Սերօ Աբրահամեան

Սերօ Աբրահամեան (13 Յուլիս 1925(1925-07-13), Աշան, Մարտունու շրջան, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ, Ազրպէյճանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն, Անդրկովկասի ԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն - 12 Յուլիս 2000(2000-07-12), Սեւան, Գեղարքունիքի մարզ, Հայաստան), հայ բանաստեղծ, արձակագիր եւ Գրողներու միութեան անդամ։

Սերօ Աբրահամեան
Ծնած է 13 Յուլիս 1925(1925-07-13)
Ծննդավայր Աշան, Մարտունու շրջան, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ, Ազրպէյճանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն, Անդրկովկասի ԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն
Մահացած է 12 Յուլիս 2000(2000-07-12) (74 տարեկանին)
Մահուան վայր Սեւան, Գեղարքունիքի մարզ, Հայաստան
Մասնագիտութիւն արձակագիր, բանաստեղծ
Անդամութիւն Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն եւ Հայաստանի Գրողներու Միութիւն
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն

Կեանք եւ գործունէութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Արցախի Մարտունի շրջանի Աշան գիւղը։ Աբրահամեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա ընդունուած Ղզղալա գիւղի դպրոց:

Ան 16 տարեկան հասակին կորսնցուցած է լսողութիւնը, այդ իսկ պատճառով ուսումը կիսատ ձգելով ինքնաշխատութեամբ լաւապէս տիրապետած է մայրենի լեզուին:

Նկատի ունենալով ունեցած սէրը գիրքին ու գրականութեան հանդէպ, 1949-1963 թուականներուն ստանձնած է գիւղի դպրոցական գրադարանի, ինչպէս նաեւ մշակութային տան վարիչի ու տնօրէնի պաշտօնը:

1964 թուականին մաս կազմած է Պաքուի մէջ հրատարակուող «Կոմունիստ» հայկական թերթի խմբագրութեան[1]։ Բանաստեղծը Պաքուի մէջ բնակութիւն հաստատած է մինչեւ 1990 թուականը, ապա վերադարձած է Հայրենիք եւ բնակութիւն հաստատած Սեւանի մէջ:

Վերադառնալով Հայրենիք, Աբրահամեան խուլերու եւ համրերու համար սկսած է հրատարակել «Խաղաղ աշխարհ» թերթը:

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Աբրահամեան հեղինակ է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններու եւ արձակ գրութիւններու։ Անոր հրատարակուած աշխատութիւններէն են․

  • «Իմ ստորագրութիւնը»,
  • «Ներշնչանք»,
  • «Լեռնային վտակ»,
  • «Լեռներ իմ լեռներ»,
  • «Ծարաւ» եւ այլ աշխատութիւններ:

Աբրահամեան գրի առած է նաեւ Արցախեան հերոսներու կենսագրութիւններ, ինչպէս նաեւ Արցախեան ազատամարտի դրուագներ: Ան իր գրութիւնները հրատարակած է «Գրական Թերթ», «Ազատ Արցախ», «Սեւան» եւ այլ պարբերականներու մէջ[2]:

Բանաստեղծը թաղուած է ծննդավայր Արցախի մէջ, Աշան գիւղը[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Գրական տեղեկատու։ Երեւան: «Սովետական գրող»։ 1986։ էջ էջ 20։ 
  2. «ՍԵՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ (1925-2000)»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-07-25 
  3. «Սերօ Աբրահամեանի կենսագրականը AV Production»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-04-11-ին։ արտագրուած է՝ 2022-07-25