Սարգիս Փանոսի Ազատեան (Փանոսի որդի Սարգիս, 15 Փետրուար 1884(1884-02-15) - ոչ վաղ քան 14 Դեկտեմբեր 1916 եւ ոչ ուշ քան 31 Դեկտեմբեր 1916, Նազարէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ բժիշկ։

Սարգիս Ազատեան
Ծնած է 15 Փետրուար 1884(1884-02-15)
Մահացած է ոչ վաղ քան 14 Դեկտեմբեր 1916 եւ ոչ ուշ քան 31 Դեկտեմբեր 1916
Մահուան վայր Նազարէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահուան պատճառ Ժանտախտ
Կրթութիւն Կոստանդուպոլսոյ Օսմանեան բժշկական վարժարան
Կոստանդուպոլսոյ Հայտար փաշա թաղամասի բժշկական համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Ռազմական ծառայութիւն Օսմանեան կայսրութեան զինուած ուժեր

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Սարգիս Ազատեան ծնած է 1884 թուականի Փետրուար 15-ին, Հալէպի նահանգի Մարաշի գաւառի Ալպուսթան գաւառակին մէջ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է սուրբ Ստեփանոս թաղային վարժարանէն ներս։ Ուսումը շարունակած է Մարաշի Ազգային Կեդրոնական վարժարանէն ներս։ 1907 թուականին աւարտած է ամերիկացի միսիոներներու Տարսոնի (Տարսուս) Սէյնթ Փօլ գոլէճը (St. Paul’s Institute)։ 1907 - 1910 թուականներուն ուսուցչութիւն կը վարէ Մարաշի մէջ։

1909 թուականի Օգոստոսի 31-ին, ամուսնացած է մանկավարժ՝ հնչակեան գործիչ Սարգիս Սամուէլեանի դստեր, սբ. Ստեփանոս թաղային վարժարանի ուսուցչուհի՝ Հրանոյշի հետ։ 1910-1912 թուականներուն ընտանիքով բնակութիւն հաստատած է Դամասկոսի մէջ եւ ուսանած տեղի Օսմանեան բժշկական վարժարանէն ներս։ 1912-1916 թուականներուն ուսումը շարունակած է Կոստանդուպոլսոյ Հայտար փաշա թաղամասի բժշկական համալսարանին մէջ։

Առաջին համաշխարհային պատերազմի սկզբէն, ուսման զուգահեռ, օգնական բժիշկ աշխատած է Յըլտըզի եւ Կոստանդուպոլսոյ հիւանդանոցներէն ներս։ 1915 թուականի աշնան, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ հարիւրապետի աստիճանով ծառայած Դամասկոսի զինուորական հիւանդանոցին մէջ։ Այնուհետեւ ուղարկուած է Պաղեստինի Նազարէթ քաղաքը՝ որպէս թնդանօթաձիգներու գումարտակի 27-րդ ծանր հրետանաւորներու գունդի բժշկապետ։

Հիւանդ զինուորներուն բուժելու ընթացքին վարակուած է ժանտախտով եւ 9 օր ետք՝ 1916 թուականի Դեկտեմբեր 14/31-ին, մահացած Նազարէթի մէջ/Երուսաղէմի առաջին կարգի հիւանդանոցին մէջ՝ 32 տարեկան հասակին։ Թաղուած է Նազարէթի սբ. Աւետման լատինական եկեղեցւոյ կից գերեզմանոցին մէջ՝ զինուորական մեծ պատիւներով ու նուագախումբի հնչեցուցած երաժշտութեամբ։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • «Հայ Բժշկութեան Տուած Զոհերը», ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919
  • Գալուստեան Գրիգոր Հ. «Մարաշ», Նիւ Եորք, 1934
  • Պոտուրեան Մկրտիչ «Հայ Հանրագիտակ», Պուքրէշ, 1940
  • Գալուստեան Գրիգոր Հ. «Մարաշ Կամ Գերմանիկ Եւ Հերոս Զէյթուն», Նիւ Եորք, 1988
  • Յարման Արսէն «Հայերը Օսմանյան Առողջապահութեան ծառայութեան Մէջ Եւ Պատմութիւն Սուրբ Փրկիչ Հայոց Հիւանդանոցի» (թուրքերէն), Սթամպուլ, 1988
  • Սամուէլեան Վահէ «Հայ Անցեալը` Լուսանկարներով», Ե., 2007