Սիմոն Քիւփէլեան

հայ բժիշկ

Սիմոն Քիւփէլեան Սերոբի (1885, Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ բժիշկ։

Սիմոն Քիւփէլեան
Ծնած է 1885
Ծննդավայր Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահուան վայր Պաղտատ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Կրթութիւն

Այնթէպի Կեդ­րո­նա­կան Թուր­քիոյ գո­լէճ,
Տարսոնի Սէյնթ Փօլ գո­լէճ,

Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Կոչում Սպայ
Ծնողներ Սերոբ Քիւփէլեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1885 թուականին Հալէպի նահանգի, Մարաշի գաւառի կեդրոն՝ Մարաշ քաղաքին մէջ, վարպետ դերձակ Սերոբ Քիւփէլեանի ընտանիքին մէջ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրէն ներս, այնուհետեւ ուսանած է ամերիկացի մի­սի­ո­ներ­ներու Այնթէպի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճին մէջ։ 1906 թուականին աւարտած է ամերիկացի միսիոներներու Տարսոնի Սէյնթ Փօլ գոլէճը, 1910 թուականին՝ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինը եւ ստացած՝ բժիշկի վկայական։ 1910-1915 թուականներուն Մարաշի մէջ որպէս բժիշկ աշխատած է։

1915 թուականի ամրան՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, ի թիւս բազմաթիւ հայ բժիշկներու, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած՝ սպայի աստիճանով։ 1915 թուականին հազարաւոր հայ ընտանիքներու կարգին, անոր ընտանիքը եւս աքսորուած է Տէր Զօրի անապատը։ Բժիշկը, ըլլալով թուրքական բանակի սպայ, մեծ դժուարութեամբ կարողացած է ընտանիքը փրկել ողջակիզուելէ։ Ծառայութեան բերումով ուղարկուած է Պաղտատի ռազմաճակատ եւ իր բախտակից հայ բժիշկներուն նման թուրքերու կողմէն գնդակահարուած է։

1918 թուականին ընտանիքը վերադարձած է հայրենի «Քահրաման Մարաշ» եւ իրենց տունը գտած է աւերուած։ Անկէ ետք ընտանիքը որոշած է տեղափոխուիլ ԱՄՆ։ Ամուսնացած է՝ ազգութեամբ յոյն, Մարիին հետ։ Որդին՝ Նեսիպ Սիմոնի Քիւփէլեան (1886, Մարաշ - անյայտ, ԱՄՆ), եղած է բժիշկ եւ բնակած ԱՄՆ։ Միւս որդին՝ Վահէ Սիմոնի Քիւփէլեան (1912, Մարաշ - 1988, Ուաշինկթըն), եղած է ամերիկեան ռազմական խորհրդատու եւ ղեկավարած է ինքնաթիռներու ու բաղիստրական հրթիռներու ստեղծումը։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Գալուստեան Գրիգոր Հ., Մարաշ, Նիւ Եորք, 1934։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
  • Գալուստեան Գրիգոր Հ., Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն, Նիւ Եորք, 1988։

Աղբիւր

Խմբագրել

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։