Սարեկիկ
Սարեկիկ, կարմրակուրծիկ (լատ.՝ Pyrrhula pyrrhula), ճնճղուկազգիներու կարգի սերինոսներու ընտանիքի թռչուն։ Նստակեաց է, քիչ տարածուած։
Արտաքին տեսք
ԽմբագրելՄարմնի երկարութիւնը 14,5-16սմ է, թեւերու բացուածքը՝ 22-29սմ, կշիռքը՝ 25-29գկ։ Մարմինը գէր է, կտուցը՝ հաստ, մուգ գոյն, գօտկատեղը եւ ներքնապոչը՝ ճերմակ։ Կզակը, թեւերը եւ պոչը սեւ են, թեւի միջին հատուածին մէջ կայ բաց մոխրագոյն շերտ մը։ Արուի մարմինը ներքեւի կողմէն եւ դէմքի ստորին մասը մուգ վարդագոյն են, մէջքը՝ մոխրագոյն։ Էգի մէջքը սրճամոխրագոյն է, մարմինը ներքեւէն՝ խամրած նարնջագոյն-սրճագոյն։ Երիտասարդը նման է էգին, սակայն գլուխը եւ թեւաշերտերը միատարր դեղնաւուն սրճագոյն են։ Սովորական սարեկիկները կը հանդիպին զոյգերով կամ փոքր խմբերով, կը պահուըտին ցած հասակով խիտ բոյսերու մէջ։
Տարածում
ԽմբագրելՏարածուած է Եւրոպայի, Ասիայի, նախկին ՍՍՀՄ-ի անտառային բաժիներուն մէջ (բացի հիւսիսային մասէն) եւ Կովկասի փշատերեւ լեռնային անտառներուն մէջ։
Հայաստանի մէջ տարածուած են սովորական եւ անապատային սարեկիկները։
Կը բնակի սաղարթախիտ եւ խառնանտառներու մէջ, անտառապատ գետահովիտներուն մէջ։
Կենսակերպ
ԽմբագրելԿը սնանի սերմերով, բոյսերու բողբոջներով, որոշ անողնաշարաւորներով։ Արուներու վաղ գարնանային երգը (ոչ յաճախ կ'երգեն նաեւ էգերը) եւ հարսանեկան զոյգերու ձեւաւորումը տեղի կ'ունենայ Փետրուար 2-րդ կիսուն։ Հաւկիթ ածելու ժամանակաշրջանին պատրաստ բները կը գրանցուին Մարտի կէսերէն Մայիս-Յունիս։ Բոյնը գաւաթաձեւ է՝ բարակ ճիւղերով։ Կը բնադրէ խիտ թուփերու կամ ծառերու մէջ։ Կը տեւէ 21մմ, բաց կապոյտ՝ սրճագոյն պուտերով ու գծիկներով 4-5 հաւկիթ։ Կը թխսաքայլ էգը՝ 13-15 օր։ Դիլիջանի «Սոճուտ» թխսաքալող էգերը կը դիտեն Ապրիլի 2-րդ կիսուն։ Ձագերը կը յայտնուին Ապրիլի վերջին տասնօրեակին մէջ, բոյնէն դուրս կու գան 2 շաբթուայ համար, կը կերակրեն ծնողները։ Յուլիսի ընթացքին կը ձեւաւորեն թռիչքին լաւ տիրապետող երիտասարդ եւ հասուն թռչուններէն կազմուած խումբեր ու մեծ երամներ։ Գունագեղ փետրաւորման, անազատ պայմաններուն արագ ընտելանալու շնորհիւ գեղագիտական որոշակի արժէք կը ներկայացնէ թռչնասէրներու շրջանին մէջ։