Սիլաշիի բազմանիստ

Սիլաշիի բազմանիստ
Ծաւալային պատկեր
Փռուածք

Սիլաշիի բազմանիստ (հունգարերէն՝ Szilassi-poliéder)՝ ոչ ուռուցիկ, թորին տեղայնաբանօրէն համարժէք բազմանիստ է: 1977-ին անիկա յայտնագործած հունգարացի թուաբանագէտ Լայեոշ Սիլաշիի (հունգարերէն՝ Lajos Szilassi) անունով է:

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

Սիլաշիի բազմանիստը եօթը նիստերէն կազմուած է, որոնցմէ իւրաքանչիւրը միւս բոլորին հետ ունի ընդհանուր կող մը: Նոյն յատկութիւն ունեցող միակ այլ բազմանիստը քառանիստն է: Որպէս հետեւանք, ճիշդ գունաւորելու համար (անանկ, որ հարեւան նիստերն ըլլան տարբեր գոյներով) եօթը գոյն անհրաժեշտ է:
Ունի 14 գագաթ եւ 21 կող:[1] Նիստերու երեք զոյգերը նոյնական են, եօթներորդ նիստն ունի բազմանիստի նոյն պտտման առանցքը:

Նիստերու Ամբողջական Հարեւանութիւն

Խմբագրել

Որեւէ երկու նիստի հարեւանութեամբ օժտուած  -նիստանի (face) բազմանիստի անցքերու   (hole) քանակը կրնայ ստացուիլ Էյլերի բնութագրիչի բանաձեւէն՝
 
Այս հաւասարումը բաւարար է քառանիստի համար, ուր   եւ  , ինչպէս նաեւ Սիլաշիի բազմանիստի համար, ուր   եւ  :

Յաջորդ հնարաւոր լուծումն է՝   եւ  , որ կը համապատասխանէ 44 գագաթ եւ 66 կող ունեցող բազմանիստի մը, սակայն տակաւին յայտնի չէ՝ ատանկ տուեալներով երկրաչափական մարմին գոյութիւն ունի՞, թէ՞ ոչ։ Ընդհանրապէս՝ սա հաւասարումը կրնայ բաւարարել միմիայն, երբ  -ը 12-ի բաժնելով կը ստացուի 0, 3, 4, կամ 7 մնացորդ[2]։

Արտաքին Յղումներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել