Սեւ Կատու (շաբաթաթերթ)
Գրական-երգիծական պատկերազարդ շաբաթաթերթ։
«Սեւ կատու», գրական-երգիծական պատկերազարդ շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1912-1913 թուականներուն, Կոստանդնուպոլիս։ Խմբագրապետ՝ Երուանդ Օտեան, արտօնատէր՝ Գալֆայեան։
Սեւ Կատու | |
---|---|
Տեսակ | շաբաթաթերթ |
Հիմնադրուած է | 1912 |
Հրատարակման վայր | Կոստանդնուպոլիս |
«Կատուներու վեհաժողովը» այլաբանական թերթօնին մէջ (N2, 1912) պոլշեւիկեան գաղափարախօսութեան դիրքերէն քննադատած է եւրոպական դիւանագիտութեան դիրքը՝ հայոց հարցի շուրջ։ Ծաղրած է հայոց պատրիարքարանի գործունէութիւնը։
Շաբաթաթերթին թիրախը եղած է երիտասարդութեան մէջ առկայ օտարամոլութիւնը եւ այլ «վատ բարքեր»ը։ Պարբերականին մէջ հիմնականօրէն տեղ գտած են Օտեանի երգիծական գործերը։
Աշխատակցած են Ակայեանը, Ա․ Անտոնեանը, Թէքէեանը, Պարսամեանը, Կիւրճեանը։