ԽմբագրելՍայլոսայպինի սունկերը փոփոխութիւններ կը յառաջացնեն զանոնք օգտագործողին գիտակցութեան, տրամադրութեան, ընկալման եւ զգացողութեան վրայ:
Այս փոփոխութիւնները ծանօթ են իբրեւ «հոգեկան ճանապարհորդութիւն» եւ կրնան տեւել 2-6 ժամ:
Զգայախաբութիւններու յառաջացումը կախում ունի օգտագործուած կախարդական սունկին ուժէն, տեսակէն ու չափաբաժինէն եւ զանոնք կրնան ներառել ձայներու ընկալման, փակ աչքերով եւ բաց աչքերով տեսողական պատկերներու փոփոխութիւններ:
Փակ աչքերով տեսիլքները կրնան տարբերիլ` նախշեր, վառ գոյներ, մինչեւ երազի նմանող յաջորդականութիւններ եւ խորունկ յիշատակներ զգալ` բոլորը փակ աչքերով: Բաց աչքերով տեսիլքները կրնան ներառել միջավայրի զգայախաբութիւնները, օրինակ` գոյները կը դառնան աւելի աշխուժ, կարծես կը ծածանին կամ «կը շնչեն», նախշեր կը ձեւաւորուին, կը շարժին ու կը շրջին եւ շատ աւելին… Աւելի մեծ չափաբաժիններու պարագային, առարկաները եւ միջավայրերը կրնան վերածուիլ տարբեր բաներու, եւ կարելի է զգալ այնպիսի բաներ, որոնք իրականութեան մէջ չկան:
Լսողական ցնորքները կրնան ներառել հնչիւններ, որոնք կը դառնան աւելի յստակ, խստաշունչ, աւելի աղաւաղուած կամ շերտաւորուած: Երաժշտութեան կամ բառերու եւ լեզուի ընկալումն ու գնահատումը նոյնպէս կրնան փոխուիլ:
Շատ բարձր չափաբաժիններով օգտագործողները կրնան զգալ բան մը, որ ծանօթ է «եսի մահ» անունով:
Սայլոսայպինի սունկերու բուժական օգտագործումը
ԽմբագրելՍայլոսայպինի սունկերը ունին ազդու բժշկական կիրարկութիւն` հոգեկան հիւանդութիւններու եւ խանգարումներու բուժման համար, ինչպիսիք են` ընկճուածութիւնը, մտահոգութիւնը, ալքոլամոլութիւնը եւ PTSD-ն:
Սայլոսայպինի սունկերը այլ դեղերու հետ խառնելը
ԽմբագրելՍայլոսայպինը պէտք չէ խառնուի որեւէ այլ արգիլուած դեղատեսակի, ալքոլի կամ նիքոթինի հետ: Դեղերու համակցութիւնները կրնան ըլլալ անկանխատեսելի, վտանգաւոր եւ նոյնիսկ` մահացու:
Սայլոսայպինը պէտք չէ խառնուի որեւէ հոգեբուժական կամ հակաընկճուածութեան դեղերու հետ, ինչպիսիք են SSRI-ները կամ MAOI-ները: Կ'ենթադրուի, որ սայլոսայպինի մասնիկները կ'ազդեն նոյն ջղային այն ընկալիչներուն վրայ, ուր կ'ազդեն որոշ դեղագիրով դեղեր, եւ զանոնք պէտք չէ խառնել` բացառելու համար անոնց անբարենպաստ փոխազդեցութեան հաւանականութիւնը: