Սեպուհ Արք. Սարգիսեան

Ասիայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Յանձնախումբի անդամ
Սեպուհ Արք. Սարգիսեան
Ծնած է 26 Հոկտեմբեր 1946
Ծննդավայր Գամիշլի, Սուրիա
Մայրենի լեզու հայ
Կրօնք Առաքելական
Ուսումնավայր Սեն Ժոզէֆ համալսարան
Պիրմինկհամ Համալսարան
Մասնագիտութիւն «Իսլամութիւն եւ իսլամ-քրիստոնեայ կրօններու յարաբերութեան պատմութիւն» կաճառ. վկայական MA, «Արաբական գրականութեան եւ իսլամական փիլիսոփայութիւն»
Գործունէութիւն Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
Աշխատավայր Քարէն Եփփէ ճեմարանի կրօնագիտութեան եւ հայ գրականութեան դասախօս, Հալէպ
Վարած պաշտօններ արքեպիսկոպոս?[1]
Ծնողներ Օհան Սարգիսեան
Ալի Յունեսի, Սեպուհ Սարգիսեան, 13 Սեպտեմբեր 2016թ, Արարատ մարզադաշտ
24 Ապրիլ 2017թ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Սեպուհ Արք. Սարգիսեան ծնած է Ճուխա՝ Գամիշլիի մերձակայքը եղող հայաբնակ գիւղը, 26 Հոկտեմբեր 1946-ին. նախակրթարանի ուսումը ստացեր է Գամիշլիի Ազգ. Եփրատ Վարժարանին մէջ: 1959-1961-ին եղեր է Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ եւ Զաւարեան պատանեկան միութեան պատանի[2]:

1961-ին մտեր է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանք. 1965-ին սարկաւագ ձեռնադրուեր է ձեռամբ Գարեգին Եպս. Սարգսեանի (Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 1977-1995 եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս 1995-1999). 1968-ի Յունիս 16-ի չորս դասընկերներով՝ Պետրոս, Սարգիս, Վարուժան եւ Տիգրան կը ձեռնադրուին Աբեղայ վերակոչուելով Արամ (Այժմ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) Խաժակ, Հրայր եւ Սեպուհ ձ‎եռամբ հանգուցեալ Տ. Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի (Առաջնորդ Լիբանանի Թեմի): 1969-1970 ուսանող Սէն ԺոզէՖ համալսարանին մէջ՝ Պէյրութ հետեւելով Արաբական գրականութեան եւ իսլամական փիլիսոփայութեան: 1971-ի Փետրւար 14-ին վարդապետական մասնաւոր իշխանութիւն կը ստանայ ձեռամբ երջանկայիշատակ Տ.Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսի. վարդապետական իր թեզն էր «Արաբ Քրիստոնեայ բանաստեղծները Ե.Ը դարերուն»[2]:

  • 1970-1974 հոգեւոր հովիւ Պասրա-Իրաք: Այս շրջանին թէ կը դասաւանդէր հայերէն, հայոց պատմութիւն եւ կրօն եւ թէ կը վարէր հոգեւոր հովիւի իր պարտակակնութիւնը:
  • 1974-1977 Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանի կրօնագիտութեան եւ հայ գրականութեան ուսուցիչ.
  • 1975-1977 տեղւոյն հայ ծերանոցի խնամակալութեան ատենապետ եւ Առաջնորդական Փոխանորդ Բերիոյ հայոց թեմի: 1977-ի վերջերը վերադարձ Անթիլիաս. 1978-ի Մարտին կը նշանակուի Հայոց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վարիչ Տնօրէն:
  • 1979-1981 ուսանող Պիրմինկհամ-Անգլիա, ուր ուսանեցաւ Իսլամութիւն եւ իսլամ-քրիստոնեայ կրօններու յարաբերութեան պատմութիւն. երկուք ու կէս տարոււան իր ուսումնառութեան շրջանին, իր գլխաւոր ճիւղի կողքին կը հետեւէր նաեւ աստուածաբանական լսարաններուն, Պիրմինկհամի համալսարանի համանուն կաճառին մէջ. ստանալու MA.ի վկայական.
  • 1985-ի Յունիսի 2-ին կը ստանայ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան, իսկ 1997-ի Յունիսի 22-ին Եպիսկոպոսական աստիճան՝ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի:
  • 1990-1991 Երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի հրաւէրով Ս. Էջմիածնի մէջ կ'աշխատի եւ կը կազմակերպէ կիրակնօեայ դպրոցներ, ուսուցիչներու պատրաստութեան յատուկ լսարաններ եւ ընդհանրապէս զարկ կու տայ քրիստոնէական դաստիարակութեան: Խորան լուսոյ, յայտագիրի ծնունդին մէջ մեծ դեր ունեցեր է:
  • 1992-էն 1998 կաթողիկոսական փոխանորդ Դամասկոսի թեմի. այս շրջանին կ'աշխուժացնէ յատուկ յարաբերութիւններ պետական շրջանակներու հետ եւ այդ յարաբերութիւններու շնորհիւ Դամասկոսի եկեղեցապատկան կալուածները, որոնք Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սեփականութիւնն էին, կրկին կը վերադարձուին իրաւատիրոջ:
  • 1998-ի կաթողիկոսական փոխանորդ Քուէյթի եւ Պարսից Ծոցի երկիրներու:

