Սեդա Բալեան-Տէր Յակոբեան (1933)(ծն.՝1933,Պաքու), հայ գրագետ

Սեդա Բալեան
Ծնած է 1933
Ծննդավայր Պաքու
Քաղաքացիութիւն Պաքու, Իրան, Թեհրան եւ Ամերիկայ
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ազդած է Հայ ժողովուրդը
Մասնագիտութիւն

Post Doctoral Studies
Ստացած է համապատասխան

վկայագիր International Health and Nutrition Education մարզին մէջ
Ամուսին Բաբգէն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Պաքու, Ղարապաղցի ծնողներէ։ 1935-ին, համայնավարութեան իշխանութենէն ընտանեօք խոյս տուած՝ եւ ապաստանած են Իրան, ապա հաստատուած՝ Թեհրան: 1979-ին Փետր. 9-ի իսլամական Տեղափոխութեան պատճառով կը թողու իրանը եւ ընտանեօք կը հաստատուին ԱՄՆ։ Ամերիկայի մէջ կը հրատարակէ երեք հատոր հայերէն գիրքեր.

Դպրոցական կեանք

Խմբագրել

Աւարտած է պարսիկներու Նուրբաիւշ օրիորդաց միջնակարգ դպրոցը, բարձրագոյն նիշերով։ Հայերէնը սորված է մասնաւոր դասերով եւ ինքնաշխատութեամբ։ Վկայուած է թեհրանի բժշկական համալսարանէն, ստանալով Մագիստրոսի ապա Դոկտորայի տիտղոսները։ Որպէս պրոֆէսօր դասաւանդած է բժշկական, կենսագիտական եւ առողջապահական գիտութիւններ, Թեհրանի ուսուցչակըրթական համալսարանին մէջ, ուր ի միջի այլոց ստանձնած է համալսարանի բուժարանին ընդհանուր կառավարիչի եւ տնօրէնի պաշտօնը։ Հեղինակած եւ հրատարակած է բազմաթիւ գիտական գիրքեր, ուսումնասիրութիւններ ու յօդուածներ պարսկերէն, ֆրանսերէն, Անգլերէն եւ Հայերէն լեզուներով։ 1976-ին Թեհրանի համալսարանին կողմէ տարուան մը համար ուղարկըւած է ԱՄՆ-ի U.C.L.A. համալսարանը ուր կատարած է ուսումնասիրութիւններ (Post doctoral Studies), International Health and Nutrition Education մարզին մէջ եւ ստացած է համապատասխան վկայագիր։

Իր գործերը

Խմբագրել

Պատմութիւն Իրանահայերի, իր ամուսնոյն Բաբգէնի գործակցութեամբ (1985), Կանայք Երրորդ Աշխարհամարտից (1988) եւ Հինաւուրց Հեքիաթներ (1991)։ Այս գիրքերուն ամբողջ հասոյթը նուիրուած է Հայաստանի երկրաշարժէն որբացած երախաներու ֆոնտին։ Ունի նաեւ բազմաթիւ գրութիւններու եւ յօդուածներու հաւաքածոյ մը որոնք պիտի ամփոփուին առանձին հատորի մը մէջ։ Այժմ կ՚աշխատակցի տեղւոյն հայ ու պարսիկ մամուլին։ Ս. Բ. Տէր Յակոբեան գիտէ շահեկան դարձնել իր պատմուածքները, զանոնք իրապաշտօրէն տալով, ինքնաբուխ եւ սահուն ոճով մը։ Իր ստեղծած տիպարները իրենց դրական եւ ժխտական կողմերով, մտահոգութիւններով եւ նկարագրի հակասութիւններով ընթերցողը միշտ լարուած ուշադրութեան մէջ կը պահեն։ Պատմուածքը յաճախ անակնկալ բայց տպաւորիչ վերջաւորութիւն մը կ՛ ունենայ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։