Սարգի Մուրատեան

Սարգի Մուրատեան (15 Նոյեմբեր 1931, Պէյրութ - 10 Փետրուար 2022, Լոս Անճելըս), շարժանկարի եւ հեռուստատեսիլի հանրածանօթ արտադրիչ եւ բեմադրիչ, երաժիշտ եւ դերասան:

Սարգի Մուրատեան
Ծնած է Նոյեմբեր 15, 1931ին
Ծննդավայր Պէյրութ
Մահուան վայր Լոս Անճելըս
Քաղաքացիութիւն ԱՄՆ
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն Պատկերասփիւռի հայերէնով առաջին յայտագիրներ արտադրիչ, Երաժիշտ, բեմադրիչ, դերասան, երգերու եւ թատերգութիւններու հեղինակ
Մասնագիտութիւն Շարժանկարի եւ հեռուստատեսիլի արտադրիչ
Գործունէութիւն Բեմադրած է՝ «Սասունի Զաւակներ» (1973), «Երջանկութեան Արցունքները» (1975), «Սիրոյ Խոստում»ը (1978), «Մուսա Տաղի 40 Օրերը» (1982), «Ալիսիա» (2002) եւ այլ ֆիլմեր։

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Մուրատեան ծնած է Պէյրութ։ Փոքր տարիքէն երաժշտութեան եւ թատրոնի մէջ մտած է։ Յօրինած է զանազան ժողովրդական երգեր եւ բեմադրած՝ թատրերգութիւններ, նաեւ ինքն ալ դերեր ստանձնելով։

1955-ին փոխադրուած է Պոսթըն՝ երաժշտական հմտութիւնը զարգացնելու համար, իսկ 1960-ին՝ Լոս Անճելըս, հետեւելով «Արուեստներու թատրոն»ի դասընթացքներուն. ապա հոն դերեր ստանձնած է եւ աշխատած շարժապատկերի բնագաւառէն ներս։

Քանի մր տարի ետք պատրաստած է իր առաջին շարժանկարը, 1965-ին՝ «Պաղտասար Աղբար»ը, լայն ժողովրդականութիւն ապահովելով։ Ապա բեմականացուցած է այլ շարժանկարներ՝

  • «Սասունի Զաւակներ» 1973-ին,
  • «Երջանկութեան Արցունքները» 1975-ին,
  • «Սիրոյ Խոստում»-ը 1978-ին,
  • «Մուսա Տաղի 40 Օրերը» 1982-ին,
  • «Ալիսիա» (2002) եւ այլ ֆիլմեր։

Մուրատեան 1978-ին հաստատած է «Հայկական Հեռուստաժամ» (Armenian Teletime) յայտագիրը։

Պատկերասփիւռի հայերէնով առաջին յայտագիրները արտադրած Սարգի Մուրատեան նաեւ շարժապատկերներ արտադրած ու բեմադրած է, հեղինակած է երգեր եւ թատերգութիւններ, ինչպէս նաեւ դերասանութիւն կատարած է։

Պարգեւներ

Խմբագրել

Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը զինք մեծարած է, 2016-ին ։

Աղբիւրներ

Խմբագրել