1999-ի 26 Հոկտեմբերին Առաջնորդական տեղապահ կ'ընտրուի Թեհրանի Հայոց Թեմի եւ 1999-ի Դեկտեմբերի 26-ին կը ժամանէ Թեհրան եւ կը ստանձնէ իր նոր պարտականութիւնը: Յունիս 6, 2000-ին Թեհրանի Հայոց Թեմի Պատգամաւորական Ժողովը միաձայնութեամբ Առաջնորդ կ'ընտրէ Սեպուհ Եպս. Սարգսեանին:

  • 1978-էն ի վեր Միջ-Եկեղեցական գործունէութիւն ունեցեր է, թէ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու Խորհուրդի կեանքին մէջ, թէ եկեղեցիներու համաշխարհային Խորհուրդին եւ թէ Ասիոյ եկեղեցիներու Խորհուրդին մէջ[2]:

Արքութեան տիտղոս ստացեր է Մայիս 2003-ին:

Մասնակցութիւն եւ Անդամակցութիւն

Խմբագրել
  • Սեպուհ Արք. Սարգիսեան մասնակցեր է Եկեղեցիներու համաշխարհային Խորհուրդի ընդհանուր համաժողովին, Հարարէու, Զիմպապուէ, 1998-ին, Փորթօ Ալէկրէի, Պրազիլ 2006-ին, եւ Միջին Աեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր ժողովներուն 1990, 1994, 1999, 2003, 2007 եւ 2011.
  • Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Համաժողովի Քուալալամբուր-Մալիզիա, 2010:
  • 1984-էն ի վեր Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Հաւատք եւ Միութիւն միաւորի անդամ:
  • 1990-էն ի վեր անդամ ՄԱԵԽ-ի գործադիր Մարմնի անդամ ու նաեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Քրիստոնեայ-իսլամ Երկխօսութեան Յանձնախումբի անդամ:
  • 1998-էն ի վեր անդամ Միջին Արեւելքի Ուղղափառ երեք Եկեղեցիներու՝ Ղպտի, Ասորի եւ Հայ մնայուն Յանձնախումբի:
  • 1986-ական թուականներէն կը մասնակցի միջազգային շրջանային եւ տեղական բազմաթիւ սեմինարներուն եւ դասախօսութիւններ կարդացեր է անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով:
  • Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ծիրին մէջ մասնակցեր է միջազգային բազմաթիւ սեմինարներու:
  • Անդամակցեր է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան առընթեր կրօններու միջեւ Երկխօսութեան Խորհրդատու Մարմնի եւ Միջազգային Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովին:
  • 2019-ին, 16-էն 19 Յուլիս, Մասնակցած է Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան Ժողովին, Քամպոտիոյ մայրաքաղաք Փնոմ-Փենի մէջ[3]:

Անդամ է Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Յանձնախումբին[2]:

ՀԵՂԻՆԱԿԱԾ ԳԻՐՔԵՐԸ

Խմբագրել
  • Հոգեյոյզ ցոլքեր 4 հատոր:
  • Բարձրեալին կտակը:
  • Կիրակնօրեան օրրան հայ մանուկի:
  • Քառասնօրեայ պահքն ու Ս. Յարութեան Տօնը:
  • Հայաստանեայց Եկեղեցի ծագումն, զարգացումը Ա-Դ դարեր:
  • Հայաստանեայց Եկեղեցի երէկ եւ այսօր. Արաբերէն լեզուով:
  • Խղճիս պարտքը Առաքելութեանս սեմին[2]:

ՀԵՂԻՆԱԿԱԾ ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐԸ

Խմբագրել
  • Քրիստոնէական
  • Հայ Եկեղեցու պատմութիւն

Խմբագրեր եւ տպեր է «Նոր Դրազարկ» ամսաթերթը 1984-1999: «Նոր Դրազարկ»ը պաշտօնական ամսաթերթն էր Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցներուն.

Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ ընտրուելէն ի վեր Սեպուհ Սրբազանը ամենայն բծախնդրութեամբ ու նախանձախնդիր ոգիով լծուած է աշխատանքի կազմակերպչական, դաստիարակչական, հրատարակչական եւ հովուական այցելութիւններու բնագաւառին մէջ: Յատուկ աշխատանք կը ծաւալէ Միջ-Եկեղեցական, Միջ-Կրօնական Յարաբերութիւններու շրջագծին մէջ թէ տեղական եւ թէ շրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ: Առաջնորդի գործունէութեան մէկ կարեւոր երեսը կը կազմէ երիտասարդութիւնն ու երիտասարդութեան յատուկ սեմինարներու կազմակերպութիւնը:

Առաջնորդական իր պարտաւորութիւններու կողքին մեծ զարկ տուած է հրատարակչական աշխատանքներուն: Անցեալ տարիներուն աւելի քան 130 տեսակ գրական, աստուածաբանական, եկեղեցագրական, աստուածաշնչական, հոգեւոր աղօթքներու եւ մանուկներու յատուկ գիրքեր հրատարակուեր են իր անմիջական հովանաւորութեամբ:

Ամէն տարի Թարգմանչաց տօնին առիթով կը կազմակերպէ Հայ Գիրքի ցուցահանդէս, որ մեծ խանդավառութիւն կը յառաջացնէ գաղութի կեանքին մէջ:

Առաջնորդ Սրբազանի ջանքերուն շնորհիւ Առաջնորդարանի մէջ հաստատուեցան երեք նոր՝ «Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբ», «Միջ-Եկեղեցական Յարաբերութիւններու եւ Երիտասարդութեան յատուկ Յանձնախումբ», ինչպէս նաեւ յարանուանական բնոյթ ունեցող «Միջ-Եկեղեցական Հրատարակութեան Գրասենեակ»[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել