Սարգիս Չիլինկիրեան
Սարգիս Չիլինկիրեան (25 Յունուար 1884/1885, Պանտրմա (Պանտերմա)- 1916, Կոշհիսար), հայ բժիշկ։
Ծնած է | 25 Յունուար 1884 |
---|---|
Ծննդավայր | Պանտրմա (Պանտերմա) |
Մահացած է | 1916 |
Կրթութիւն |
Բիւթանիոյ բարձրագոյն վարժարան, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է 1884/1885 թուականի Յունուար 25-ին, Մարմարա ծովու ասիական ափի՝ Պանտրմա (Պանտերմա) քաղաքին մէջ, հայ առաքելական ընտանիքէ ներս։ 1899 թուականին, աւարտած է ծննդավայրի թաղային վարժարանը։
1899-1902 թուականներուն ուսանած է ամերիկացի միսիոներներու Պրուսայի նահանգի Նիկոմիդիոյ գաւառակի, Պարտիզակ աւանի՝ Բիւթանիոյ բարձրագոյն վարժարանին մէջ։ 1902-1906 թուականներուն ուսանած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինէն ներս։ 1908-1909 թուականներուն վիրաբուժութեան եւ մանկաբարձութեան մէջ կատարելագործուելու նպատակով յաջորդաբար եղած է Փարիզի եւ Լոնտոնի բժշկական խոշորագոյն հաստատութիւններուն մէջ։1909 թուականին, վերադառնալով Կ. Պոլիս, որպէս վիրաբոյժ եւ մանկաբարձ աշխատած է։ 1914 թուականի դրութեամբ եղած է անուանի եւ հարգուած բժիշկ՝ Կ. Պոլսոյ բազմազգ բնակչութեան շրջանակէն ներս։
Գրական-ստեղծագործական աշխատանքներով աշխատակցած է «Մանզումէի էֆքեար»-ին եւ պրոֆէսոր Յակոբոս Ճէճիզեանի հրատարակած «Բիւրակն»-ին, իսկ «Բժիշկ»-ի հրատարակումէն սկսած՝ եղած է անոր կանոնաւոր աշխատակիցը։ Գրած է ընկերային եւ առողջապահական բնոյթի յօդուածներ, որոնք ընթերցողները մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացած են։ Կոշհիսարի թաղապետական բժիշկ աշխատած է։
Մահացած է 1916 թուականին, Կոշհիսարի մէջ, ժանտախտէ՝ 31 տարեկան հասակին։ Այլ տուեալով՝ սպանուած է Տէր Զօրի ճամբուն վրայ։
Աշխատութիւնները
Խմբագրել- Առողջապահութիւն կամ հիւանդ չըլլալու արուեստը, Առողջապահական դասագիրք նախակրթարաններու համար։
- Սիրոյ զոհը, Վահան Ղազարեանի «Բժշկական եւ առողջապահական տարեցոյց» գիրքին մէջ, Կ. Պոլիս, 1914։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Ղազարեան Վահան, Բժշկական եւ առողջապահական տարեցոյց, Կ. Պոլիս, 1914։
- Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
- Քէստենեան Հրաչ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Շրջանաւարտ Եւ Մեծ Եղեռնին Նահատակուած Հայ Բժիշկներ, «Ազդակ», 01-11-2012։
Աղբիւր
ԽմբագրելՅարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։