Սեպիլի Պարտէզ
Սեպիլ այգի, Սեպիլի այգին Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի 2-րդ մեծ այգին է (հանրային այգի)։ Կը գտնուի Սեպիլ թաղամասի հիւսիս արեւմուտքը։ Այգին բացուած է 1896-ին։ Այգիին մէջ կային երեխաներու համար օրօրոցներ եւ սահնակներ, ճաշարաններ, սրճարաններ․ ինչպէս նաեւ՝ վանդակուած կապիկներ, նապաստակներ, թռչնազգիներ եւ աւազանի մէջ լողացող բադեր ու սագեր[1]:
1915-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով գաղթական հայերը երբ որ հասան Հալէպ, Սեպիլը դարձաւ անոնց վրանաքաղաքը, ուր կրցան պատսպարուիլ որոշ ժամանակով: