Սարգիս Կարապետեան (գրող)


Սարգիս Կարապետեան, ծնած է Թեհրան:

Իր ուսումը ստացած է տեղւոյն ամերիկեան գոլէճին մէջ։ Ապա վկայուած է Նիւ Եորքի նահանգային համալսարանէն, Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսով։

  • Եօթը տարի պաշտօնավարած է Թեհրանի Ամերիկեան Քոլէճին մէջ։ Ապա իր ազատ ասպարէզին առընթեր, սիրայօժար կերպով, 17 տարի շարունակ վարած է, նախ Շահազիզ՝ ապա Սահակեան վարժարաններու պատուոյ տնօրէնութեան պաշտօնները։
  • Պատանի տարիքէն սկսեալ նուիրուած է գրականութեան։ Աշխատակցած է «Ալիք» օրաթերթին, «Հայրենիք» ամսաթերթին եւ Թեհրան հրատարակուող «Նաւասարդ» ամսագրին, ստորագրելով արձակ եւ չափածոյ գրութիւններ, նաեւ բազմաթիւ յօդուածներ կրթական եւ մանկավարժական բնոյթով։
  • 1962-էն սկսեալ հաստատուած է Գալիֆորնիա, եւ քանի մը տարի մաս կազմած՝ «Նաւասարդ» ամսագրի խմբագրութեան։ Այժմ կ'ապրի Մերիլենտ:
  • Լոյս ընծայած է հետեւեալ ինքնագիր եւ թարգմանական երկերը. «Անհորիզոն Թափառումներ», որ կ'ամփոփէ իր պատմուածքներուն եւ ուսումնսիրութիւններուն մէկ մասը միայն (Լոս Անճելըս, 1989):
  • Փայլակ Սանասարի «Ժամադրութիւն» վիպակը թարգմանած է պարսկերէնի (հրատարակուած՝ «Իրանահայ Մշակութային Միութեան» կողմէ):
  • Թորթըն Ուայլտըրի «Փուլիցըր» մրցանակ արժանացած՝ «Անտրոսի Կինը» վէպը թարգմանած է հայերէնի։
  • Հրատարակութեան պատրաստ ունի մանկավարժական ու գրական ուսումնասիրութիւններու եւ քնարական բանաստեղծութիւններու հատորներ։
  • Սարգիս Կարապետեան մեզի կու տայ շահեկան իրապաշտ պատմուածքներու փունջ մը, սահուն եւ անսեթեւեթ ոճով։ Առհասարակ կը շօշափէ նիւթեր Ամերիկա գաղթած ընտանիքներու կեանքէն, ուր տակաւին կ'իշխէ հայկական պատուախնդրութիւն։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել